Պէյրութ Մարաթոն միութիւնը «Վազէ եւ ժպտայ» իր ծրագիրը շարուանակեց եւ իր վերջին մրցումը կատարեց Պէյրութի մարզական աւանին մէջ` հովանաւորութեամբ ընկերային հարցերու նախարար Հանին Սէյիտի, որ ներկայ էր տեղահանուած փոքրիկներուն նուիրուած այս ձեռնարկին:
Ներկայ էին նաեւ «Քամիլ Շամուն» մարզական աւանի եւ Լիբանանի բոլոր մարզական կառոյցներու ընդհանուր տնօրէն Նաժի Համմուտ, Պէյրութ Մարաթոն միութեան նախագահ Մայ Խալիլ եւ միութեան անդամներ, ինչպէս նաեւ Լիբանանի կարմիր խաչի պատասխանատուներ:
Ձեռնարկին ազդանշանը տրուեցաւ Լիբանանի քայլերգով, զոր երգեցին ներկաները եւ տասնեակ մը պատանիներ, որոնք տեղահանուածներու զաւակներն էին, հագած գունաւոր շապիկներ, որոնք բաժնուած էին միութեան կողմէ: Խալիլ խօսք առաւ գովաբանելով նախարար Սէյիտը, որ օժանդակելով բոլոր տեղահանուածներուն կը փորձէ փրկել բոլորը` իր կարողութեան սահմաններուն մէջ: Իր կարգին, նախարարը կարճ խօսք մը առաւ եւ գնահատեց Պէյրութ Մարաթոն միութեան աշխատանքները պատսպարման բոլոր կայաններուն մէջ` առնուազն ժպիտ մը ցանելով մանուկներուն դէմքին վրայ:
Մանուկները եւ պատանիները մրցումի աւարտին ստացան մետալներ եւ աւելի ուշ նախաճաշ ստացան` յիշատակի նկարներ փոխանակուելէ ետք: