Թրամփ. «Յառաջիկայ Շաբաթ Իրանը Ուժեղ Կերպով Պիտի Հարուածենք»

Իրանի Յեղափոխական պահակագունդը հաղորդեց, որ ամերիկեան ծովուժի «Ապրահամ Լինքըն» օդանաւակիրը հրթիռներով եւ անօդաչու թռչող սարքերով յարձակումի ենթարկուելէ ետք մեծ վնասներ կրած է եւ «այժմ դէպի Ամերիկա կը հեռանայ»:

Իրանեան զինեալ ուժերու «Խաթեմ Անպիա» կեդրոնը յայտարարեց, թէ ամերիկեան քարիւղի մատակարարման օդանաւ մը Իրաքի արեւմուտքին մէջ հարուածուած է օդային պաշտպանութեան համակարգերով, այդ պատճառով ալ ջախջախուած է, եւ անոր բոլոր անդամները սպաննուած են:

Իրաքի մէջ Իսլամական դիմադրութիւնը իր կարգին յայտարարեց, թէ իր զինեալները ամերիկեան «Քէյ.Սի.-135» օդանաւը «պատշաճ զէնքով» վար առած են` «առ ի պաշտպանութիւն մեր երկրին գերիշխանութեան եւ բռնագրաւումի ուժերու օդանաւերուն կողմէ ոտնակոխուող օդային տարածքի»:

Նախքան այդ, ամերիկեան բանակի կեդրոնական շրջանի հրամանատարութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, որ «Քէյ.Սի.-135» երկու օդանաւերէն մէկը արեւմտեան Իրաքի մէջ ջախջախուած է, իսկ երկրորդը ապահով կերպով էջք կատարած` աւելցնելով, որ յստակ չէ, թէ անոնք բարեկամական կողմէ՞ սխալմամբ կրակոցի ենթարկուած են, թէ՞ թշնամական կողմէ:

Ամերիկեան բանակի կեդրոնական շրջանի հրամանատարութիւնը աւելի ուշ յայտնեց, թէ ջախջախուած օդանաւի անձնակազմի 4 անդամները մահացած են:

Ամերիկեան «Սի.Պի.Էս.Նիուզ» պատկերասփիւռի կայանը, վկայակոչելով աղբիւրներ, հաղորդեց, որ ամերիկեան բանակը 19 վիրաւոր զինուորներ Սէուտական Արաբիայէն Գերմանիոյ մէջ ռազմակայան մը փոխադրած է:

Իսրայէլեան բանակը հաղորդեց, որ վերջին 24 ժամուան ընթացքին Իրանի մէջ 20 օդային մեծ հարուածներ կատարած է, եւ Իրանի արեւմուտքին եւ կեդրոնին մէջ աւելի քան 200 թիրախներու դէմ յարձակում գործած:

ԱՖՓ լրատու գործակալութիւնը երէկ առտու հաղորդեց. «Թուրքիոյ հարաւը գտնուող ՕԹԱՆ-ի օդուժի Ինճիրլիք ռազմակայանին մէջ ահազանգ կը հնչէ»:

Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը աւելի ուշ յայտարարեց. «Արեւելեան Միջերկրականին մէջ տեղակայուած ՕԹԱ օդային պաշտպանութեան համակարգերը ոչնչացուցին Իրանէն արձակուած եւ թրքական օդային տարածք մուտք գործած հրթիռ մը»:

Ասիկա շուրջ մէկ շաբթուան ընթացքին երրորդ նմանօրինակ դէպքն է:

Իսրայէլեան «Ետիոթ Ահրոնոթ» օրաթերթը հաղորդեց. «Ամերիկեան բանակէն պաշտօնատարներու հետ հաղորդակցութիւններու ընթացքին իսրայէլեան բանակին մօտ կը գոյանայ այն յստակ համոզումը, թէ Ուաշինկթըն ներկայ փուլին չի պատրաստուիր Իրանի դէմ պատերազմին վերջ տալու, այլ ամերիկացիները կը պատրաստուին զայն ընդլայնելու, այն պահուն, երբ յաւելեալ ուժեր շրջան կ՛ուղարկեն եւ իրենց յարձակումները յառաջիկայ փուլին աւելի պիտի աշխուժացնեն»:

