ՀՅԴ-ի Թեկնածուն Նշանակուեցաւ Մարզական-Սկաուտական Երիտասարդական Կառոյցներու Պետական Հաստատութեան Անդամ

Լիբանանի կառավարութիւնը 2 ապրիլ 2026-ին վարչապետարանին մէջ իր գումարած ժողովին նշանակեց Մարզական-սկաուտական-երիտասարդական կառոյցներու պետական հաստատութեան անդամները, որոնց շարքին` ՀՅԴ-ի թեկնածու Վաչէ Նաճարեան:

Վաչէ Նաճարեան իր Ճարտարագիտութեան պսակաւոր արուեստից վկայականը (BE) ստացած է Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանէն` մեքենագիտական ճարտարագիտութեան մասնագիտութեամբ, իսկ Ճարտարագիտական կառավարման մագիստրոսի վկայականը (MEM)` նոյնպէս Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանէն:

Ներկայիս կը հետեւի Գործարարութիւն կառավարման դոկտորականի (DBA) ծրագիրին` Սան Ֆրանսիսքոյի Կոլտըն Կէյթ համալսարանին մէջ:

Շրջանաւարտ է Համազգայինի Նշան Փալանճեան Ճեմարանի:

Արհեստավարժ փորձառութեան ծիրին մէջ, ան կը պաշտօնավարէ իբրեւ արհեստագիտական եւ համակարգերու բաժանմունքի գլխաւոր տնօրէն (Chief Technical & Systems Officer)` GANDOUR ընկերութիւններու խմբակին մէջ, Լիբանանի, Սէուտական Արաբիոյ եւ Հնդկաստանի մէջ գործունէութեամբ: Այս պաշտօնին մէջ ան կը ղեկավարէ ընկերութեան ճարտարագիտական ռազմավարութիւնը, գործառնական գերազանցութեան նախաձեռնութիւնները, նոր գործարաններու կառուցումը եւ արհեստագիտական համակարգերու վերահսկողութեան ու կատարողութեան կառավարումը:

Փորձառութիւնը կը կեդրոնանայ արդիւնաբերական արտադրութեան ասպարէզին մէջ` մասնագիտանալով մատակարարման շղթայի կառավարման, ծրագիրներու վերահսկողութեան, որակի համակարգերու, արտադրական արդիւնաւէտութեան եւ կազմակերպչական փոխակերպումի մարզերուն մէջ:

Ունի մասնագիտական վկայականներ որակի կառավարման համակարգերու եւ մատակարարման շղթայի կառավարման մարզերուն մէջ:

Եղած է Հայ մարմնակրթական ընդհանուր միութեան (ՀՄԸՄ) Կեդրոնական վարչութեան անդամ եւ վարած է ատենապետի պաշտօնը: Ստանձնած է նաեւ տարբեր պաշտօններ միութեան մէջ:

Անդամ եղած է Էհրամճեան արուեստից վարժարանի եւ Ազգային միացեալ վարժարանի խնամակալութեան կազմերուն:

Անդամ է Լիբանանի հայոց թեմի Ազգային երեսփոխանական ժողովին:

Անդամ է Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի խնամակալ մարմինին:

Լիբանանի Սկաուտական ֆետերասիոնի վարչական կազմին անդամ է` ստանձնելով Լիբանանի արտաքին ներկայացուցչութեան (international commissioner) պաշտօնը եւ կազմակերպութիւններու հետ միջազգային յարաբերութիւններու կապը:

Եղած է ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ:

 

 

Leave a Comment