Պատրիարքական Փոխանորդ Զմմառու Պատրիարքական Կղերի
Միաբանութեան եւ Մեծաւոր Զմմառու Վանքին
Լեռնալիբանանի գողտրիկ բարձունքին վրայ թառած Զմմառու մայրավանքի Փոխման Ս. Կուսին մայր եկեղեցին 255 տարիներ առաջ կառուցուած է` մայրավանքի հասարակութեան հոգեկան ճախրանքներն ու սլացքը բարձրացնելու առ Աստուած` փառաբանելով Զայն եւ խնդրելով, որ զերծ պահէ ազգը անողոք եւ անագորոյն թշնամիին խարդաւանքներէն:
1771-ին կառուցուած եկեղեցւոյ ներքին գմբէթը` Հռոմէն, 1780-ականներուն բերուած տասներկու առաքեալներու իւղանկարներով զարդարդուած է:
Որմերուն վրայ զետեղուած են չորս աւետարանիչներու կտաւները, որոնցմէ յիշատակութեան արժանի է Յովհաննէս աւետարանիչի պատկերը, որուն թուականը` 1785 եւ նկարիչը` Վինչենցօ Միլոնէ, յայտնի են:
Աւագ խորանը, ըստ հայկական աւանդութեանց, վերապահուած է Տիրամօր: Խորանը զարդարող Տիրամօր Վերափոխման պատկերը 1780-ի Փիեթրօ Լապրոցիի վրձինին պատկանող արուեստի գլուխ գործոց ստեղծագործութիւն է:
Աւագ խորանին հիւսիսային եւ հարաւային պատերուն Գրիգոր Լուսաւորիչի եւ Ս. Յովսէփին նուիրուած խորաններն են: Հիւսիսարեւելեան սիւնին առջեւ քանդակազարդ պատրիարքական գահն է:
18-րդ դարէն ցարդ` աւագ խորանին առջեւ թաղուած են հայ կաթողիկէ նուիրապետութեան կաթողիկոս-պատրիարքները:
Եկեղեցւոյ հիմնադրութենէն ետք հոն տեղադրուած է հանրայայտ Ցաւագին Տիրամօր կտաւը, զոր միաբանութեանս հիմնադիր հայրապետ Աբրահամ Ա. Արծիւեանը իրեն հետ բերած է Հռոմէն:
Տիրամայրը, իր բարեխօսութեամբ բազում-բազմապիսի հրաշքներ գործած է միաբաններուն եւ հաւատացեալ հօտին ի նպաստ, որուն շնորհիւ նուաճած է հրաշագործ կոչումը:
1802-ին տարերային կայծակի հարուածը կործանած է Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ գմբէթը, որ նոյն տարուան ընթացքին վերանորոգուած է:
1901-ին կառուցուած է եկեղեցւոյ զանգակատունը:
1940-ին մայր եկեղեցւոյ ձախակողմը կառուցուած է Զմմառու Ցաւագին Տիրամօր մատուռը, որուն խորանին զետեղուած է Փոխման Ս. Կուսին եկեղեցիէն տեղափոխուած Տիրամօր սրբապատկերը: Մատուռը օծած է կարտինալ Գրիգոր-Պետրոս Աղաճանեան եւ այդ օրէն Տիրամօր Վերափոխման տօնը հաստատուած է` իբրեւ Զմմառու ուխտի օր:
1945-ին մայր եկեղեցին նկարազարդած է Յարութիւն Կալենցը: 1946-ին եկեղեցին վերանորոգուած է: 1948-ին կառուցուած է միաբաններու դամբարանը, ուր կանգնած է յարուցեալ Քրիստոսի արձանը:
1975-ին զանգակատան գագաթին զետեղուած է սիւնազարդ գմբէթը` քանդակուած հայկական զարդանկարներով:
Փոխման Ս. Կուսին մայր եկեղեցւոյ մէջ միաբան հայրերը իրենց աղիողորմ մրմունջով, յուզական շշուկով, մեղմօրէն փորձած են Աստուծոյ հետ հաղորդակցիլ եւ վերանալ աշխարհիկ կեանքէն` զգալու Տիրոջ ներկայութիւնը իրենց էութեան մէջ: Այդպիսին էր Ս. Իգնատիոս Մալոյեան, որուն սրբադասման հրամանագիրի ստորագրման միամեակը կը տօնենք` այսօր` 28 մարտին:
Այսօր անթիւ-անհամար մարտահրաւէրներով ծանրաբեռնուած մեր ազգը առաւել եւս կարիքը ունի աստուածային բարեխնամութեանն ու կարեկցանքին:
Զմմառու Տիրամօր ոգեղէն ներկայութիւնը մայրավանքիս կեանքին մէջ ընդհանրապէս եւ մասնաւորապէս ազգի գոյապայքարին ի խնդիր` անխախտ լոյս եւ հաւատք կը ներշնչէ, որով Ան` իր մայրական գթասրտութեամբ եւ անսակարկ սիրով, ի վիճակի է միջնորդ հանդիսանալ առ Բարձեալ, որ Տէրը Իր ողորմածութեամբ մեր ազգի եւ հայրենիքի երերացող նաւը անվտանգ ու ապահով յաւերժութեան ափը հասցնէ:
Այսօր Փոխման Ս. Կուսի մայր եկեղեցին ո՛չ միայն պաշտամունքի վայր է, այլ նաեւ` հայ ժողովուրդի հաւատքի, մշակոյթի եւ պատմութեան անքակտելի մասնիկը` կանգուն մնալով դարերու փոթորիկներուն եւ փորձութիւններուն դիմաց:
