Տեսակէտ. Մեր Ազգային Պարտաւորութիւնը` Զինեալ Դիմադրութիւններուն Զօրակցելու Եւ Միահեծան Աշխարհ Ստեղծելու Քայլերը Մերժելու

ՐԱՖՖԻ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ

Ազատագրական պայքար մղելու իրաւունքը մաս կը կազմէ ժողովուրդներու ինքնորոշման իրաւունքներու սկզբունքներուն` ամրագրուած Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան 1973-ի 3070 եւ 1982 37/43 բանաձեւերով: Հաւաքականութիւնները նշեալ բանաձեւերով իրաւունք կ՛ունենան «բոլոր հասանելի միջոցներով, ներառեալ` զինուած պայքարով» պաշտպանելու իրենց հողային եւ ազգային իրաւունքները:

Բռնութիւններու, իրաւազրկումներու, անմարդկային արարքներու, տեղահանութիւններու եւ շահագործումներու ենթարկուած հաւաքականութիւնները երբ խաղաղ ու ժողովրդավար միջոցներով չեն կրնար տէր կանգնիլ իրենց արդար ու անժամանցելի իրաւունքներուն, ապա նոյնինքն միջազգային օրէնքով իրաւասութիւն կ՛ունենան դիմելու զինեալ պայքարի` պահպանելու իրենց ֆիզիքական գոյութիւնը, հայրենիքը եւ իրաւունքները:

Օրէնքի եւ ազգերու իրաւունքներու հասկացողութիւններէն անդին, անցնող տասնամեակներուն պատկերը տարբեր էր: Միացեալ Նահանգներն շահակիցներով ու անոր վերջին տարիներուն իրենց ռազմական, քաղաքական, տնտեսական, արհեստագիտական, դիւանագիտական եւ յարաբերական բոլոր կարելիութիւնները ի գործ դրին` հետզհետէ ստեղծելու միահեծան աշխարհ մը, որ պիտի ունենայ մէկ ղեկ` բացարձակ իշխանութիւն, որ օժտուած պիտի ըլլայ աշխարհի որեւէ անկիւնը որեւէ գործողութիւն կատարելու, որեւէ իշխանութիւն փոխելու, որեւէ տուրք սահմանելու, որեւէ քարտէս փոխելու եւ որեւէ որոշում կայացնելու անսահմանափակ եւ անքննարկելի իրաւունք: Միաբեւեռ աշխարհին մէջ փոքրամասնութիւնները եւ փոքր ազգութիւնները քայքայուելու եւ լուծուելու լուրջ  վտանգ կը դիմագրաւեն, որովհետեւ միանձնեայ իշխանութիւնները կարիքը չեն ունենար փոքր պետութիւններուն ու հաւաքականութիւններուն, մինչ բազմաբեւեռ աշխարհին մէջ փոքրամասնութիւնները տեղ եւ ըսելիք կրնան ունենալ:

Մերձաւոր Արեւելքի մէջ 2003-ին Միացեալ Նահանգներու Իրաք ներխուժումը ու Իրաքի իսլամական դիմադրութեան դէմ ծաւալող անաւարտ պայքարը, 2014-ին Եմէնի իշխանութիւններու եւ հութիներու միջեւ քաղաքացիական պատերազմը, 2020-ին Արցախի 44-օրեայ պատերազմն ու Հայաստանի «կապիտուլացիա»-ն, 2022-ին նոր թափ ստացած ռուս-ուքրանական պատերազմը, 2023-ին Իսրայէլ-Համաս պատերազմն ու ամբողջ աշխարհին դիմաց Իսրայէլի անմարդկային ոճիրներն ու աւերները եւ յունուար 2026-ին Վենեզուելլայի նախագահ Նիքոլաս Մատուրոյի Միացեալ Նահանգներու յատուկ գործողութեամբ ապօրինի եւ միջազգային ոչ մէկ օրէնքով սահմանուած ձերբակալութիւնը առաւել եւս ապացուցեցին, որ աշխարհի որոշումի կեդրոնը մէկ տեղ է, մինչ այսպէս կոչուած մեծ պետութիւններ «իրենց կաշին» փրկելու եւ կամ ալ «անկայունութիւն» չստեղծելու համար կը համակերպէին, կը զիջէին, կը լռէին, կ՛անտեսէին` առաւել եւս հարթելով միաբեւեռ աշխարհ ունենալու ուղին:

Մէկ կողմէ ազատագրական շարժումներու դէմ պայքարը եւ միւս կողմէ պետութիւնները «խամաճիկ»-ներու վերածելու մօտեցումը դրսեւորուեցան ընդհանրապէս ուժի ցուցադրութեամբ եւ կամ ալ սահմանափակ ու խորհրդանշական գործողութիւններով, մինչեւ որ ընթացք առաւ Իսրայէլի եւ Միացեալ Նահանգներու պատերազմը Իրանի դէմ:

Անցնող ամիսներուն Միացեալ Նահանգներ ընթացք տուած էր զինուորական կուտակումներու` ցամաքէն ծով, ա՛յն յոյսով, որ մարտանաւերը ահ ու սարսափ պիտի ստեղծեն, եւ Իրանը պիտի յանձնուի: Ներսէն բերդը գրաւելու բոլոր փորձերն ալ չարդիւնաւորուեցան եւ գալիքին ալ շատ դժուար թէ ատիկա ըլլայ, որովհետեւ ամերիկացիները, արհեստագիտութեան տիրապետելով հանդերձ, ըստ երեւոյթին, չեն տիրապետած Իրանի ժողովուրդին ազգային-հոգեւոր վարդապետութեան: Առանց ոչ մէկ փամփուշտի ծունկի բերելու ճիգերը` բանակցութիւններով «կապիտուլացիա» պարտադրելու մօտեցումը, ձախողեցաւ, որուն իբրեւ հետեւանք 28 փետրուարին դիմեցին «սահմանափակ մարտական գործողութիւններու», որոնց մեկնակէտն էր խաղաղ պայմաններու մէջ իրականութիւն դարձնելու մէջ ձախողած քանի մը օրերուն ընթացքին հոգեւոր առաջնորդը ահաբեկելով ու կեդրոնները հարուածելով արդիւնաւորելն էր, սակայն այդպէս չեղաւ: Իրանը չյանձնուեցաւ:

Ո՛չ հոգեւոր առաջնորդին սպանութիւնը, ո՛չ արդիական հրթիռները, եւ ո՛չ ռազմական օդանաւերու ու անօդաչու սարքերու ձայներն ու աւերները պատճառ դարձան, որ հաւաքականութիւնը հրաժարի իր պատկանելիութենէն: Տակաւի՛ն. Միացեալ Նահանգներու եւ Իսրայէլի զեկուցումներուն համաձայն, Հըզպալլայի մարտական կարողութիւններու բացարձակ մեծամասնութիւնը ոչնչացած ըլլալու հանգամանքը իրականութեան չհամապատասխանեց: Անցնող քանի մը օրերը ցոյց տուին, որ այդ տեղեկութիւնները ճիշդ չեն, եւ Դիմադրութիւնը 2024-ի պատերազմէն աւելի ուժգին հարուածներ կը հասցնէ, եւ այս գծով նոյնինքն հաստատումներ կատարած են իսրայէլեան լրատուամիջոցները:

Իրանի ու Հըզպալլայի մարտունակութիւնը, ոչ յանձնուողական վերաբերմունքը եւ գերագոյն զոհաբերութեան պատրաստուածութիւնը  յոյս ներշնչող իրավիճակ է, իրաւազրկուած հաւաքականութիւններուն եւ փոքրամասնութիւններուն հաստատելու համար, որ պատերազմներուն մէջ արհեստագիտութիւնը որքան ալ զարգանայ, ուժերը որքան ալ անհաւասարակշռելի ըլլան, մարդուն կամքը ամէնէն հզօրն է, ամէնէն ուժեղն է: Ասկէ անդին Հըզպալլայի կողմէ պատերազմին ներքաշուիլը ճի՞շդ էր, թէ՞ սխալ, եւ թէ այս իրադրութիւնը ի՛նչ ազդեցութիւն կ՛ունենայ Լիբանանի իրականութեան վրայ, տարբեր նիւթ է, որուն կարելի է հետագային անդրադառնալ, սակայն պէտք չէ մոռնալ, որ շուրջ մէկուկէս տարիէ Լիբանանէն ոչ մէկ հրթիռ կ՛արձակուէր, սակայն Իսրայէլ առաջին օրերէն իսկ կը խախտէր հաստատուած սկզբունքային զինադադարը, եւ Լիբանանը մնայուն ռմբակոծումներու ենթակայ էր, եւ տակաւին, կարելի չէ զոհասեղանին վրայ ոճրագործին արարքները արդարացնել:

Այս իրադրութիւններուն մէջ զինեալ դիմադրութիւններու կենդանութիւնը յոյս կու տայ, պէ՛տք է տայ դատ ունեցող հաւաքականութիւններուն, հողային պահանջներ ունեցող ազգերուն, իրաւազրկուած ժողովուրդներուն եւ անտեսուած հատուածներուն, թէ կրնան դիմել ինքնապաշտպանութեան եւ դիմադրութեան, ի հարկին զինուած պայքարի` պաշտպանելու իրենց իրաւունքները:

Անկախ մեր ունեցած քաղաքական արեւելումներէն, նախասիրութիւններէն ու երբեմն նոյնիսկ շահերէն, մենք` իբրեւ իրաւազրկուած ազգ ու Հայ դատ ունեցող հաւաքականութիւն, ազգային պարտաւորութիւն պէտք է զգանք զօրակցելու դիմադրութիւններու դիմած հաւաքականութիւններուն եւ ազգերուն: Այնպէս էինք անցեալին, այսօր ալ այդպէս պէտք է ըլլանք: Տակաւի՛ն, քաղաքական առումով եւս պէտք չէ մոռնալ, որ թշնամիներով շրջապատուած Հայաստանի շնչերակն է Իրանը` ուզենք կամ ոչ:

Թէ ինչ կ՛ըլլայ այս պատերազմին արդիւնքն ու հետեւանքը, գուշակութիւններ կատարողներն անգամ դժուար թէ կարենան գիտնալ կամ բացայայտել, սակայն մէկ բան յստակ է, որ աշխարհը 28 փետրուարէն առաջ եւ անկէ ետք նոյնը պիտի չըլլայ. Իրանը «կարմիր գիծեր»-ը շրջանցեց եւ խաղի օրէնքները փոխեց` ցոյց տալով, որ իր սահմաններուն մէջ ի՛նք իր գիծերը կը ճշդէ, եւ առայժմ կարելի չէ «կապիտուլացիա» պարտադրել վարդապետութիւն ու դարերու փորձ ունեցող հաւաքականութեան:

Վերջապէս, մենք ազգովի պատրաստ պէտք է ըլլանք բոլոր հաւանական կարելիութիւններուն` պահպանելու մեր գոյութիւնը գաղութներուն մէջ, ի մասնաւորի Լիբանանի եւ Իրանի, չներքաշուելու քաղաքական խաղերու ու շահարկումներու մէջ, մնալու սկզբունքային եւ համամարդկային, ապահով պահելու Հայաստանի սահմանները, չմոռնալու Արցախն ու Հայ դատը, եւ վերջապէս վերականգնելու մեր ազգային դիմադրութեան ոգին:

 

 

 

 

Leave a Comment