Ճատրակ. Հայկ Մարտիրոսեան Առաջին Դիրքի Վրայ

Հայաստանի ճատրակի տղոց խումբի անդամ Հայկ Մարտիրոսեան կը մասնակցի Ուզպեքիստանի մէջ տեղի ունեցող «Թաշքենտի 19-րդ Ակզամովի» յիշատակին նուիրուած միջազգային մրցաշարքին:

Թիւ 1 դասուած Մարտիրոսեան 6 հանգրուաններէ ետք կը գրաւէ առաջին դիրքը` 10 հանգրուաններէ բաղկացող այս մրցաշարքին` 5 կէտերով: Նոյնքան կէտեր ունի ռուս Արտեմ Ոաքով, որ պիտի ըլլայ Մարտիրոսեանի մրցակիցը 7-րդ հանգրուանին` այսօր: 101 վարպետներ կը մասնակցին այս մրցաշարքին:

 

Leave a Comment