Մաքրոն Ֆրանսացի Զինուորի Մը Մահը Յայտարարեց

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոն յայտարարեց, թէ ֆրանսացի զինուոր մը` Առնօ Ֆրիոնը մահացած է Իրաքի Քրտական ինքնավար մարզի Էրպիլ շրջանին մէջ յարձակումի պատճառով:

Մաքրոն յայտարարեց, որ ան «Ֆրանսայի համար մահացաւ»:

Ասիկա 28 փետրուարին Միջին Արեւելքի մէջ սկսած պատերազմին մէջ առաջին ֆրանսացի զինուորի կորուստն է:

«2015 թուականէն ի վեր ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պատերազմին մասնակից մեր ուժերուն վրայ այս յարձակումը անընդունելի է», ըսաւ Ֆրանսայի նախագահը:

«Իրաքի մէջ անոնց ջանքերը ահաբեկչութեան դէմ պայքարի ծիրին մէջ են», յայտնեց ան:

«Իրանի դէմ պատերազմը չի կրնար այսպիսի յարձակումները արդարացնել», նշեց Մաքրոն:

Նախքան այդ, ֆրանսական բանակի սպայակոյտը հաղորդեց, որ Էրպիլ շրջանին մէջ անօդաչու թռչող սարքերով յարձակումի պատճառով վեց ֆրանսացի զինուորներ վիրաւորուած են:

Էրպիլի նահանգապետարանին համաձայն, երկու անօդաչու թռչող սարքերով յարձակումը կատարուած է ռազմակայանի մը դէմ, որ կը գտնուի Էրպիլէն հարաւ-արեւմուտք շուրջ 40 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ:

Իրաքի Նախագահական Պալատը Կը Դատապարտէ Կենսական Վայրերու Եւ Քաղաքային Կառոյցներու Ռմբակոծումը

Իրաքի նախագահական պալատը դատապարտեց «Իրաքի մէջ տարբեր շրջաններու, մասնաւորաբար Իրաքի Քրտական ինքնավար մարզի Էրպիլ Եւ Սուլէյմանիէ քաղաքներուն մէջ կենսական վայրերու, քաղաքային կառոյցներու եւ ապահովական կեդրոններու զինուորական ռմբակոծումը»:

«Այս անարդարանալի զինուորական գործողութիւնները կը քայքայեն Իրաքի եւ ամբողջ շրջանի անվտանգութիւնն ու կայունութիւնը», նշեց պալատը:

Իրաքի նախագահական պալատը իր հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ նաեւ կոչ ուղղեց` «դադրեցնելու մագլցումը եւ տագնապներու լուծման համար դիմելու երկխօսութեան եւ քաղաքական ու դիւանագիտական լուծումներու»:

Սպիտակ Տան Մէջ Սուր Տարակարծութիւննե՞ր

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի խորհրդականներէն մէկը «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնած է, որ Սպիտակ տան մէջ տեսակէտներու պայքար մը կ՛ազդէ պատերազմի ընթացքին վերաբերեալ անոր յարափոփոխ յայտարարութիւններուն վրայ:

Խորհրդականը լրատու գործակալութեան աւելցուցած է, որ նախագահի օգնականները կը քննարկեն Իրանի վրայ յաղթանակի յայտարարման ժամկէտն ու ձեւը, մինչ պատերազմը կ՛ընդարձակուի:

Կարգ մը պաշտօնատարներ զգուշացուցած են Թրամփը, թէ պենզինի գիներու բարձրացումը կրնայ Ուաշինկթընին քաղաքական կորուստներ պատճառել` նշելով, որ ամերիկեան վարչակազմին մէջ կարգ մը ծայրայեղականներ ճնշում կը բանեցնեն Իրանի վրայ յարձակումը շարունակելու:

Լաւատեղեակ աղբիւր մը «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնած է, թէ Թրամփ քննարկումներու ընթացքին յայտնած է, որ չ՛ուզեր կանխահաս կերպով հեռանալ, եւ պէտք է առաքելութիւնը ամբողջացնէ:

Թրամփ. «Յառաջիկայ Շաբաթ Իրանը Ուժեղ Կերպով Պիտի Հարուածենք»

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ «Ֆոքս Նիուզ»-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներ կրնան Հորմուզի նեղուցին մէջ նաւերուն ընկերակցիլ, եթէ ատիկա անհրաժեշտ ըլլայ:

Թրամփ աւելցուց, որ Ուաշինկթըն յառաջիկայ շաբաթ Իրանը «ուժեղ» կերպով պիտի հարուածէ:

Միացեալ Նահանգներու նախագահը պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց. «Կը կարծեմ, թէ (Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ) Մոջթաբա Խամենէին տակաւին այս կամ այն ձեւով ողջ է»:

«Իրանը ենթարկեցինք ամբողջական քանդումի, այնպիսի ձեւով մը, որ որեւէ այլ երկիր չէ կատարած, եւ հակառակ ատոր, անոնք կարգ մը մնացորդներ ունին», ըսաւ ան:

«Նաւերը պէտք է քիչ մը քաջութիւն ցուցաբերեն եւ Հորմուզի նեղուցէն անցնին», նշեց Սպիտակ տան ղեկավարը:

«Իրանը ծովուժ չունի. անոր բոլոր նաւերը ընկղմեցինք», նշեց ան` աւելցնելով. «Իրանը ենթարկեցինք ամբողջական քանդումի` զինուորական, տնտեսական եւ բոլոր այլ գետիններուն վրայ, եւ անոնց հրթիռները, անօդաչու թռչող սարքերն ու բոլոր իրենց ունեցածները բնաջնջումի կ՛ենթարկուին»:

«Իրան կը ծրագրէր Միջին Արեւելքին տիրել, եւ մտադիր էր զայն ամբողջովին վերահսկել», ըսաւ ան:

«Իրանի ղեկավարները Երկրի երեսէն ջնջեցինք», յայտարարեց Միացեալ Նահանգներու նախագահը:

«Ունինք աննման կրակոցի ուժ, անսահմանափակ զինամթերք, լեցուն ժամանակ, եւ տեսէք, թէ այսօր այդ անարգներուն ի՛նչ պիտի պատահի», աւելցուց Թրամփ:

Ամերիկեան «Աքսիոս» կայքը` ժողովին ծանօթ երեք պաշտօնատարներ վկայակոչելով հաղորդեց, որ Թրամփ չորեքշաբթի օր առցանց ժողովի ընթացքին Եօթներու խմբակի ղեկավարներուն յայտնած է, որ Իրանը «անձնատուութեան եզրին է»` աւելցնելով. «Ոչ ոք գիտէ, թէ ո՛վ է ղեկավարը, ուստի չկայ մէկը, որ անձնատուութիւնը յայտարարէ»:

Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ Մոջթաբա Խամենէին, սակայն, 24 ժամ ետք ուղերձ մը յղելով խոստացաւ կռիւը շարունակել եւ նոյնիսկ նոր ճակատներ բանալ:

Նեթանիահու. «Մենք Ոչնչացուցած Ենք Իրանի Հին Ղեկավարը, Իսկ Նորը Չի Կրնար Հանրութեան Առջեւ Յայտնուիլ»

Մենք ոչնչացուցած ենք Իրանի հին ղեկավարը, իսկ նորը` Մոջթաբան, Յեղափոխական պահակագունդի խամաճիկը, չի կրնար հանրութեան առջեւ յայտնուիլ: Այս մասին յայտարարեց Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու:

«Աւելի քան 30 տարի առաջ ես ըսած եմ, որ Իսրայէլի համար սպառնալիքը ոչ թէ արաբական երկիրներէն կու գայ, այլ Իրանէն: Ես իրանցի ժողովուրդին կ՛ըսեմ. մօտ է այն պահը, երբ դուք կրնաք փողոց դուրս գալ: Մենք ձեզի հետ ենք, մենք կ՛աջակցինք ձեզի, սակայն ամէն ինչ ձեր ձեռքերուն մէջ է:

«Թրամփի հետ մեր յարաբերութիւնները հարիւր անգամ աւելի ամուր են, քան մեր յարաբերութիւնները Միացեալ Նահանգներու որեւէ նախկին նախագահի հետ: Իսրայէլի քաղաքացինե՛ր, գիտեմ, որ դուք կը պայքարիք հրթիռակոծումներու դէմ: Հիւսիսի մէջ ժամանակները դժուար են: Սակայն ձեր բոլորին ներքին ճակատի հրամանատարութեան հրահանգներուն հետեւիլը ինծի, կառավարութեան եւ բանակին ուժ կու տայ:

«Պատերազմի նպատակն է` մահացու հարուած հասցնել հիւլէական եւ հրթիռային ծրագիրներուն, ինչպէս նաեւ ստեղծել առաւելագոյն պայմաններ իրանցի ժողովուրդին համար` տապալելու իրենց վարչակարգը: Ասիկա չի նշանակեր, որ մենք կրնանք այդ մէկը երաշխաւորել: Մենք կրնանք միայն ստեղծել պայմանները, որմէ ետք Իրանի ժողովուրդը պէտք է գործէ:

«Հըզպալլան կը վախնայ մեր ուժէն, եւ անոնք ծանր գին պիտի վճարեն Իսրայէլի դէմ իրենց յարձակումին համար», նշեց Նեթանիահու:

Լարիժանի. «Թրամփ Չի Կրցաւ Ընկալել, Թէ Մեր Ժողովուրդը Հզօր Է»

Երէկ Իրանի մայրաքաղաք Թեհրանի եւ այլ քաղաքներու մէջ «Երուսաղէմի օր»-ուան առիթով բազմամարդ քայլարշաւներ տեղի ունեցան, հակառակ ամերիկեան եւ իսրայէլեան յարձակումներուն:

Իրանի Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Ալի Լարիժանի քայլարշաւներէն մէկուն իր մասնակցութեան ընթացքին, մեկնաբանելով Թեհրանի մէջ քայլարշաւին մօտ կատարուած իսրայէլեան յարձակումը, յայտնեց. «Յստակ է, որ անոնք իրենց ջիղերը կորսնցուցին»:

«(Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ) Թրամփի խնդիրը այն է, որ չկրցաւ ընկալել, թէ իրանցի ժողովուրդը հզօր է, արթուն է եւ կամքի տէր է», շեշտեց Լարիժանի:

«Իսրայէլացի թշնամիի «Երուսաղէմի օր»-ուան մասնակիցներուն վրայ յարձակումը հետեւանք է անոր վախին ու անզօրութեան», աւելցուց ան:

«Երուսաղէմի օր»-ուան քայլարշաւներուն մասնակցեցան նաեւ Իրանի նախագահ Մեսուտ Փեզեշքիանն ու արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչին:

Վերջինս յայտնեց, որ իրանցի ժողովուրդը «Երուսաղէմի օր»-ուան մասնակցելով իր կամքն ու վճռակամութիւնը ցոյց տուաւ աջակցելու Իրանին, Երուսաղէմին ու Պաղեստինին:

Եւրոպական Միութիւն. «Քարիւղի Եւ Կազի Պլոքին Մէջ Մատակարարումներու Անվտանգութիւնը Վերագնահատման Պիտի Ենթարկենք, Եթէ…»

Եւրոպական Միութիւնը յայտարարեց. «Քարիւղի պահեստները տակաւին բարձր մակարդակի վրայ են եւ կազի ամբարման մակարդակները կայուն են»: Այս մասին հաղորդեց «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը:

Եւրոպական Միութիւնը նաեւ շեշտեց. «Քարիւղի եւ կազի պլոքին մատակարարումներու անվտանգութիւնը վերատեսութեան պիտի ենթարկենք, եթէ Հորմուզի նեղուցի փակումը աւելի երկար ժամանակ շարունակուի, կամ յաւելեալ վերիվայրումներ տեղի ունենան»:

