ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային Վարչութիւնը Այցելեց Լիբանանի Երեք Համայնքապետներուն

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին հետ հանդիպումէն ետք, ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի նորընտիր Շրջանային վարչութիւնը նախորդ շաբթուան ընթացքին այցելութիւններ տուաւ Լիբանանի երեք համայնքապետներուն:

Վարչականները այցելեցին Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանին, Մերձաւոր Արեւելքի հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան (ՄԱՀԱԵՄ) նախագահի տեղապահ, Հայկազեան համալսարանի նախագահ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեանին եւ հայ կաթողիկէ Ռաֆայէլ-Պետրոս ԻԱ. կաթողիկոս-պատրիարքին:

Հանդիպումները առիթ եղան ընդհանուր գիծերու մէջ ներկայացնելու նորընտիր վարչութեան յառաջիկայ երկու տարուան ծրագիրները: Միութեան գործելադաշտին անդրադառնալէ ետք, քննարկումի նիւթ դարձան երկրի այսօրուան դժուար պայմաններուն մէջ միութենական կեանքի կարեւորութիւնը եւ զանազան աշխատանքներու մէջ նորութիւն ներառելու անհրաժեշտութիւնը:

Հանդիպումներու ընթացքին յատկապէս շեշտուեցաւ ՀՄԸՄ-ի առանցքային դերակատարութիւնը` երիտասարդութեան հայեցի կրթութեան եւ ազգային արժէքներու պահպանութեան մէջ:

Լիբանանի հայ երեք համայնքապետները,  ողջունելէ, ետք նորընտիր վարչութեան անդամները, յաջողութիւն մաղթեցին միութեան հետագայ աշխատանքներուն:

Հանդիպումներու աւարտին վերահաստատուեցաւ համագործակցութիւնը շարունակելու պատրաստակամութիւնը` ի նպաստ հայ երիտասարդութեան դաստիարակութեան եւ համայնքային կեանքի զարգացման:

Leave a Comment