Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն երէկ կէսօրէ առաջ Պաապտայի պալատին մէջ նախագահեց ապահովական ժողովի մը, որ յատկացուած էր երկրին մէջ ապահովական կացութեան եւ իսրայէլեան յարձակումներու տարբեր մակարդակներու վրայ հետեւանքներու քննարկման:
Ժողովին ներկայ գտնուեցան պաշտպանութեան նախարար Միշել Մնասսան, ներքին գործոց եւ քաղաքապետութիւններու հարցերու նախարար Ահմետ Հաժժարը, բանակի հրամանատար զօր. Ռուտոլֆ Հայքալը, ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ռայետ Ապտալլան, Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Հասան Շուքէյրը, Պետական անվտանգութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Էտկար Լաոնտոսը, անոր տեղակալ Մուրշետ Հաժ Սլէյմանը, բանակի գաղտնի սպասարկութիւններու տնօրէն զօր. Անթուան Քահուաժին, ներքին ապահովութեան ուժերու տեղեկահաւաքի բաժանմունքի տնօրէն Մոհամետ Քըպրըսլին, Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէնութեան տեղեկահաւաքի պետ Թոնի Սիսան:
Զինուորական եւ ապահովական ծառայութիւններու ղեկավարները ներկայացուցին լիբանանեան տարբեր շրջաններուն շուրջ ապահովական զեկուցումները, ինչպէս նաեւ Լիբանան-Սուրիա սահմանին կացութիւնն ու սուրիական իշխանութիւններուն հետ անոր վրայ կայունութեան պահպանման համար ընթացող համակարգումը:
Ժողովականները նաեւ անդրադարձան սուրիացի գաղթականներու կացութեան, ինչպէս նաեւ ներկայացուցին յառաջիկայ տօներուն առիթով պաշտամունքի վայրերուն մօտ որդեգրուելիք քայլերը:
Նախագահ Աուն ժողովի ընթացքին նշեց զինուորական եւ ապահովական ուժերու ամբողջական պատրաստուածութեան անհրաժեշտութիւնը` կոչ ուղղելով, որ երկրին մէջ քաղաքական հռետորաբանութիւնը ըլլայ հայրենասիրական, որ կը կեդրոնանայ լիբանանցիներուն միասնականութեան եւ փոխադարձ զօրակցութեան վրայ: Ան նաեւ կոչ ուղղեց մերժելու պառակտումը, համայնքային եւ սադրանքի գրգռութիւնը:
Հանրապետութեան նախագահը կոչ ուղղեց, որ այս ցուցմունքը կիրարկուի նաեւ լրատուամիջոցներու եւ ընկերային ցանցերու էջերուն մէջ` նկատի ունենալով ներկայ պայմաններուն մէջ լրատուութեան կարեւոր դերակատարութիւնը:
Աուն անհրաժեշտ նկատեց բռնի տեղահանուածներուն յաւելեալ պատսպարաններ ապահովելը եւ շեշտեց իւրաքանչիւր քաղաքացիի ու բնակիչի գործող օրէնքներու պայմաններուն մէջ արժանապատուութեան երաշխաւորումը, ինչպէս նաեւ ընդգծեց, որ անհրաժեշտ է գիներուն հսկել եւ պայքարիլ մենաշնորհներուն դէմ:
Հանրապետութեան նախագահը ընդգծեց, որ ներկայ փուլը կը պահանջէ հսկողութիւն եւ պատասխանատուութեան բարձր մակարդակ` հեռու մնալով անձնական հաշիւներէ: