Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆայսալ Պըն Ֆարհան Ալ Սէուտ իշխանը Ռիատի մէջ արաբական եւ իսլամական պետութիւններու արտաքին գործոց նախարարներու Սէուտական Արաբիոյ հրաւէրով խորհրդակցական ժողովի ծիրին մէջ համակարգումի ժողով մը գումարեց Փաքիստանի, Թուրքիոյ եւ Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարարներուն հետ:
Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով հաղորդեց, որ քառակողմ հանդիպումի ընթացքին քննարկուած է «շրջանին մէջ իրանեան մագլցումը եւ շրջանին մէջ անվտանգութեան ու կայունութեան հաստատման համար խորհրդակցութիւնն ու միացեալ ջանքերու համակարգումը շարունակելու կարեւորութիւնը»: