ԴՈԿՏ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ
«Պատերազմները կը դադարեցնէ մինչեւ երկրի ծայրը. աղեղը կը կոտրտէ ու նիզակը կը ջարդէ, կառքերը կրակով կ’այրէ»: Սաղմոս 46:9
«Եւ անով ամէնքը կը հաշտեցնէ իրեն հետ` խաղաղութիւն ընելով խաչին վրայ թափած իր արիւնովը, թէ՛ երկրի վրայ եւ թէ՛ երկնքի մէջ եղողները»: Կողոսացիս 1:20
Լեւ Թոլսթոյի նշանաւոր վէպը` «Պատերազմ եւ խաղաղութիւն», կը պատմէ Նափոլէոն Պոնափարթի մղած պատերազմներուն եւ Ռուսիա անոր կատարած մեծ ներխուժումին մասին: Վէպին մէջ եթէ մէկ կողմէ նկարագրուած են պատերազմական վիճակներ, նոյնքան ալ կը ներկայացուին ազնուական ընտանիքներու ճակատագիրները, երբ անոնք իրենց ընկերային կեանքի բարձր մակարդակներէն կ’իյնան մինչեւ պատերազմի դաշտի արհաւիրքներուն մէջ:
Վէպը իր էութեամբ փիլիսոփայական խորք ունեցող պատմութիւն մըն է, որ գեղարուեստական ոճով կը ներկայացնէ մեծ մարդոց սնապարծութիւնը. մարդիկ, որոնք կ’ապրին ներաշխարհային վերիվայրումներ` հասնելով մինչեւ հոգեւոր գիտակցութեան եւ կերպարանափոխութեան: Թոլսթոյ շատ ճարտար կերպով լոյսին կը բերէ մարդկային կեանքի փորձառութիւնները` ցոյց տալու համար, որ կեանքի իրական իմաստը ոչ թէ քաղաքական իշխանութեան կամ ռազմական փառքի մէջ է, այլ` սովորական կեանքի պարզ ու խճճուած գեղեցիկ յարաբերութիւններու եւ հոգիի առեղծուածային ներաշխարհին մէջ:
Այս իմաստով, Լեւ Թոլսթոյ կը գրէ ոչ միայն պատերազմի արհաւիրքին մասին, այլ նաեւ` մարդու հինցած «ես»-ը վերանորոգելու եւ վերստին ծնունդ առնելու գիտակցութեան: Ան իր գեղեցիկ պատկերներուն միջոցով կը փորձէ ներկայացնել կեանքի փոխուող իրավիճակները` պատերազմէն դէպի խաղաղութիւն, ինչ որ իր գագաթնակէտին կը հասնի, երբ իշխան Անտրէյ պատերազմի դաշտին վրայ, վիրաւոր վիճակի մէջ կ’ըսէ. «Այո՛, ամէն ինչ ունայնութիւն է, ամէն ինչ խաբէութիւն է` բացի այդ անհուն երկինքէն»:
Անհուն երկինքը, անշուշտ, հին մարդուն տեղափոխութիւնն է դէպի յաւերժականը` հոգեւոր ճշմարտութիւնը, որ ուղղահայեաց կերպով կը բարձրանայ դէպի երկինք, դէպի Քրիստոս:
Մարդկային կեանքի պատմութեան ամբողջ առանցքին պատերազմները չեն դադրած ու տակաւին կը շարունակուին մինչեւ այսօր: Մեղքը կը գործէ, եւ այն ալ` շատ ուժեղ: Այսօր աշխարհ դարձեալ մեղքի, այսինքն պատերազմի արհաւիրքին մէջ է. մահ, կոտորած, քանդում, տեղահանութիւն ու, տակաւին, վախ եւ սարսափ:
Աշխարհն այսօր վիրաւոր է: Ան կարիքն ունի վերյիշելու իշխան Անտրէյի խօսքը` նոյնիսկ իր վիրաւոր վիճակին մէջ. «Այո՛, ամէն ինչ ունայնութիւն է, ամէն ինչ խաբէութիւն է, բացի այդ անհուն երկինքէն»: Մեղքը սին է, փուճ ու ունայն. մեղքը կը քանդէ, բայց հոգեւոր ճշմարտութիւնը կը կառուցէ:
Անհրաժեշտ է մեր հայեացքները ուղղել դէպի երկինք, հոն, ուր խաղաղութեան ակունքն է: Այս խաղաղութիւնը կերտուեցաւ բացարձակ զոհողութեամբ: Աստուած մարդացաւ յանձին Քրիստոսի, որ աշխարհ եկաւ ու խաչուեցաւ, մահացաւ, բայց յարութիւն առաւ, որպէսզի խաղաղութիւն շնորհէ:
Քրիստոս այս խաղաղութիւնը կերտեց ու շնորհեց երկու մակարդակներով.
Առաջին` երբ Քրիստոս ցոյց տուաւ իր ուժը ոչ թէ քանդելով, այլ այդ քանդող մեղքը` պատերազմները դադրեցնելով, եւ այն ալ ամէնուրեք` մինչեւ «երկրի ծայրը»: Սաղմոսին մէջ ներկայացուած պատկերը, թէ «աղեղը կը կոտրտէ», ու «նիզակը կը ջարդէ», ցոյց կու տայ Աստուծոյ բացարձակ ուժը: Ներկայ աշխարհն ու անոր պատերազմները ի յայտ կը բերեն, թէ մարդը որքա՛ն ընդլայնած է իր ռազմական սպառազինութիւնը եւ որքա՛ն կ’ուզէ յենիլ մարդկային այս ուժին վրայ: Բայց սաղմոսի համարները կու գան հաստատելու, որ կայ մարդկային ուժէն շատ աւելի հզօր զօրութիւն մը, որ կրնայ աշխարհի ներկայ մեղքին` պատերազմական մագլցումներուն, հակադարձել եւ ամբողջական խաղաղութիւն ապահովել: Քրիստոսի ուժը շատ աւելի հզօր է, քան` մարդուն կուտակած ուժը:
Հարցումը սա է` մարդը պատրա՞ստ է ընդունելու Քրիստոսի ուժը:
Երկրորդ` Քրիստոս այս ուժը չգործածեց միայն մարդկային ռազմական կարողականութեան հակադարձելու համար, այսինքն` ուժին դէմ ուժ գործածելով: Ան Իր ուժը գործածեց մարդուն ներաշխարհը փոխելու եւ խաղաղութիւն շնորհելու համար: Ուժին դէմ` խաղաղութիւն: Քրիստոս Իր ամբողջական ուժը դրաւ խաչին վրայ` անարգուելով, չարչարուելով ու մահանալով, այսինքն` «արիւն թափելով», որպէսզի խաղաղութիւն բերէ:
Ներկայ աշխարհին մէջ, որ լեցուն է` պատերազմներով, քաղաքական, տնտեսական ու ընկերային մարտահրաւէրներով, Քրիստոսի շնորհած խաղաղութիւնը տիեզերքին կը պարգեւէ արմատական հաշտութիւն, որ վեր է ամէն տեսակ հաշուարկէ: Աստուած Քրիստոսի միջոցով ուզեց «ամէնքը» հաշտեցնել Իրեն հետ: Ան մարդը հաշտեցուց Իրեն հետ, որպէսզի ապա նոյն այդ մարդը կարենայ հաշտուիլ միւս մարդուն հետ:
Այս իմաստով, Քրիստոսի շնորհած նոր կեանքը` իր հոգեւոր ինքնութեամբ, միայն մարդուն ներքին կեանքին համար չէ, կամ իր անձնական պատեանին մէջ քաշուած իրականութիւն մը չէ, այլ համամարդկային ու համաշխարհային յարաբերութիւններու մէջ արդարութեան վերստեղծում է: Եթէ մարդը կը հաշտուի Աստուծոյ հետ, ան այլեւս չի կրնար մնալ իր «ես»-ի պատեանին մէջ: Քրիստոսի խաղաղութիւնը կամուրջ է, որ «ես»-ը կը կապէ «մենք»-ին, կը վերացնէ բախումները եւ կը ստեղծէ խաղաղութիւն` մարդկային կեանքերուն համար:
Այս խաղաղութիւնն է, որ իր ուղղահայեաց յարաբերութեան միջոցով կը կամրջէ երկիրը երկնքին: Մարդը խաղաղութիւնը կը ստանայ Աստուծմէ (ուղղահայեաց կապ) եւ կը բաժնէ զայն հորիզոնական տարածումով` մարդկային կեանքերու հետ: Ուղղահայեաց եւ հորիզոնական այս յարաբերութիւնները կը խաչաձեւուին իրարու հետ` ստեղծելով խաչի պատկերը, որուն կիզակէտը Քրիստոս է:
Իշխան Անտրէյը` Թոլսթոյի վէպի հերոսներէն մէկը, պատերազմի ընթացքին իր վիրաւոր վիճակին մէջ կրցաւ տեսնել, թէ իրական խաղաղութիւնը, որ մարդը կրնայ ունենալ, այս ուղղահայեաց կապին մէջ է: Հոն է, որ մարդը կը միանայ Աստուծոյ, եւ որմէ ետք միայն կրնայ իսկական խաղաղութիւն ապրիլ հորիզոնական կապով` մարդկութեան հետ:
Այս այն խաղաղութիւնն է, որ մարդուն շնորհուեցաւ Քրիստոսի խաչելութեամբ ու Իր յարութեամբ: Քրիստոսի յարութիւնը այն ուժն է, որ քանդեց մեղքը եւ կառուցեց Նոր Կեանքը` շնորհելով խաղաղութիւն: Աշխարհ այսօր կարիք ունի դառնալու դէպի այս խաղաղութիւնը, որ կերտուեցաւ Քրիստոսի յարութեամբ. յարութիւն, որ պատերազմը կը վերածէ խաղաղութեան:
Պատերա՞զմ, թէ՞ խաղաղութիւն: Անպայմանօրէն` խաղաղութիւն: Քրիստոսի յարութեամբ շնորհուած խաղաղութիւնը:
Այս գիտակցութեամբ` Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց:
Օրհնեալ է յարութիւնը Քրիստոսի:
Յարութիւնը, որ մարդուն եւ աշխարհին կու տայ ճշմարիտ խաղաղութիւնը:
Ապրիլ 2026