ՆԱՐԵԿ ԱՐՔ. ԱԼԵԷՄԷԶԵԱՆ
Քրիստոսի Սուրբ Յարութեան տօնի նախօրեակին կը գտնուինք, եւ կը խորհրդածեմ, որ երբ մեր հարազատներուն հետ պիտի ըլլանք Սուրբ Զատիկը շնորհաւորելու կամ շնորհաւորութիւն ընդունելու համար, մեր արդար իրաւունքն է նոր հագուստ ու կօշիկ գնել, հիւրասիրութիւն պատրաստել եւ այլ անհրաժեշտ ծախսեր կատարել: Եկէ՛ք, այս թոհուբոհին մէջ պահ մը կանգ առնենք եւ մենք մեզի հարց տանք. «Մանաւանդ այս մարդուն անմարդկայնութեամբ ընդգծուած համատարած պատերազմական արհաւրալից ու անձկալից օրերուն, երբ այս բոլորը ընելու պարտաւորութիւնը կը զգանք` ի՞նչ պիտի նուիրենք մեր Փրկիչ Աստուծոյ»:
Այս հարցումին պատասխանելու համար երբ Աստուածաշունչին դիմենք, բազմաթիւ գիրքերու մէջ ահագին համարներ կը գտնենք: Ասոնցմէ նոյնիսկ մէկը կը յորդորէ, որ հայ քրիստոնեայի վայել կեցուածք որդեգրենք. «Բոլոր իսրայէլացիները իրենց յօժարակամ ընծաները բերին ՏԻՐՈՋ. բոլոր յօժարակամ եղողները` այր թէ կին, իրենց բաժինը բերին` շինելու այն բոլորը, որ ՏԷՐԸ հրամայեց Մովսէսին միջոցով» (Ելք. 35.29): 451-ի Աւարայրի ճակատամարտը կանխող միակամութիւնը չի յիշեցնե՞ր այս համարը, երբ Ս. Վարդան զօրավարի սպարապետութեամբ եւ Ս. Ղեւոնդ Երէցի աղօթքներով ամբողջ ազգ մը ծառացաւ զրադաշտական Պարսկաստանի դէմ, եւ ընտիր հայորդիներ իրենց քրիստոնէական հաւատքին ու անգին հայրենիքին համար նահատակուեցան: Առաւել, այս գոյամարտը պսակուեցաւ 484-ի Նուարսակի դաշնագիրով, որ կրօնի եւ խղճի ազատութեան հիմնարար իրաւունքները շնորհեց մեզի:
Եսակեդրոն կեանք վարելով` յաճախ կը փորձուինք մեր արձանագրած յաջողութիւնները մեր անձնական կամ հաւաքական կարողութիւններուն վերագրել: Մինչդեռ աստուածակեդրոն կեանքի վարժութեամբ սնանած քրիստոնեաներ իրենց կատարածին պարտքը կը ստանձնեն եւ փառքը Աստուծոյ կ՛ընծայեն: Աստուծոյ սրբարանին շինութեան անհրաժեշտ ընծաները բերողներ մեզի օրինակ կը ծառայեն իրենց յօժարակամութեամբ եւ առատաձեռնութեամբ: Ելք. 35-ին մէջ յօժարակամութիւնը վեց անգամ յիշուած է [«սիրտով յօժար» (Ելք. 35.5), «յօժարակամ բերաւ» (Ելք. 35.21), «սիրտով յօժար» (Ելք. 35.22), «յօժարակամ ու վարպետ» (Ելք. 35.26), «յօժարակամ ընծաները բերին» (Ելք. 35.29) եւ «յօժարակամ եղողները» (Ելք. 35.29)]. իսկ առատաձեռնութիւնը շատ աւելի առատութեամբ եւ մանրամասնութեամբ կը ցոլայ ամբողջ գլուխին մէջ. օրինակ` «Ձեր ունեցածներէն նուէրի ձեր բաժինը տուէք ՏԻՐՈՋ: Ո՛վ որ սիրտով յօժար է, թող բերէ նուէրի իր բաժինը` ոսկի, արծաթ կամ պղինձ» (Ելք. 35.5), «Ով որ արուեստաւորի շնորհ ունի, թող գայ եւ շինէ ՏԻՐՈՋ պատուիրած բոլոր առարկաները» (Ելք. 35.10), եւ` «Արուեստաւոր կիներ իրենց ձեռքերով մանեցին կապուտակ, ծիրանեգոյն, գոց կարմիր ու բեհեզի թելերը եւ բերին: Նոյնպէս, յօժարակամ ու վարպետ կիներ այծի մազը մանեցին» (Ելք. 35.25-26):
Այս տիպի յօժարակամութիւնն ու առատաձեռնութիւնը ցոլացումն է խոնարհ ու պատրաստակամ, ինքնաբուխ մասնակցութեան: Մովսէս մարգարէի հրահանգը այսօր եւս թելադրական է. «Ձեր ունեցածներէն նուէրի ձեր բաժինը տուէք ՏԻՐՈՋ» (Ելք. 35.5), որովհետեւ 6-9 համարներուն մէջ կը թուէ «կապուտակ, ծիրանեգոյն կամ գոց կարմիր բուրդ… թանկագին քարեր». այսինքն` ի՛նչ որ պիտանի է Աստուծոյ` սրբարանին շինութեան, ի՛նչ որ կրնաք, անխտրականօրէն եւ առատօրէն բերէք: Նուէրի մեր բաժինը տալ Աստուծոյ` կը նշանակէ մեր ունեցածներուն լաւագոյն մասը կիսել մեր Արարիչին հետ, որովհետեւ մենք անոր տնտեսն ենք արդէն եւ ո՛չ տէրը:
Հայորդիներուս Աստուծոյ սրբարանը, Ուխտի տապանակը Հայ եկեղեցին է: Տեսնենք, թէ ի՛նչ կրնանք սորվիլ Հին ուխտի ժողովուրդէն: Աստուծոյ սրբարանին կառուցումը տեղի ունեցաւ պատմական անկիւնադարձային հանգրուանի մը, երբ հրեաներ Եգիպտոսի գերութենէն ազատեցան եւ Սինա լերան ստորոտը համախմբուեցան, ուր Աստուած ինքզինք յայտնեց իր ընտրեալ զաւակներուն եւ խնամեց զանոնք. «Քառասուն տարի ՏԷՐԸ ձեզ առաջնորդեց անապատին մէջ. ձեր հագուստները չհինցան եւ կօշիկները չմաշեցան: Ուտելու հաց չունէիք, խմելու ջուր չունէիք, խմելու գինի չունէիք եւ ոչ ալ` օղի, բայց ՏԷՐԸ հոգաց ձեր բոլոր կարիքները, որպէսզի հասկնաք, թէ ի՛նքն է ձեր Աստուածը» (Բ. Օր. 29.5-6): Այստեղ էր, որ Աստուծոյ սրբարանին կարիքը զգացուեցաւ, որպէսզի ո՛չ միայն Աստուծոյ մշտակայ ներկայութիւնը ապահովուի իր ժողովուրդին մէջ, այլ ան հրեաներուն ազգային-կրօնական կեանքին սի՛րտը դառնայ: Անոնք այսպէս ապրեցան երկար տարիներ, մինչեւ որ Աստուծոյ սրբարանէն յետոյ Սողոմոնի տաճարը կառուցեցին, եւ այս անգամ եւս Աստուծոյ ժողովուրդը իր ընտրելագոյն ընծաները յօժարակամօրէն ու առատօրէն նուիրաբերեց անոր շինութեան եւ շէնութեան: Նմանութիւնը կը համապատասխանէ հայկական իրականութեան, որովհետեւ Քրիստոսով մե՛նք դարձանք Աստուծոյ ընտրեալ զաւակներուն մէկ մասնիկը, Նոր Իսրայէլը եւ Հայ եկեղեցին` մեր հաւատքի ու ինքնութեան միջնաբերդը, մեր հարազատ մայրը, մեր տաքուկ տունը:
Հոս պէտք է քայլ մը ետ երթանք եւ Ադամ ու Եւայի ստեղծագործութեան դրուագին ենթահողին վրայ տեսնենք, թէ մենք ի՛նչ պիտի նուիրենք մեր Փրկիչ Աստուծոյ: Ծնունդներ 2.7-8-ի մէջ կը կարդանք. «ՏԷՐԸ` Աստուած, երկրի փոշիէն մարդուն մարմինը ձեւաւորեց, անոր ռունգերուն կեանքի շունչ փչեց, եւ մարդը դարձաւ ապրող էակ: ՏԷՐԸ` Աստուած, երկրի արեւելեան կողմը` Եդեմի մէջ, պարտէզ մը տնկեց եւ հոն դրաւ իր ձեւաւորած մարդը»: Ապա 15-րդ համարը կը պարզէ մարդէն ունեցած Աստուծոյ ակնկալութիւնը. «ՏԷՐԸ` Աստուած, առաւ մարդը եւ զայն Եդեմի պարտէզին մէջ դրաւ, որպէսզի մշակէ ու խնամէ զայն»: Ինչո՞ւ այս կրկնութիւնը` Աստուած կ՛առնէ մարդը եւ զայն Եդեմի պարտէզին մէջ կը դնէ (Ծն. 2.8 եւ 15): Պատասխանը այս հատուածներուն եբրայերէն բնագիրին գործածած երեք բայերուն մէջ կը գտնուի` «դրաւ», «մշակէ», «խնամէ», որոնք Աստուծոյ կատարած ընտրութիւնն ու իր ստեղծած մարդուն փոխանցած պատասխանատուութիւնը ցոյց կու տան:
Ծն. 2.15-ի «դրաւ»-ը կը տարբերի Ծն. 2.8-ի «դրաւ»-էն, որ եբրայերէն «nuach» բայն է եւ «հանգստանալ», «տեղաւորուիլ», «հանգչիլ» կամ «լուռ մնալ» կը նշանակէ. սակայն կրաւորական իմաստ չունի, այլ` «ապահով զգալ», «տեղ մը հաստատուիլ հոն ապրելու համար», կամ` «պատերազմէն ետք խաղաղութիւն վայելել»: Այս «դրաւ»-ը «Նոյ»-ին («Noah», «Noach») արմատէն կը սերի եւ յաճախ աստուածային հանգիստը կը բնորոշէ, ինչպէս, օրինակ, շաբաթ օրը սուրբ պահելու հանգիստը, անաշխատութիւնը: Հոս «դրաւ»-ը կ՛առնչուի «Նոյ»-ին, որովհետեւ Նոյ նահապետ ջրհեղեղին յաջորդած մտքի եւ մարմնի հանգիստն ու ապահովութիւնը երաշխաւորեց: Իսկ «Եդեմի պարտէզին մէջ դրաւ»-ը ցոյց կու տայ, որ Աստուած մարդը դրաւ անոր հանգստեան ճի՛շդ տեղը. առաւել, այնպէս` ինչպէս Աստուած իր արարչագործութեան եօթներորդ օրը հանգստացաւ ու զայն հանգիստի սահմանեց, ահա հիմա մարդը անոր հանգստեան տեղը դրաւ:
Ծն. 2.15-ի «մշակէ ու խնամէ»-ն (եբրայերէն «abad ու shamar») Հնգամատեանին մէջ միասին գործածուած են, որոնք նաեւ «ծառայել ու պաշտել» իմաստը ունին: Առաւել, «shamar» «պահել» իմաստն ալ ունի. օրինակ` «Աստուծոյ պատուիրանները պահել» (հմմտ. Թւ 4.27-32, 8.25-26, 18.4-6): Հոս` Թիւեր գիրքին մէջ «ծառայել ու պաշտել» բայերը կ՛ակնարկեն քահանաներու Աստուծոյ սրբարանին տնտեսումին ու հոգածութեան: «Ծառայել ու պաշտել» բայերը աւելի խորիմաստ ու գոյութենական կը դառնան Բ. Օրէնքի 6.10-12-ի մէջ, ուր կը կարդանք. «Երբ Տէրը` ձեր Աստուածը, ձեզ առաջնորդէ այն երկիրը, որ ձեզի պիտի տայ, եւ որ խոստացաւ ձեր հայրերուն` Աբրահամին, Իսահակին եւ Յակոբին, հոն պիտի գտնէք մեծ ու բարգաւաճ քաղաքներ, որ դուք չէք շինած, տուներ` լեցուն ամէն տեսակի բարիքներով, որ դուք չէք դիզած, ջրհորներ, որ դուք չէք փորած, եւ` այգիներ ու ձիթաստաններ, որ դուք չէք տնկած: Ուտելու համար ամէն ինչ առատութեամբ պիտի գտնէք հոն: Ուշադի՛ր եղէք, որ չմոռնաք ՏԷՐԸ, որ ձեզ ազատեց Եգիպտոսէն, ուր ստրուկ էիք»: Այնպէս` ինչպէս նախամարդը աստուածապարգեւ Եդեմի պարտէզին մէջ հանգչեցաւ (դրուեցաւ), նոյնպէս ալ Իսրայէլ, եւ Նոր Իսրայէլ, Աստուծոյ ձեռակերտը հանդիսացող գործերը պիտի վայելէր, ինչպէս Բ. Օրէնքի 10.12-22-ին մէջ «Աստուած ի՞նչ կը պահանջէ»-ին ի պատասխան կ՛իմանանք, թէ նո՛յնը` ինչ որ պահանջած էր Ադամէն ու Եւայէն. զԱստուած պաշտել` խնամելով ու բաշխելով իր տուած պարգեւները եւ պահելով աստուածատուր պատուիրանները, հնազանդիլ իր կամքին, սիրել զինք եւ ամբողջ սրտով ու հոգիով ծառայել իրեն: Երբ այսպէ՛ս ընենք, Աստուծոյ սրբարանը Եդեմի պարտէզին մանրակերտը կը դառնայ եւ ամբողջ աշխարհը` Եդեմի պարտէզ, ուր աստուածպաշտութիւնը քրտնաթոր աշխատանք կ՛ըլլայ [«Երեսիդ քրտինքով պիտի ուտես հացդ, մինչեւ դարձեալ դառնաս հողին, որմէ ստեղծուեցար: Որովհետեւ հողէն ես, հողին պիտի դառնաս» (Ծն. 3.19)] եւ աստուածանուէր աշխատանքը` անընդհատ աղօթք: Այսպիսով, ինչպէս Եդեմի պարտէզին մէջ էր, աստուածպաշտութիւնը ամէնուր ու մեր ամբողջ կեանքին վրայ կ՛երկարաձգուի, երբ անընդմիջաբար մեր հաւատարմութիւնն ու սէրը կը յայտնենք Աստուծոյ, եւ Ան իր գուրգուրանքով կը պարուրէ մեզ այս աշխարհի վրայ եւ` իր արքայութեան մէջ, եթէ արժանանանք անոր:
Օր մը երկու տարբեր վանքերու պատկանող վանականներ իրարու հետ կը զրուցեն: Առաջինը կ՛ըսէ. «Մեր վանքը շատ կազմակերպ եւ ինքնաբաւ է: Մենք օրուան քսանչորս ժամերը այնպէս մը դասաւորած ենք, որ մեր կեանքը հեզասահօրէն կ՛ընթանայ եւ աղօթք ու հոգեւոր կրթութիւն, մտաւորական ու ֆիզիքական աշխատանք, սնունդ ու հանգիստ կատարելով եւ մեր պարտէզին բերքն ու մեր հեղինակած գիրքերը վաճառելով` նիւթապէս ապահով օրեր կը բոլորենք»: Երկրորդը կ՛ըսէ. «Մեր վանքին մէջ օրը քսանչորս ժամ մենք միայն կ՛աղօթենք»: Առաջինը զարմանահար կը յարէ. «Այդ ինչպէ՞ս կ՛ըլլայ, խելքի պառկելիք բան չէ ըսածդ»: Երկրորդը կը պատասխանէ. «Մենք ինչ որ կը քաղենք մեր պարտէզէն, աղքատներուն կը բաշխենք. եւ երբ մենք կ՛աղօթենք ու շարական կ՛երգենք, գիրք կը կարդանք ու հող կը մշակենք, ճաշ կ՛ուտենք ու կը քնանանք, մեր բաշխած բարիքները ստացողները մեզի համար կ՛աղօթեն: Այսպիսով, մեր վանքը օրը քսանչորս ժամ միայն կ՛աղօթէ»: Ահաւասիկ հոս կը ճշմարտուի լատիներէն առածը` «Laborare est Orare», որ կը նշանակէ «աշխատիլը աղօթել է»:
Երբ մեր հոգեւոր ուշադրութիւնը վերասեւեռենք Աստուծոյ սրբարանին վրայ, կը տեսնենք, որ հոն աշխատանքներ կատարող արուեստաւորները եկան եւ Մովսէսի ըսին. «Ժողովուրդը ՏԻՐՈՋ պատուիրած բաները շինելու համար պէտք եղածէն աւելին կը բերէ: Եւ Մովսէս հրահանգեց բանակատեղիին մէջ յայտարարել, որ` «Այլեւս ոեւէ այր կամ կին թող նուէր չբերէ սրբարանին շինութեան համար»: Ուստի, ժողովուրդը դադրեցաւ նուէրի իր բաժինը բերելէ, որովհետեւ ինչ որ բերուած էր, աւելիով կը բաւէր ամբողջացնելու բոլոր աշխատանքները» (Ելք. 36.5-7): Երանի՜ մենք ալ նման վերաբերում ունենանք մեր ընտանիքին, եկեղեցիին, դպրոցին, ակումբին, մշակոյթին, հայրենիքին եւ ազգակիցներուն հանդէպ…
Այս բոլորին լոյսին տակ յստակ է, որ երբ Աստուծոյ կողմէ այս աշխարհին մէջ «դրուած» ենք «մշակելու ու խնամելու» իր ստեղծագործութիւնը, այսինքն` «ծառայելու իրեն ու պաշտելու զինք», զուգորդութիւնը առաւել կը յստականայ Երկրորդումն Օրէնքի 10.12-13-ի աստուածատուր հրահանգով. «Եւ հիմա, ո՛վ իսրայէլացիներ, լսեցէ՛ք, թէ ՏԷՐԸ` ձեր Աստուածը, ի՛նչ կը պահանջէ ձեզմէ: Կը պահանջէ, որ պաշտէք զինք, հնազանդիք իր կամքին` ընթանալով իր ճամբէն, սիրէք զինք եւ ամբողջ սրտով ու հոգիով ծառայէք իրեն, ինչպէս նաեւ գործադրէք իր օրէնքներն ու կանոնները, որ այսօր կու տամ ձեզի` ձեր բարիքին համար»:
Սիրոյ նուէրը խաչեալ ու յարուցեալ Փրկիչին ընծայուած մեր կեանքն է: Ասոր վարձատրութիւնը` մեր Աստուծոյն մեզի նուիրած անանց յաւիտենական կեանքի մշտակայ քաղցրութիւնը:
Այսպէ՛ս պատրաստուինք մեղքը մաքրած ու մահը տապալած մեր Տէրը դիմաւորելու եւ անոր հրաշափառ յարութեան առաւօտուն հայուն աւանդական բարեմաղթանքով տարածենք բարի լուրը. «Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց. օրհնեալ է յարութիւնն Քրիստոսի»:
Անթիլիաս