«Էն. Պի. Էյ.»-ի մրցումները շարունակուեցան երէկ, եւ Սան Անթոնիօ Սփըրզ շահելէ ետք Մայեմի Հիթի դէմ իր մրցումը (136-111), գրաւեց հարաւարեւմտեան շրջանի պարագլուխի դիրքը, զոր 9 տարեշրջաններէ ի վեր ձախողած էր շահիլ:
Նկատի ունենալով, որ բնական եղանակը իր վերջին 10-11 մրցումներուն հասած է, Սփըրզ շահեցաւ հարաւարեւմտեան տիտղոսը, մինչ Օքլահոմա Սիթի Թանտըր հիւսիսարեւմտեան ախոյեանը դարձաւ:
Մինչեւ օրս Արեւմտեան շրջանէն Սաքրամենթօ Քինկզ, Եութա Ճեզ եւ Տալաս Մեւրիքս դուրս մնացած են փլէյ օֆէն, մինչ Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ կը պայքարի 10-րդ դիրքին համար, փլէյ ին խաղալու յոյսով:
Արեւելեան շրջանէն դուրս մնացած են Ինտիանա Փէյսըրզ, Ուաշինկթըն Ուիզըրտծ եւ Պրուքլին Նեթց, բայց Տիթրոյիթ Փիսթընզ անկախ միայն Պոսթըն Սելթիքս, Նիւ Եորք Նիքս եւ Քլիվլենտ Քեվելիրզ ապահոված են փլէյ օֆի հասնիլը:
Վերադառնալով Սփըրզ – Հիթ մրցումին, ֆրանսացի Վիքթոր Ուեմպանեամա 26 կէտ եւ 15 ռիպաունտ ձեռք ձգեց եւ մրցումի աւարտին յայտնեց, որ կը փափաքի տարեշրջանի աւարտին «Էմ. Վի. Փի.»-ի տիտղոսը շահիլ:
«Ուեմպի», որ միջին հաշուով 24,3 կէտ, 11,2 ռիպաունտ, 3 էսիսթ եւ 3 պլոք ձեռք կը ձգէ ամէն մրցումի ընթացքին, ըսաւ. «Կը մտածեմ այդ մասին: Կարծեմ այժմ քննարկում կայ այդ գծով: Պէտք է ըլլայ, հակառակ անոր որ ես կը կարծեմ, թէ պէտք է ըլլամ առաջին դիրքին վրայ: Կ՛ուզեմ եւ կը փորձեմ տարեշրջանը աւարտել առանց որ քննարկում մնայ»:
Միայն 6 մարզիկներ «Ուեմպի»-ի նման արդիւնքներ ձեռք ձգած են «Էն. Պի. Էյ.»-ի պատմութեան ընթացքին: Քարիմ Ապտուլ Ժապպար (5 անգամ), Հաքիմ Օլաճուոն (2 անգամ), Շաքիլ Օ՛նիլ, Փաթրիք Եուինկ եւ Տէյվիտ Ռոպինսըն մէկական անգամ: 6-րդ մարզիկն ալ… նոյնինքն «Ուեմպի»-ն էր անցեալ եղանակին միայն 46 մրցումներէ ետք:
Ստորեւ` երէկուան մրցումներուն արդիւնքները.
Տիթրոյիթ Փիսթընզ – Լոս Անճելըս Լէյքըրզ 113-110
Օրլանտօ Մէճիք – Ինտիանա Փէյսըրզ 126-128
Ֆիլատելֆիա 76-ըրզ – Օքլահոմա Սիթի Թանտըր 103-123
Մայեմի Հիթ – Սան Անթոնիօ Սփըրզ 111-136
Աթլանթա Հոքս – Մեմֆիս Կրիզլիզ 146-107
Շիքակօ Պուլզ – Հիուսթըն Ռոքեթց 132-124
Եութա Ճեզ – Թորոնթօ Ռեփթըրզ 127-143
Տալաս Մեւրիքս – Կոլտըն Սթէյրթ Ուորիըրզ 131-137
Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզ – Պրուքլին Նեթց 134-99
Լոս Անճելըս Քլիփըրզ – Միլուոքի Պաքս 129-96