Երէկ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած են Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարները:
Հայկական կողմի հաղորդումով` Արարատ Միրզոյեանն ու Ճէյհուն Պայրամովը «գոհունակութեամբ նշած են Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ հետագայ կարգաւորման գործընթացին մէջ առկայ դրական զարգացումները»:
Արտաքին գործոց նախարարները նաեւ քննարկել են շրջանային եւ այլ հարթակներու մէջ փոխադարձ գործակցութիւնը: