Հայրենի Կեանք

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ

Կիրօ Մանոյեան Կարեւոր Կը Նկատէ Արցախի Հարցը Օրակարգի Վրայ Պահելը

23 մարտին «Երկիր Մետիա» պատկերասփիւռի կայանի «Երկրի հարցը» հաղորդաշարի հիւրը ՀՅԴ Հայ դատի կեդրոնական գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեանն էր:

Զրոյցի ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ արտերկրի մէջ Հայ դատի գրասենեակներու գործունէութեան հիմնական ուղղութիւններուն եւ առաջնահերթութիւններուն:

Կ. Մանոյեան նշեց, որ նոյնիսկ այս իրավիճակին մէջ կազմակերպական կառոյցը տարբեր երկիրներու խորհրդարաններու եւ միջազգային կառոյցներու մէջ կը շարունակէ գործունէութիւն տանիլ երկու հիմնական ուղղութիւններով` արցախցիներու իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան միջազգային դիրքերու ամրապնդման:

Կ. Մանոյեան անդրադարձաւ նաեւ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ, այսպէս կոչուած, խաղաղութեան համաձայնագիրին, որ, ըստ անոր, նախաստորագրուած է Հայաստանի վրայ ճնշումներու եւ սպառնալիքներու առկայութեամբ, ինչ որ միջազգային իրաւունքի տեսանկիւնէն  այդ փաստաթուղթը չեղեալ կը դարձնէ: «Մենք մեր գործընկերներուն նաեւ կ՛ըսենք ու կը բացատրենք ամբողջ ճշմարտութիւնը Արցախի հարցին եւ այդ հարցը լուծուած չըլլալու մասին: Կը կարծեմ, որ անոնք ալ, իրենց կարգին, կ՛ընկալեն կացութիւնը, եւ այս մասին կը վկայեն այն հայանպաստ բանաձեւերը, որ այսօր կան թէ՛ Պելճիքայի համախոհական կառավարութեան յուշագրութեան եւ թէ՛ Միացեալ Նահանգներու խորհրդարանին մէջ», ըսաւ Կ. Մանոյեան:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ կրնա՞յ ըլլալ արդեօք, որ Արցախի հայաթափումէն ետք այս հարցը դառնայ միջազգային հարթակներու վրայ քննարկման առարկայ, Մանոյեան նշեց, որ այդ բանը չի կրնար տեղի ունենալ, այնքան ատեն որ մենք` Հայաստանի Հանրապետութիւնը, կը խուսափինք արցախցիներու վերադարձի իրաւունքի, գերիներու ազատ արձակման հարցերը բարձրացնել, մինչեւ այն ատեն, երբ իշխանաւորները տակաւին կը վախնան նոյնիսկ Արցախ բառը արտասանելէ: «Եթէ մենք չխօսինք այս հարցերու մասին, մեր տեղը ոչ ոք կը խօսի», շեշտեց Կ. Մանոյեան:

Եռաբլուրի Մէջ ՀՕՄի Ննջեցեալներու Հոգեհանգիստ




Շաբաթ, 7 մարտին, մեծ թիւով ՀՕՄ-ականներու ներկայութեամբ, Եռաբլուրի Սրբոց Վարդանանց Նահատակաց եկեղեցւոյ մէջ կայացաւ առյաւէտ բաժնուած ՀՕՄ-ականներու, բարերարներու եւ հայրենիքի պաշտպանութեան համար նահատակուած հերոսներու հոգիներու խաղաղութեան համար հոգեհանգիստ, որ կատարեց Յովհաննէս քհնյ. Յովհաննիսեան:

Հոգեհանգստեան կարգէն ետք ՀՕՄ-ուհիները ծաղկեպսակ զետեղեցին անհետ կորսուած հերոսներու նուիրուած յուշարձանին առջեւ, ուր ներկաներուն իր սրտի խօսքը արտասանեց ՀՕՄ-ի Հայաստանի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Մարօ Քէշիշեան: Ապա ՀՕՄ-ականները այցելեցին եւ ծաղկեպսակ զետեղեցին քաջարի հայ կնոջ կերպարը ներկայացնող Սօսէ Մայրիկի շիրիմին, ուր Սօսէ Մայրիկի կերպարը ներկայացուց ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Զոյա Քոչարեան: Այնուհետեւ ներկաները խունկ վառեցին եւ խմբերգով մեկնաբանեցին Աղբիւր Սերոբին եւ Սօսէ Մայրիկին նուիրուած «Գնդակ որոտաց» երգը, ապա ուղղուեցան դէպի «Արցախի կանչը» յուշարձանը, ուր ծաղկեպսակ զետեղելէ եւ խնկարկելէ ետք արցախեան իրականութեան մասին սրտի խօսք արտասանեց ՀՕՄ-ի Արցախի մասնաճիւղի ատենապետուհի Մելանիա Բալայեանը:

ՀՕՄի Հայաստանի Շրջանային Վարչութիւնը Այցելեց Սուրիոյ Դեսպանին

Երեքշաբթի, 17 մարտին ՀՕՄ-ի Հայաստանի Շրջանային վարչութեան անդամներ, ընկերակցութեամբ ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Զոյա Քոչարեանի,  այցելեցին Սուրիոյ Արաբական  Հանրապետութեան  դեսպան դոկտ. Նորա Արիսեանին  եւ ՀՕՄ-ի Հայաստանի մեծ ընտանիքին անունով ցաւակցութիւն յայտնեցին անոր, իր մօր` Փերուզ Արիսեանի մահուան  տխուր առիթով:

Փ. Արիսեան երկար տարիներ անդամակցած է ՀՕՄ-ի Դամասկոսի «Էրեբունի» մասնաճիւղին եւ պարտաճանաչօրէն  կատարած էր իր միութենական բոլոր պարտականութիւնները:

Ֆրանսացի Լրագրողներ Արցախի Իշխանութիւններուն Հետ Հանդիպում Մը Ունեցան

25 մարտին Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ, Արցախի նախագահի պաշտօնակատար Աշոտ Դանիէլեան Արցախի Հանրապետութեան ներկայացուցչութեան մէջ ընդունեց  ֆրանսացի երաժիշտ, լրագրող եւ փիլիսոփայութեան դոկտոր Ուլիս Մանեսը եւ ֆրանսական «Լը Ֆիկարօ» թերթի լրագրող Ատրիէն Պրիանը: Այս մասին հաղորդեցին Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովէն:

Հանդիպումին մասնակցեցան նաեւ Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի փոխնախագահ Գագիկ Բաղունց, Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահի խորհրդական Արա Պուլուզեան, ինչպէս նաեւ` հանրային խորհուրդի անդամներ Հերմինէ Աւագեան, Նարէ Սիմոնեան եւ Ալվարդ Զաքարեան:

Հիւրերը Հայաստան կը գտնուին Ուլիս Մանեսի եւ Հերմինէ Աւագեանի համահեղինակած «Նամակներ դրախտից, որտեղ ոչ ոք չկայ. Ստեփանակերտ-Փարիզ» գիրքի շնորհահանդէսին առիթով:

Վերոնշեալ հանդիպումի ընթացքին քննարկուեցան Արցախի շուրջ ստեղծուած իրավիճակը եւ միջազգային հանրութեան իրազեկուածութեան բարձրացման անհրաժեշտութիւնը:

Արցախի ներկայացուցիչները շնորհակալութիւն յայտնեցին հիւրերուն` այս դժուար ժամանակաշրջանին Արցախի հարցին շուրջ իրականացուող գործունէութեան եւ հետեւողական ուշադրութեան համար:

Ընդգծուեցաւ, որ Արցախի հիմնահարցը կը շարունակէ մնալ չլուծուած, եւ Արցախի ժողովուրդին իրաւունքներու հարցը միջազգային հարթակներու վրայ մնայուն կերպով բարձրաձայնելը կարեւոր է:

Զրուցակիցները նշեցին նաեւ, որ ֆրանսական «Լը Ֆիկարօ» թերթը տակաւին Արցախի շարժումի սկզբնական օրէն անդրադարձած է նիւթին, շարունակած է եւ պիտի շարունակէ կարելի եղածին չափ յաճախ ներկայացնել ճշմարտութիւնը:

Իրենց կարգին, Ուլիս Մանես եւ Ատրիէն Պրիան վերահաստատեցին իրենց պատրաստակամութիւնը` շարունակելու լուսաբանել Արցախի շուրջ զարգացումները եւ միջազգային հանրութեան ներկայացնել իրողութիւնները:

Ազրպէյճանցիները Քանդած Են Խնածախի Բ. Համաշխարհային Եւ Արցախի Պատերազմներու Յուշարձանները

Պաքու վերաբնակեցուցած է բռնագրաւեալ Արցախի Հանրապետութեան Խնածախ գիւղը եւ տարածած` գիւղի ազրպէյճանցիներուն «վերադարձը» փաստող լուսանկարներ:

Ըստ Արցախի մշակութային ժառանգութեան մշտադիտարկում իրականացնող monumentwatch.org կայքին, արբանեակային լուսանկարները կը փաստեն, որ ազրպէյճանցիները յուլիս 2025-ին ոչնչացուցած են գիւղի Բ. Համաշխարհային պատերազմի եւ Արցախի պատերազմներու զոհերու յիշատակին կանգնեցուած յուշարձանները, Արցախի առաջին պատերազմի տարիներուն գիւղի պաշտպաններուն շիրիմները, որոնք կը գտնուին յուշարձանի տարածքին մէջ: Ոչ միայն ոչնչացուած է յուշարձանը, այլ նաեւ կատարուած են զգալի հողային աշխատանքներ, ինչ որ ակնյայտօրէն կ՛երեւին, երբ կը բաղդատուին յուշարձանի 2023-ի արբանեակային լուսանկարներուն հետ:

Ոչնչացուած յուշարձանին տեղը կանգնեցուցած են գիւղին հնարած ազրպէյճանական անունին (Xanyurdu kəndi) ցուցանակը:

«Բ. Համաշխարհային պատերազմին եւ արցախեան ազատամարտին նուիրուած յուշարձաններու ոչնչացումը «Զինուած հակամարտութիւններու ժամանակ մշակութային արժէքներու պաշտպանութեան մասին» Լա Հէյի 1954 թուականի պայմանագիրի 4-րդ յօդուածի եւ լրացուցիչ` 1999 թուականին ընդունուած երկրորդ արձանագրութեան խախտում է: Այն  խախտում է  նաեւ Լա Հէյի Արդարադատութեան միջազգային դատարանի  պարտադիր ուժ ունեցող 2021 թուականի դեկտեմբեր 7-ի որոշումները, որով դատարանը պարտաւորեցուցած է Ազրպէյճանին ձեռնարկել բոլոր անհրաժեշտ միջոցները` կանխելու եւ պատժելու վանտալիզմի եւ պղծման գործողութիւնները, որոնք կը վերաբերին հայկական մշակութային ժառանգութեան, ներառելով, բայց չսահմանափակուելով միայն եկեղեցիներով եւ պաշտամունքի այլ վայրերով, յուշարձաններով, տեսարժան վայրերով, գերեզմանատուներով եւ հին մշակոյթի մնացորդներով: Յուշարձանի ոչնչացումը խախտում է Միջազգային մարդասիրական իրաւունքի  38-րդ, 39-րդ, 40-րդ  եւ  41-րդ կանոնները: Յոյժ կարեւոր է ընդգծել այն հանգամանքը, որ  Արդարադատութեան միջազգային դատարանը հաստատած է, թէ մշակութային արժէքներու պաշտպանութեան դրոյթները ունին միջազգային սովորութային իրաւունքի (infra Jurisprudence) կարգավիճակ, այսինքն կը գործեն` իբրեւ համընդհանուր եւ անշրջանցելի կանոն, եւ պարտադիր են  բոլոր պետութիւններուն համար: Կարեւոր է արձանագրել, որ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի` Փարիզին մէջ տեղի ունեցած 33-րդ նստաշրջանի գլխաւոր խորհրդաժողովին կողմէ 2003 թուականին ընդունուած «Մշակութային ժառանգութեան դիտաւորեալ ոչնչացման մասին հռչակագիրը կ՛արգիլէ ժառանգութեան դիտաւորեալ ոչնչացումը», կը գրէ Monumentwatch.org-ը:

Արցախցիներուն Մօտաւորապէս 98 Առ Հարիւրին Բնակարանային Հարցերը Կը Մնան Անլոյծ

Արցախի Ազգային ժողովի պատգամաւոր Մետաքսէ Յակոբեան Դիմատետրի իր էջին վրայ գրառումով մը անդրադարձած է Հայաստան գտնուող արցախահայերու վիճակին` լուսարձակի տակ առնելով յատկապէս այն, որ անոնք բնակարանային եւ անգործութեան մեծ հարցեր ունին:

Մ. Յակոբեան գրած է հետեւեալը. «Մարտ 14-ին կայացաւ այս տարուան արդէն 4-րդ հանդիպումը Արցախի մեր հայրենակիցներուն հետ` «Հերոսներու վերականգնողական քաղաք» կեդրոնին մէջ:

«Այս քանի մը հանդիպումները արդէն իսկ բաւական դաժան են իրականութիւնը արձանագրելու համար: Արցախցիներու մօտաւորապէս 98 առ հարիւրին համար բնակարանային հարցը կը շարունակէ մնալ անլուծելի, իսկ 80 առ հարիւրը չունի աշխատանք:

«Մենք կը փորձենք կարելի բոլոր եւ երբեմն նոյնիսկ անհնար ճանապարհներով լուծումներ գտնել մարդոց հարցերուն, սակայն ակնյայտ է, որ առանց պետական միջամտութեան եւ ճիշդ ընկերային քաղաքականութեան` բազմաթիւ հարցեր պարզապէս լուծելի չեն:

«Միեւնոյն ժամանակ այս հանդիպումները կը բացայայտեն նաեւ մէկ այլ կարեւոր ճշմարտութիւն. նոյնիսկ այս դաժան պայմաններուն մէջ արցախցիներուն մեծամասնութեան կեանքը կը շարունակէ կապուած մնալ Արցախի հետ:

«Հանդիպումներու ընթացքին ի յայտ եկաւ, որ  արցախցիներուն 55 առ հարիւրը իր կեանքը կը պատկերացնէ միայն Արցախի մէջ, 44 առ հարիւրը միանշանակ կ՛ուզէ վերադառնալ, բայց այսօր չի պատկերացներ` ինչպէս, եւ ընդամէնը 1 առ հարիւրը որոշած է հաստատուիլ Հայաստանի մէջ:

«Յ. Գ. Այս հանդիպումը ամենածանրն էր»:

«Դժուար է խօսիլ երիտասարդի մը հետ, որ պատերազմներու ընթացքին կորսնցուցած է հայրը եւ եղբայրը, իսկ 2023-ի պատերազմին դարձած է հաշմանդամ: Հանդիպած է չորս անչափահաս երեխաներու հօրը, որ պատերազմի պատճառով գամուած է հաշմանդամի սայլակին»:

«Այս մարդիկը «վիճակագրութիւն» չեն:

Ասոնք ճակատագիրներ, ընտանիքներ են, կոտրուած, բայց տակաւին կանգնած մարդիկ են: Եւ ամէնէն կարեւորը` գիտէ՞ք, թէ ո՛րն է:

Անոնք միայն մէկ նպատակ ունին` տուն երթալ:Տուն, որ խլեցին: Տուն, որուն համար վճարեցին ամէնէն թանկ գինը: Տուն, որուն ցաւը իրենց հետ կը կրեն ամէն օր:

Եւ ի վերջոյ, Արցախը չեն կորսնցուցած անոնք, որոնք կ՛ուզեն վերադառնալ: Արցախը կորսնցուցած են անոնք, որոնք արդէն համակերպած են անոր կորուստին հետ»:

Արցախէն Բռնի Տեղահանուած 34 Հազար 576 Անձեր Հայաստանի Քաղաքացիութիւն Ստացած Են

«Ղարաբաղէն տեղահանուած հայերու ընկերային-տնտեսական ներառման գործընթաց» խորագիրով քննարկումին ընթացքին Հայաստանի ներքին գործոց նախարար Արփինէ Սարգսեան յայտնեց, որ Հայաստանի մէջ արդէն կան Արցախէն տեղահանուած 34 հազար 576 անձեր, որոնք ստացած են Հայաստանի քաղաքացիութիւն:

«Մօտաւորապէս հազար դիմումներ, այսինքն` հրամանագրի նախագիծներ, Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի սեղանին վրայ են, այսինքն օրերու կտրուածքով եւս հազար անձի մասով հանգուցալուծում կ՛ունենանք եւ կը կարողանանք այս գործընթացը արագացնել», ըսաւ Սարգսեան, որ նաեւ յայտարարեց, թէ չեն ունեցած մերժումի պարագայ, ինչ որ ցոյց կու տայ Հայաստանի կառավարութեան յանձնառութիւնը` համարկման գործընթացը աւելի արագ իրականացնելու:

«Մենք ունեցած ենք տեղահանուած 28 հազար անչափահաս, որմէ արդէն մօտաւորապէս 12 հազար անձնագրաւորման եղանակով ստացած է Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիութիւն` նկատի առնելով ծնողներու` քաղաքացիութեան ստացման հանգամանքը», բացատրեց Սարգսեան:

44-Օրեայ Պատերազմին Անմահացած Հերոս Հայկազ Մկրտչեանի Յիշատակին Նուիրուած Գիրքի Շնորհահանդէս

Առնօ Բաբաջանեանի համերգասրահի նախասրահին մէջ տեղի ունեցաւ 44-օրեայ պատերազմին անմահացած հերոս Հայկազ Մկրտչեանի յիշատակին նուիրուած գիրքին շնորհահանդէսը:

Գիրքը կազմուած է անոր հարազատներուն, ընկերներուն, զինակիցներուն, հրամանատարներուն յիշողութիւններուն հիման վրայ` ներկայացնելով Հայկազին կեանքը, արժէքներն ու հերոսական մարտական ուղին:

Շնորհահանդէսի ընթացքին ներկայացուեցաւ գիրքի ստեղծման պատմութիւնը, հնչեցին յիշողութիւններ Հայկազի մասին: Շնորհահանդէսին ներկայ էին` անոր հարազատները, ընկերները, զինակիցներն ու հրամանատարները:

Շնորհահանդէսի ծիրին մէջ ցուցադրուեցաւ նաեւ փաստավաւերագրական ժապաւէն` Հայկազ Մկրտչեանի կեանքին եւ 2 պատերազմներու ընթացքին անոր անցած մարտական ուղիին մասին:

Հայկազ Մկրտչեան ծնած է 31 հոկտեմբեր 2000-ին, Երեւան: Աւարտած է Գէորգ Էմինի անուան թիւ 182 աւագ դպրոցը: Աւագ դպրոցին զուգահեռ, ուսանած է նաեւ Հայ-ռուսական Սլաւոնական համալսարանի նախապատրաստական բաժնին մէջ:

23 յունուար 2019-ին զօրակոչուած է հայկական բանակ: Ծառայած է Տաւուշի Մեհրապ զօրամասին մէջ: 2018 թուականին ընդունուած է Երեւանի պետական համալսարանի Տեղեկատուութեան եւ կիրառական թուաբանութեան բաժանմունքը:

Յուլիսեան մարտերուն Հայկազ եղած է ռազմական գործողութիւններու կիզակէտին, իր թուաբանական մտածողութեան եւ արագ հաշուելու կարողութեամբ, կրցած է պատճառել հակառակորդին կենդանի ուժի մեծ կորուստ, արժանացած է «Մարտական հերթապահութիւն» մետալին:

Հայկազ Մկրտչեան մասնակցած է` Ջրականի, Թաղաւարտի, Դրախտիկի, Սիրիգի, Ազոխի, Մեծ Թաղերու, Կարմիր Շուկայի, Մարտունիի, Սարուշէնի եւ այլ մարտերու: Հայկազ վիրաւորուած է 29 հոկտեմբեր 2000-ին Կարմիր Շուկայի մօտակայքը, իր 20-ամեակէն երկու օր առաջ:

Թէեւ շատ ծանր վիրաւորուած է, բայց 12 օր պայքարած է կեանքի համար, անմահացած է նոյեմբեր 9-ին, պատերազմի աւարտէն մէկ ժամ առաջ:

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի հրամանագրով յետմահու պարգեւատրուած է «Մարտական ծառայութեան» մետալով:

 

 

 

Leave a Comment