Դաշնակցութեան օրուան կամ մեր կուսակցութեան հիմնադրութեան 135-ամեակի նշումը կ՛ենթադրէ ամէնէն շատ մեր այսօրուան խնդիրները լոյսին բերելն ու մանաւանդ հետագայ գործունէութեան հիմնական ուղղութիւնները ճշդելը:
Յունաստանի Թեսաղոնիկէ քաղաքին մէջ այս բոլոր առաջադրանքներուն մասին խօսիլը նախ կը յուշէ, որ մենք պէտք է անդրադառնանք այս միջավայրին մէջ Դաշնակցութեան կատարած պատմական գործունէութեան` իբրեւ կուսակցութեան հիմնադրութեան ժամանակներուն խումբերու յառաջացում, իբրեւ տարանցիկ կէտ ծառայելով Պոլիս-Մակեդոնիա-Եւրոպա ուղղութեամբ, դրամահաւաքներու կազմակերպում եւ զինական օժանդակութեան տեղափոխում: Ցեղասպանութեան օրերուն այստեղ տարուած գաղթականներու տեղաւորման հսկայական աշխատանք, յատկապէս Թրակիոյ, Մակեդոնիոյ, Գոմոթինիի, ապա շրջանի կարեւորագոյն կեդրոն Թեսաղոնիկէի մէջ:
Ապա, Առաջին Հանրապետութեան հետ կապերու հաստատում, իսկ փոքր Ասիոյ աղէտէն ետք համայնքի առաջնորդի դերի ստանձնում, միութիւններու յառաջացում եւ դպրոցական ու եկեղեցական կառոյցներու ամրապնդում: Աւելի ժամանակակից` Հայ դատի աշխատանքներու նախաձեռնում եւ աշխուժ մասնակցութիւն:
Թեսաղոնիկէի մեր կազմակերպութիւնը ինչպէս անցեալին, այնպէս նաեւ այսօր իր հիմնական նպաստը կը բերէ թէ՛ համայնքային ընդհանուր գործունէութեան կազմակերպման աշխատանքներուն եւ թէ՛ Հայ դատի համահայկական օրակարգերուն: Այս շրջանին մէջ է, որ կազմակերպուեցան մեր համահայկական օրակարգերու ամէնէն այժմէական հարցերը ընդգրկող գիտաժողովներ, խորհրդաժողովներ, որոնց իրենց մասնակցութիւնը բերին հայրենիքէն եւ սփիւռքեան այլ շրջաններէ մասնագէտներ: Եւ ահա 50-ական թուականներուն Թեսաղոնիկէի հայ համայնքի կազմակերպ կեանքին հիմնաքարը հանդիսացած թաղային խորհուրդի իրերայաջորդ սերունդներու տքնաջան աշխատանքով եւ շատ մը նուիրեալ գործիչներու համախմբումով կը շարունակուի գործը` մինչեւ այսօր դպրոց-եկեղեցի-ակումբ եռանկիւնին շուրջ համախմբելով այս շրջանի հայութիւնը:
Պէտք է արձանագրել, որ բարենպաստ պայմաններու մէջ չէ, որ կը նշենք Դաշնակցութեան հիմնադրութեան տարեդարձը: Հայաթափուած ու բռնագրաւուած Արցախ, հայաստանեան ներխուժուած տարածքներ, ռազմագերիներ Պաքուի բանտերուն մէջ: Ներքին առումով, պառակտուած վիճակ, իշխանութիւններ-Եկեղեցի սուր հակամարտութիւն: Թշնամիին յոխորտանքները կը շարունակուին. պահանջ` Սահմանադրութիւն փոխելու, ազրպէյճանցիներ Հայաստան վերաբնակեցնելու: Մինչ Ազրպէյճանի պահանջով կը լուծարուի ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խումբը, որ միջազգային որոշումով լիազօրուած էր վարելու արցախեան բանակցութիւնները, Երեւանը կը հրաժարի միջազգային դատական ատեաններու մօտ Ազրպէյճանի ռազմական յանցագործութիւններու դէմ բացած դատերէն: Խաղաղութեան պայմանագիրը ստորագրելու համար Պաքուն կը շարունակէ նոր պայմաններ դնել Հայաստանի Հանրապետութեան:
Այսօրուան պայմաններուն մէջ համահայկական երեք օրակարգ իր շուրջ կրնայ համախմբել բոլոր կազմակերպութիւնները, համակարգուած եւ նպատակաուղղուած ձեւով հետապնդելու համար Հայ դատի ներկայ առաջադրանքները.
Ա) Պաքուի մէջ պահուող Արցախի ղեկավարութեան եւ հայ ռազմագերիներու ազատ արձակումը:
Բ) Միջազգային երաշխաւորութեամբ Արցախի ժողովուրդին հաւաքական վերադարձը:
Գ) Հայ հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան դէմ կիրարկուող բնաջնջումի քաղաքականութեան կասեցումը:
Ազրպէյճանը, Թուրքիոյ նման, ինչպէս Նախիջեւանի, այնպէս նաեւ Արցախի մէջ կազմակերպեց եւ գործադրեց մշակութային ցեղասպանութիւն` քանդելով հայկական գերեզմաններն ու խաչքարերը, բնաջնջելով ամէն հայկական վանք, եկեղեցի եւ հայապատկան ամէն հետք:
Մեր խնդիրը պիտի ըլլայ մշակութային այս ցեղասպանութեան մասին միջազգային ատեաններուն մօտ հետեւողական աշխատանք տանիլ, որպէսզի ճնշում բանեցնեն Ազրպէյճանի վրայ, դատապարտեն քաղաքակրթութեան դէմ այս ձեռնարկուած արշաւը եւ պարտադրեն կանգնեցնել այս քանդիչ քաղաքականութիւնը:
Այստեղ անմիջապէս արձանագրենք, թէ ինչքա՛ն հեռանկարային աշխատանք կատարած է Յունաստանի Հայ դատի յանձնախումբը գիտական մակարդակով հրատարակելու համար Արցախի հոգեւոր եւ մշակութային ժառանգութեան մասին պատկերազարդ որակեալ եւ պատմական ծանօթագրութիւններով հարուստ թղթածրարը, 2006-ին: Այդ հրատարակութիւնը ուղղակի ուղենշային իմաստ ունի այսօրուան մեր համահայկական օրակարգին համար:
Փաստավաւերագրական հատոր մը, ուր երեւցող ամէն խաչքար, ամէն եկեղեցի ու վանք, ամէն մէկ գերեզման եւ մշակութային կոթող ինքնին փաստ է Արցախի հայապատկանելիութեան: Այս հատորը քաղաքական հսկայական նշանակութիւն ունի այս օրերուն մանաւանդ, երբ Ազրպէյճան կը նենգափոխէ պատմութիւնը եւ իբրեւ աղուանական կամ ուտիական ժառանգութիւն կը ներկայացնէ մեր ճարտարապետական հարստութիւնը:
Քաղաքակրթական բնոյթի պատերազմ կը մղուի այսօր Հայաստանին ու հայութեան դէմ: Արցախի հոգեւոր մշակութային ժառանգութեան պահպանման, անոնց հայապատականելիութեան ամրագրման համար հզօր միջոց է Յունաստանի Հայ դատի յանձնախումբի հրատարակած հատորը` ամբողջութեամբ նուիրուած Արցախի քաղաքակրթական պատկերին:
Այս ուղենիշը պէտք է առաջնորդէ թէ՛ պետութիւնը եւ թէ՛ ամբողջ հասարակական համայնքները այս համահայկական օրակարգին շուրջ համախմբուելու եւ անոր իրականացման ուղղութեամբ աշխատելու:
Համահայկական այս օրակարգերը արծարծուեցան Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահին Յունաստան այցելութեան առիթով ՀՅԴ Յունաստանի Կեդրոնական կոմիտէի հրապարակած յայտարարութեամբ: Այնտեղ ներառուած են կուսակցութեան ընդդիմադիր դիրքորոշումի բոլոր հիմնաւորումները` Սահմանադրական խախտումներէն մինչեւ ազգի պառակտում, մինչեւ հայ եկեղեցականներու դէմ սանձազերծուած արշաւ եւ ժողովրդավարական նորմերու շրջանցում: Շեշտելով, որ միայն սահմանադրութեան ոգիով առաջնորդուող պետութիւնն է, որ կրնայ պահել ազգային միասնականութիւնը եւ ամրապնդել իր միջազգային հեղինակութիւնը:
Սահմանադրական ոգիի կառչած մնալով ազգի միասնականութեան ընդգծումը Յունաստանի Կեդրոնական կոմիտէին կողմէ աւելի քան այժմէական կը հնչէ: Սահմանադրական ոգին, որ ազգի միասնականութիւնը կը պահպանէ, բանաձեւուած է սահմանադրութեան նախաբանով իրաւական յղում կատարուած Անկախութեան հռչակագիրին մէջ, ուր խօսք կայ թէ՛ Արցախին` Հայաստանի Հանրապետութեան միաւորումին, թէ՛ Ցեղասսպանութեան միջազգային ճանաչումին սատար կանգնելու հրամայականին, թէ՛ պատմական իրաւունքներու վերականգնման եւ արդարութեան վերահաստատման: Այնտեղ է նաեւ, որ կ՛ըսուի, թէ Հայաստանի Հանրապետութիւնը կը ստանձնէ մայիս 28-եան ժողովրդավարական աւանդութիւններու շարունակութեան յանձնառութիւնը: Այլ խօսքով` մայիսեան ազգային միասնականութեան կառչած մնալու սկզբունքի որդեգրումը:
Ահա թէ ինչո՛ւ սահմանադրութեան փոփոխութեան պատրուակին տակ Անկախութեան հռչակագիրը պէտք չէ կորսնցնէ իր սահմանադրական եւ իրաւական ուժը: ՀՅԴ Յունաստանի Կեդրոնական կոմիտէն իր այս յայտարարութեամբ փաստօրէն այս ահազանգն է, որ կը հնչեցնէ, երբ կը հաստատէ, որ միայն սահմանադրական ոգիով առաջնորդուող պետութիւնը կրնայ պահել ազգային միասնականութիւնը եւ միջազգային հեղինակութիւնը:
Փորձենք աւելի խորանալ եւ տեսնել, որ, այո՛, մեր հայրենիքի պետութեան միջազգային հեղինակութեան պահպանման համար պարարտ ենթահող են սփիւռքը եւ սփիւռքեան մեր գաղութներուն մէջ գործող հայ քաղաքական գործօնը: Սփիւռքեան մեր կազմակերպ գաղութներն են, որոնք կրնան կամուրջի դեր կատարել տուեալ երկրին եւ Հայաստանի Հանրապետութեան միջեւ եւ այդպիսով բարձրացնել մեր պետութեան հեղինակութիւնը:
Ահա այստեղ է, որ Յունաստանի ԿԿ-ը իրաւամբ կը տարանջատէ իշխանութիւններ ու պետութիւն հասկացողութիւնները: Իշխանութիւնները գնայուն են, իսկ պետութիւնը` մնայուն: Նոյն յայտարարութեան մէջ կը հաստատուի, որ հայ-յունական պատմական բարեկամութիւնն ու բազմաոլորտ գործակցութեան զարգացումը կը բխին երկու պետութիւններու եւ ժողովուրդներու կենսական շահերէն: ԿԿ-ը կ՛ողջունէ նաեւ պետական բարձր մակարդակի յարաբերութիւններու խորացումը` ակնկալելով, որ անիկա պիտի ծառայէ տարածաշրջանի կայունութեան եւ ժողովուրդներու բարօրութեան:
Ուրեմն ողջունել եւ նպաստել միջպետական յարաբերութիւններու խորացման` բարձրացնելու համար Հայաստանի պետութեան միջազգային հեղինակութիւնը: Եւ արձանագրել, որ այդ յարաբերութիւնը պիտի ծառայէ տարածաշրջանի կայունութեան: Այստեղ շատ յստակ է քաղաքական ակնարկը: Տարածաշրջանին մէջ կայ թէ՛ Յունաստանին եւ թէ՛ Հայաստանին սպառնացող երկիր, որ երկու ուղղութեամբ ալ տարբեր առիթներով սպառնալիքներ կը հնչեցնէ: Եւ այս առումով յայտարարութիւնը կը հրաւիրէ առարկայական գնահատականը կատարելու Յունաստան-Հայաստան տարբեր ոլորտներու ուղղութեամբ առաջադրուած համագործակցութեան:
Միեւնոյն համահայկական օրակարգերու ուղղութեամբ սկզբունքային կեցուածքներու նկատառումով էր, որ Դաշնակցութեան Յունաստանի Հայ դատի յանձնախումբը իր բողոքի ձայնը լսելի դարձուց այն խորհրդարանականներուն, որոնք ընդառաջած էին Պաքուի հրաւէրին` մեկնելով բռնագրաւուած Արցախ: Ազատութեան եւ ժողովրդավարութեան հետամուտ, այդ արժէքային քաղաքակրթութեան տէր երկրի խորհրդարանականները գործ ունէին ազատութեան հիման վրայ եւ ամէնէն ժողովրդավար կարգերով անկախացած Արցախի բոլոր իրաւունքները ոտնակոխած Պաքուի իշխանութիւններուն հետ: Արցախի հայութեան բոլոր ազատութիւնները ճզմած, զիրենք բռնի կերպով տեղահանած, մարդոց ազատ տեղաշարժը արգելած Ազրպէյճանին հետ: Տակաւին: Անոնց ազատութիւնը խլած, շրջափակած, սովի մատնած, ցեղային զտումի ենթարկած նոյն Ազրպէյճանի դիւանագիտական ներկայացուցիչներուն հետ: Իրաւամբ էր, որ Յունաստանի Հայ դատի յանձնախումբը գրաւոր կը ներկայացնէր իր բողոքը եւ կ՛ակնկալէր միջամտութիւն: Այս բոլորը նշելէ ետք բողոքի նամակը կ՛անդրադառնար նաեւ Պաքուի մէջ ապօրինաբար արգելափակուած, Արցախի ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան եւ ռազմագերիներու երեւոյթին: Յունաստանի խորհրդարանականները իրենց սահմանադրական յօդուածներով եւ դաւանած արժէքներով իսկ չէին կրնար հանդուրժել ազատախեղդ այս բոլոր ճնշումները ժողովուրդի մը, որ կը մաքառէր ազատ ապրելու իր մարդկային եւ ազգային իրաւունքներուն համար: Փաստօրէն այս բողոքով Յունաստանի ԿԿ-ը եւ Հայ դատի յանձնախումբը կ՛արծարծէին Հայ դատի անմիջական օրակարգերը:
Նոյն առաջադրանքներով Թեսաղոնիկէի ՀՅԴ «Յակոբ Գասապեան» կոմիտէն եւ տեղւոյն Հայ դատի յանձնախումբը այս անգամ կուսակցական մակարդակով Սիրիզայի ներկայացուցիչներուն հետ արծարծած էին միեւնոյն խնդիրները` Ազրպէյճանի յարձակողապաշտ քաղաքականութիւնը, Արցախի ժողովուրդի բռնատեղահանումը եւ հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան նկատմամբ Ազրպէյճանի կողմէ կիրարկուող բնաջնջումի քաղաքականութիւնը:
Փաստօրէն թէ՛ Աթէնքի եւ թէ՛ Թեսաղոնիկէի մէջ պետական ու կուսակցական մակարդակներով Դաշնակցութիւնը կ՛առաջադրէր մեր ամէնէն այժմէական համահայկական օրակարգերը:
Յունաստանը իր հին փիլիսոփայութեամբ, քաղաքակրթութեամբ պատմութեամբ եւ էութեամբ հոմանիշ է ժողովրդավարութեան ու ազատութեան եւ ազատ մտածողութեան: Ազատութեան, ազատ մտածելու եւ ազատ կարծիք ու տեսակէտ յայտնելու մարդկային իրաւունքը յունական փիլիսոփայկան ակունքներով բանաձեւուած է Յունաստանի գործող սահմանադրութեան մէջ, ուր իրաւական աքթերով ձեւակերպուած են մարդու, քաղաքացիի ամէն տեսակի ազատութիւնները: Դաշնակցութեան Ծրագիրը եւս շատ համահունչ բանաձեւում ունի այս տեսլականին: Բառացիօրէն մեր Ծրագիրը կ՛արձանագրէ. «Ժողովրդավարութիւնը կը խարսխուի մարդկային ու քաղաքացիական իրաւունքներու եւ ազատութեանց յարգումին վրայ: Ան օրէնքով կը պաշտպանէ բազմակարծութիւնը, բազմակուսակցականութիւնը եւ խօսքի, խղճի, մամուլի, ամբողջական ազատութիւնը»:
Վերը նշուածները քանի մը օրինակ են Յունաստանի մէջ Դաշնակցութեան առաջնորդութեամբ քաղաքական գործօնի հանգամանքով մեր համահայկական բանաձեւելի օրակարգերուն ընդառաջ համահայկական նոր քարտէսին մէջ Յունաստանի եւ յունահայութեան անշրջանցելի դիրքն ու դերակատարութիւնը տեսնելու: Յունաստանը աշխուժ անդամ է Եւրոպական Միութեան, Միջերկրականեան տարածքին մէջ նոր գործառոյթներ եւ եռակողմանի տարբեր դաշինքներու մէջ առանցքային դեր կը ստանձնէ: Յունական փորձառութիւնը Թուրքիոյ հետ խնդիրները դիմակայելու, պետութիւն-Եկեղեցի յարաբերութիւնները աւանդական հասկացողութեան հիման վրայ կանոնակարգած ըլլալու, իր պատմական ակունքներուն հիման վրայ ժողովրդավարութիւն, ազատութիւն եւ մարդու իրաւունքներ կերտած ըլլալու, եւ քաղաքացիական հասարակարգ-պետութիւն յարաբերութիւնները ամուր հիմերու վրայ դրած ըլլալու հանգամանքներով աւելի քան անհրաժեշտ է մեզի համար մանաւանդ այս օրերուն` ներկայ ճգնաժամային պայմաններուն մէջ:
Երկու ժողովուրդներն ու պետութիւննները տակաւին բազմաթիւ ոլորտներ եւ ուղիներ ունին համագործակցելու: Իսկ այս կամրջումին մէջ անփոխարինելի դեր կը կատարէ եւ պիտի շարունակէ կատարել յունահայ համայնքի, քաղաքական գործօնը: Այս պարագային` ՀՅԴ Յունաստանի Դաշնակցութեան կազմակերպութիւնը:
Ոչ միայն միջոցները փոխուած են. փոխուած են եւ արագօրէն կը փոխուին պայմանները: Բոլորս այդ արագութեան կանոններուն եւ նոր պայմաններուն համապատասխան մեր համազգային օրակարգերը ճշդելու եւ անոնց ցանցային համակարգով աշխատելու հրամայականին առջեւ կանգնած ենք: Յունահայ համայնքը այս առումով կարեւորագոյն դերակատարութիւն վերցուցած է եւ պատուով կը շարունակէ իր գործը: Ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող գործ, որ հիմնովին կը նպաստէ մեր պետականութեան հզօրացման եւ տարածաշրջանի մէջ կիրարկուող քաղաքական պայմաններու նկատառումով նոր դերակատարութեան ստանձնումին:
Բարի երթ Յունաստանի մեր համայնքին եւ անոր քաղաքական գործօնին` ՀՅԴ Յունաստանի Կեդրոնական կոմիտէութեան:
* Բանախօսութիւնը` ՀՅԴ «Յակոբ Գասապեան» կոմիտէի կազմակերպած Դաշնակցութեան հիմնադրութեան 135-ամեակի ձեռնարկին, Թեսաղոնիկէ, 1 մարտ, 2026:
