Իսրայէլեան բանակը երէկ պնդեց, թէ իր ուժերէն մասնայատուկ միաւոր մը «ձախողութեան մատնեց զինեալներու Հերմոն լերան սահմանակից շրջանին մէջ հարաւային Լիբանանի ուղղութեամբ տեղակայուելու փորձերը»:
Իսրայէլեան բանակը յայտարարեց, որ առաջին անգամ ըլլալով Հերմոն լերան սուրիական կողմէն անդրսահմանեան գործողութիւն մը կատարած է:
Իսրայէլեան պետական պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ շաբաթ գիշեր Լիբանանէն արձակուած հրթիռներու հետեւանքով Մթըլլէի մէջ նիւթական մեծ վնասներ արձանագրուած են:
Իսրայէլեան բանակը յայտարարեց, որ հարաւային Լիբանանի մէջ բախումներու ընթացքին անկարգելաւորներու զօրամասէն զինուոր մը սպաննուած է եւ երեք ուրիշներ վիրաւորուած են:
Իսրայէլ երէկ ռմբակոծեց Նապաթիէի մէջ շարք մը գիւղեր եւ Տէյր Քիֆայի մէջ քաղաքային պաշտպանութեան մէկ կեդրոնը:
Հըզպալլա իր կարգին յայտարարեց, որ ուղիղ կերպով հարուածած է Խալլեթ Ժիուարի մէջ, Պէյթի Լիֆ գիւղի մերձակայքին մէջ «Մերքաւա» տիպի իսրայէլեան հրասայլ մը:
Իսրայէլեան օդանաւ մը շաբաթ գիշեր շուրջ ժամը 10:00-ին լիբանանեան շարք մը շրջաններու վերեւ խզեց ձայնի պատը, ապա քանի մը վայրկեան ետք 2-րդ անգամ ըլլալով խզեց ձայնի պատը, մինչ իսրայէլեան օդանաւեր շարունակեցին թռիչքներ կատարել Պէյրութի վերեւ: