«Էն. Էմ. Էյ.» Հինգ Հայկական Յաղթանակներ Եւ Երեք Ախոյեաններ

Քալիֆորնիոյ մէջ (Միացեալ Նահանգներ) տեղի ունեցաւ «Էմ. Էմ. Էյ.»-ի «Եու. Էն. Էֆ. 32» մրցաշարքը, որուն ընթացքին հայ մարտիկները ցուցադրեցին բարձր մակարդակ` արձանագրելով 2 յաղթանակ` արհեստավարժ մենամարտերուն եւ երեք յաղթանակ` կէս-արհեստավարժ մենամարտերու ընթացքին:

Արհեստավարժ մենամարտի երեկոյի գլխաւոր յաջողութիւնը ունեցաւ Արթուր Յարութիւնեան: Իր նախկին 7 ելոյթներէն 6-ն յաղթելէ ետք, Արթուր ժամանակէն առաջ պարտութեան մատնեց Քրիսթոֆըր Քրուզը` խեղդող հնարքի շնորհիւ նուաճելով «Եու. Էն. Էֆ.»-ի թեթեւագոյն կշիռի ախոյեանի գօտին:

Ալպերթ Թադեւոսեան իր կարգին տիտղոսի ելոյթ ունէր, բայց պարտութիւն կրեց Թոմի Արոնէն, որ նաք-աութով շահեցաւ մրցումը:

Պարգեւ Խաչատրեան իր 3-րդ մրցումն ալ յաղթանակով աւարտեց, երբ նաք-աութով յաղթեց Թոտ Սթեֆորտին:

Կէս-արհեստավարժ մրցումներուն, հայ մարտիկները 100 տոկոս յաղթանակ արձանագրեցին:

Սեւակ Յակոբեան իր 6-րդ ելոյթին 5-րդ յաղթանակը տարաւ` իրաւարարներու միաձայն որոշումով յաղթելով Կրիկոր Պալքեանին, եւ դարձաւ կիսամիջին կշիռի ախոյեան:

Էդուարդ Զողրաբեան իր 3-րդ յաջորդական յաղթանակը արձանագրեց թեքնիք նաք-աութով յաղթելով Էլայճա Տիուքի եւ նուաճելով ոչ միայն «Եու. Էն. Էֆ.»-ի թեթեւագոյն կշիռի գօտին, այլ նաեւ դառնալով Քալիֆորնիոյ նոյն կշիռի ախոյեան:

Արմէն Քոչարեան իր 2-րդ մրցումը կատարեց եւ նոյնպէս յաղթանակ տարաւ` միաձայն որոշմամբ յաղթելով Տիեկօ Պատիլիոյին:

 

 

 

Leave a Comment