Հայ մարզիկ Կարէն Սարգսեան (մինչեւ 58 քկ կշիռք) դարձաւ «Սամպոյի հիմնադիրներու բաժակ 2026»-ի մրցաշարքի ոսկի մետալակիր:
Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցած այս մրցաշարքին, Սարգսեան, որ քանի մը օր առաջ դարձած էր Հայաստանի ախոյեան, անգամ մը եւս փաստեց իր բարձր մակարդակը:
Մրցաշարքի ընթացքին Սարգսեան շարք մը համոզիչ յաղթանակներ արձանագրելէ ետք ռուս զօրաւոր մրցակիցներու դէմ, բարձրացաւ պատուոյ հարթակի ամէնէն բարձր աստիճանը:
Այս մրցաշարքին ոսկի մետալ շահեցաւ նաեւ Վահրամ Սարգսեան (71 քկ), որ կը ներկայացնէ Ռուսիան: