«Էն. Պի. Էյ.»-ի երէկուան մրցումներուն, «տաք ճակատում»-ի մը ընթացքին Սան Անթոնիօ Սփըրզ 119-115 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Լոս Անճելըս Քլիփըրզը, որ պահ մը 14 կէտի առաւելութիւն ալ ունեցաւ:
Վիքթոր Ուեմպանեամա 21 կէտ եւ 13 ռիպաունտ ձեռք ձգեց եւ 24 կէտերու առաւելութիւն ալ ունեցաւ, բայց վերջին վայրկեաններուն Քլիփըրզ քիչ մնաց անակնկալ ստեղծէր, եթէ Սփըրզ չկարենար վերահսկել մրցումին:
Տարիըս Կարլենտ իր լաւագոյն մրցումը ունեցաւ Քլիփըրզի հետ (միանալէ ետք Քլիվլենտէն) եւ նշանակեց 25 կէտ, 10 էսիսթներու օգնութեամբ, մինչ Ճորտըն Միլըր 22 կէտ աւելցուց ի նպաստ Քլիփըրզի, որմէ կը բացակայէր Քուայ Լենըրտ (վիրաւոր):
Լուքա Տոնչիչ փայլուն ելոյթ մը եւս ունեցաւ` նշանակելով 36 կէտ ի նպաստ Լէյքըրզի, որ 100-92 արդիւնքով յաղթեց Ռոքեթցին` յաջորդական 6-րդ յաղթանակը արձանագրելով:
Շիքակօ Պուլզ մեծ տարբերութեամբ պարտութեան մատնեց Մեմֆիս Կրիզլիզը, ուր Ճոշ Կիտի իր 4-րդ թրիփըլ-տապըլը ձեռք ձգեց` վերջին 5 մրցումներուն նշանակելով 16 կէտ, 15 ռիպաունտ եւ 13 էսիսթ:
Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզի մարզիչ Սթիւ Քերր դարձաւ 4-րդ մարզիչը, որ ամէնէն կարճ ժամանակամիջոցին արձանագրեց 600 յաղթանակ, Ֆիլ Ճեքսընի, Փաթ Ռայլիի եւ Կրեկ Փոփովիչի հետ, երբ Ուորիըրզ 125-117 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Ուաշինկթըն Ուիզըրտծը:
Ստորեւ` երէկուան մրցումներուն արդիւնքները.
Աթալանթա Հոքս – Օրլանտօ Մեճիք 124-112
Ուաշինկթըն Ուիզըրտծ – Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ 117-125
Պրուքլին Նեթց – Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզ 95-114
Պոսթըն Սելթիքս – Ֆինիքս Սանզ 120-112
Շիքակօ Պուլզ – Մեմֆիս Կրիզլիզ 132-107
Նիւ Օրլինզ Փելիքընզ – Տալաս Մեւրիքս 129-111
Հիուսթըն Ռոքեթց – Լոս Անճելըս Լէյքըրզ 92-100
Լոս Անճելըս Քլիփըրզ – Սան Անթոնիօ Սփըրզ 115-119