«Ուաշինկթընի Վեհաժողովի Կարեւորագոյն Արդիւնքներէն Մէկը ԹՐԻՓՓ-ի` «Զանգեզուրի Միջանցք»-ի Հիմը Դնելն Էր» Կ՛ըսէ Ազրպէյճանի Վարչապետը

Ուաշինկթընեան վեհաժողովի կարեւորագոյն արդիւնքներէն մէկը Թրամփի ուղի` յանուն միջազգային խաղաղութեան եւ բարգաւաճման նախագիծի` «Զանգեզուրի միջանցք»-ի հիմը դնելն էր: Ազրպէյճանական լրատուամիջոցները կը հաղորդեն, որ այս մասին յայտարարած է Ազրպէյճանի վարչապետ Ալի Ասատով:

Լրատուամիջոցները կը նշեն, որ 8 օգոստոս 2025-ին Ուաշինկթընի մէջ Ազրպէյճանի, Միացեալ Նահանգներու եւ Հայաստանի ղեկավարներուն մասնակցութեամբ վեհաժողովը արտօնած է շրջանին մէջ ձեւաւորել աշխարհաքաղաքական նոր իրողութիւններ եւ ստեղծել բարենպաստ պայմաններ կայուն խաղաղութեան եւ զարգացման համար:

«Ուաշինկթընեան խաղաղութեան վեհաժողովի կարեւորագոյն արդիւնքներէն էր նաեւ «Թրամփի ուղի` յանուն միջազգային խաղաղութեան եւ բարգաւաճման» նախագիծի (ԹՐԻՓՓ)` «Զանգեզուրի միջանցք»-ի հիմը դնելը:

«Այս բազմաբնոյթ երթուղին պիտի ապահովէ անարգել կապ Ազրպէյճանի հիմնական մասին եւ Նախիջեւանի Ինքնավար Հանրապետութեան միջեւ, ինչպէս նաեւ պիտի նպաստէ մեր երկրի տարածքով անցնող միջազգային փոխադրամիջոցային եւ տարանցիկ երթուղիներու բազմազանացման», ըսած է Ազրպէյճանի վարչապետը:

Leave a Comment