ԿԱԼԻ ԹԱԳՒՈՐԵԱՆ
ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Հայաստան» Մասնաճիւղ
Մարտ 8-ը մեզի համար պարզապէս միջազգային տօն մը չէ: Ան առիթ մըն է կանգ առնելու եւ յիշելու հայ կնոջ այն մեծ դերը, որ ան խաղացած է մեր պատմութեան ընթացքին: Երբ կը խօսինք կնոջ մասին, չենք խօսիր միայն ընտանիքի սրտին մասին, այլ կը խօսինք այն ուժին մասին, որ դարեր շարունակ պահպանած է մեր ժողովուրդին ինքնութիւնը, ոգին եւ պայքարի կամքը:
Հայ իրականութեան մէջ հայ կինը երբեք լուռ դիտորդ մը չէ եղած պատմութեան ընթացքին: Ան միշտ եղած է պայքարի, դիմադրութեան եւ ազգային գոյատեւման առանցքային ուժերէն մէկը: Հայ ազատագրական շարժումներու տարիներուն կիները ոչ միայն ոգեւորեցին եւ քաջալերեցին պայքարը, այլ նաեւ իրենք դարձան անոր մասնակիցները: Անոնք իրենց տուները բացին յեղափոխականներուն առջեւ, օգնեցին գաղտնի գործերու կազմակերպման, զէնք ու զինամթերք փոխադրեցին եւ անհրաժեշտ պահուն զէնք առին իրենց ձեռքը` կանգնելով հայ տղամարդու կողքին:
Այս հերոսական հայուհիներէն մէկը Սօսէ Մայրիկն է` հայ կնոջ քաջութեան, զոհաբերութեան եւ ազգային նուիրումի կենդանի խորհրդանիշը: Սօսէ Մայրիկը ոչ միայն մեծ յեղափոխականի կողակիցն էր, այլ նաեւ` պայքարի լիարժէք զինակիցը: Ան իր ամուսինին` Սերոբ Աղբիւրի կողքին մասնակցեցաւ ֆետայական պայքարին, ապրեցաւ լեռներուն մէջ, բաժնեկցեցաւ վտանգը, սովը եւ պայքարի բոլոր դժուարութիւնները: Սակայն անոր ուժը միայն զէնքին մէջ չէր, անոր ուժը իր հոգեկան ամրութեան, իր ազգային գիտակցութեան եւ իր անվախ կամքին մէջ էր: Սօսէ Մայրիկը դարձաւ այն հայուհին, որ ապացուցեց, թէ հայ կինը կրնայ միաժամանակ ըլլալ մայր, պահապան եւ զինուոր:
Հայոց ցեղասպանութեան տարիներուն եւս հայ կինը դարձաւ ազգի գոյատեւման ողնաշարը: Տէր Զօրի անապատներուն մէջ, աքսորի ճանապարհներուն վրայ ան պայքարեցաւ իր զաւակին կեանքը փրկելու համար: Ան սովի, ցաւի եւ մահուան ստուերներուն մէջ պահեց հայ լեզուն, հայ հաւատքը եւ հայ ինքնութիւնը: Բազմաթիւ հայ մայրեր իրենց մանուկներուն սորվեցուցին հայերէն գիրերը, փոխանցեցին մեր պատմութիւնը եւ դաստիարակեցին սերունդ մը, որ պիտի շարունակէր պահանջատիրութեան եւ ազատութեան պայքարը:
Հայ կինը այսպիսով դարձաւ մեր պատմութեան լուռ, բայց հզօր կերտիչը: Ան հայրենասիրութեան, տոկունութեան եւ յուսահատութեան մէջ յոյս պահելու խորհրդանիշն է: Մեր յաղթանակներուն ետին միշտ գտնուած է հայ մօր ուժը, հայ քրոջ նուիրումը եւ հայ կնոջ անսասան կամքը:
Ուստի, մարտ 8-ին մենք կը յիշենք ոչ միայն կնոջ իրաւունքներու պայքարը, այլ նաեւ` այն մեծ ժառանգութիւնը, որ հայ կինը փոխանցած է մեր ազգին: Սօսէ Մայրիկի նման օրինակները մեզ կը յիշեցնեն, որ հայ կինը միշտ եղած է պայքարի եւ ստեղծագործութեան ուժ: Ան ոչ միայն ընտանիքի սիրտն է, այլ նաեւ` ազգի ոգին:
Այսօրուան հայուհին ալ նոյն պատասխանատուութիւնը կը կրէ. պահել մեր ինքնութիւնը, զարգացնել մեր համայնքը եւ իր ստեղծագործ ուժով ծառայել հայրենիքին ու ազգին: Քանզի հայ կինը միայն անցեալի հերոս չէ, ան ներկայէն ապագայ կերտող ուժ մըն է: