Երէկ` երեքշաբթի, 7 ապրիլին, տեղի ունեցաւ Այն Սաատէի վրայ իսրայէլեան օդուժի յարձակումին զոհ դարձած Փիեռ Մուաուատի եւ անոր կնոջ` Ֆլաւիայի յուղարկաւորութիւնը: Թաղման բազմամարդ թափօրը անցաւ Պուրճ Համուտի Արմենիա պողոտային` յուզումի եւ ցասումի մթնոլորտի մէջ: Թափօրին անցած ժամանակ շրջանին մէջ խանութները եւ հաստատութիւնները իբրեւ սուգի արտայայտութիւն փակ մնացին:
Երբ յուղարկաւորութեան թափօրը հասաւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետարան, Պուրճ Համուտի քաղաքապետական խորհուրդը` գլխաւորութեամբ քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեանի, քաղաքապետութեան պատասխանատուներն ու պաշտօնեաները եւ քաղաքապետութեան ոստիկանական բաժանմունքի աշխատակիցները իրենց յարգանքի վերջին տուրքը մատուցեցին Փիեռ Մուաուատին, որ աւելի քան երկու տասնամեակէ ի վեր կը ծառայէր իբրեւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան ոստիկան:
