Վաղը մահուան քառասունքն է ընկեր Սարգիս Մահսէրէճեանին՝ շատերուն ծանօթ եւ սիրելի ընկեր Սագոյին, «Ազդակ»ի՛ Սագոյին, որ 10 Փետրուարին անդարձ մեկնեցաւ, հայ մամուլին եւ մանկական գրականութեան պատկառելի աւանդ մը ձգած իր ետին։
Ընկեր Սագոյին ծառայութեան գլխաւոր դաշտը եղաւ Լիբանանը, ուր 1976-1997 ան մաս կազմեց Հ.Յ.Դ. Լիբանանի «Ազդակ» օրաթերթի անձնակազմին, նախ իբրեւ օգնական խմբագիր, ապա՝ խմբագիր եւ վերջապէս՝ տնօրէն եւ պատասխանատու խմբագիր։ Լիբանանեան պատերազմի ամէնէն ահաւոր օրերուն, ընկեր Սագօ Դաշնակցականի խիզախութեամբ եղաւ ու մնաց պատնէշի վրայ։ Արթուն պահակի նման չլքե՛ց դիրքը, չթերացա՛ւ պարտականութեան մէջ, ընդհակառակն՝ «Ազդակ»ը դարձուց իր առաջին տունը, գործեց ու յաճախ ապրեցաւ «Ազդակ»ի մէջ, որպէսզի թերթը լոյս տեսնէ անխափան։ Ան գիշերներ լուսցուց, առողջութիւնը քայքայեց, ջիղերը մաշեցուց, որպէսզի Դաշնակցութեան խօսքն ու կեցուածքը անսխալ կողմնացոյցի նման ուղղեն մեր ժողովուրդը եւ զայն առաջնորդեն ճիշդ ճամբէն։
Ընկեր Սագօն մինչեւ վերջին շունչ մնաց Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան արժէքներուն հաւատաւոր պաշտպանը։ Եղաւ պարկեշտ ու ազնիւ։ Չմխրճուեցաւ առօրեայ ճղճիմ հարցերու եւ ըսի-ըսաւներու մէջ։ Հեռու մնաց պայքարներէ եւ շահախնդիր մօտեցումներէ։ Եղաւ գործի՛ մարդ։ Հաւատաց հաւաքական աշխատանքի կարեւորութեան եւ իր շուրջ բոլորեց երիտասարդ հաւատաւորներ, որոնց փոխանցեց իր փորձառութիւններն ու հմտութիւնները։
Խօսիլ ընկեր Սագոյին մասին կը նշանակէ խօսիլ Դաշնակցականի եզակի յատկութիւններուն մասին։ Կը նշանակէ խօսիլ հետզհետէ մեր շրջապատէն բացակայող համեստութեան, ծառայասիրութեան, զոհաբերութեան եւ անմնացորդ նուիրումի մասին։ Ընկեր Սագօն այս բոլոր յատկութիւններով օժտուած էր Հ.Յ.Դ. «Զաւարեան» Ուսանողական Միութեան անդամակցութեան առաջին օրերէն մինչեւ Լիբանանի Հ.Յ.Դ. «Դրօ» կոմիտէութեան ու ապա՝ Մ. Նահանգներու «Ռոստոմ» կոմիտէութեան մաս կազմելը։
Հալէպ ծնած, իր կեանքին մեծագոյն մասը Լիբանան անցուցած եւ վերջին 28 տարին Մ. Նահանգներ հաստատուած մեր սիրելի ընկերը աշխարհով մէկ ունեցաւ մեծաթիւ ընթերցողներ եւ հետեւողներ, որոնք օրը-օրին սպասեցին իր գրութիւնները։ Յաճախ իրեն սպասեցին նաեւ պատանիները, որովհետեւ ան մշակեց մանկապատանեկան հարուստ գրականութիւն։
Մ. Նահանգներ հաստատուելէ ետք, ընկեր Սագօ 20 տարի ծառայեց Ազգային Առաջնորդարանին, եղաւ պարկեշտ ու ժրաջան դիւանապետ, ուղղամիտ եւ շրջահայեաց մարդ, յարգուած ու սիրուած բոլորէն։
Վերջին տարիներուն ան ամբողջութեամբ նուիրուեցաւ հրապարակագրութեան եւ Դաշնակցական մամուլին յանձնեց հարիւրաւոր արժէքաւոր գրութիւններ։
40 օրեր առաջ, ան իր յաւիտենական ճամբորդութեան ձեռնարկեց խռոված սիրտով, ի տես հայութեան եւ Հայաստանին պարզած ներկայ տխուր վիճակին։
Ան մեկնեցաւ ազգային-կուսակցական կեանքի բոլոր դառնութիւնները ճաշակած ըլլալու անհանգստութեամբ։
Բայց նաեւ, մեկնեցաւ Դաշնակցական խօսքը արժեւորելու եւ Դաշնակցական գործը խօսքին համապատասխանեցնելու թելադրանքով։
Իր ձգած աւանդը, իր մտածումները, գրութիւնները ու մանաւա՛նդ Դաշնակցականի պայծառ կերպարը յաւերժ ներշնչող պիտի մնան բոլորիս։
Հողը թեթեւ գայ վրադ, սիրելի՛ ընկեր Սագօ։