Գերմանիոյ Վարչապետ. «Իրանի Դէմ Պատերազմը Մեր Վրայ Մեծ Ազդեցութիւն Ունի, Եւ Պէտք Է Արագօրէն Աւարտի»

Գերմանիոյ վարչապետ Ֆրետրիխ Մերց յայտարարեց. «Իրանի դէմ պատերազմը մեր վրայ մեծ ազդեցութիւն ունի, եւ պէտք է արագօրէն աւարտի»:

Մերց ընդգծեց, որ քարիւղի ռազմավարական պաշարներու օգտագործումը «որոշ չափով» պիտի օգնէ վերահսկել գիները:

Այս առնչութեամբ նաեւ մտահոգութիւն յայտնեց Նորվեկիան, որուն վարչապետը յայտարարեց, թէ պէտք չէ Ռուսիոյ դէմ հաստատուած պատժամիջոցները մեղմացնել:

Տնտեսական Հետեւանքներ

Միացեալ Նահանգներու իշխանութիւնները արտօնեցին ծախել ծովու վրայ գտնուող ռուսական քարիւղը: Այս մասին յայտարարեց Միացեալ Նահանգներու ելեւմուտքի նախարարութիւնը:

Այս քայլը Ուքրանիոյ պատերազմին պատճառով Ռուսիոյ դէմ հաստատուած պատժամիջոցներու ժամանակաւոր մեղմացում մըն է:

Միացեալ Նահանգներու ելեւմուտքի նախարարութիւնը հրապարակեց արտօնագիր մը` տեղական ժամանակացոյցով առաւօտեան ժամը 12:01-էն մինչեւ 11 ապրիլի առաւօտեան ժամը 12:01 նաւերու վրայ գտնուող քարիւղը կամ նաւթամթերքը ծախելու:

Յիշեցնենք, որ Ուաշինկթըն անցեալ ամիս արտօնած էր ծովու վրայ առկախ վիճակի մէջ գտնուող ռուսական քարիւղը ժամանակաւորապէս Հնդկաստանին ծախելու:

Միացեալ Նահանգներու ելեւմուտքի նախարար Սքաթ Պեսենթ հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, որ վերջին արտօնութեան նպատակը «ներկայ մատակարարումներուն համաշխարհային ծիրը աւելցնելն է», սակայն պնդեց, թէ անիկա «սահմանափակ եւ ժամանակաւոր քայլ է»:

Պեսենթ աւելցուց, որ ասիկա Ռուսիոյ կառավարութեան ելեւմտական մեծ շահ պիտի չապահովէ:

Միացեալ Նահանգներու ելեւմուտքի նախարարը աւելի ուշ ալ «Սքայ Նիուզ»-ին յայտնեց. «Իրանի դէմ պատերազմը մինչեւ հիմա Միացեալ Նահանգներուն 11 միլիառ տոլար արժեց»:

Բրիտանական նաւարկումի մարմինը հաղորդեց, որ պատերազմի ծագումէն ի վեր առնուազն 16 քարիւղատար, բեռնատար եւ այլ նաւեր Հորմուզի նեղուցին, անոր մերձակայքին, Արաբական ծոցին եւ Օմանի ծոցին մէջ յարձակումի ենթարկուած են:

«Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը, յղում կատարելով թրքական լրատուամիջոցներու, հաղորդեց, որ Թուրքիոյ փոխադրամիջոցներու նախարար Ապտուլքատիր Ուրալօղլու յայտարարած է. «Իրանի մօտ սպասող թրքական նաւերէն մէկը Թեհրանէն արտօնութիւն ստացած է եւ անցած Հորմուզի նեղուցէն»:

«Անգարան կը շարունակէ կապեր հաստատել Իրանի պաշտօնատարներու հետ այնտեղ գտնուող 14 նաւերու իրավիճակի հարցով: Այնտեղ 15 նաւ կայ, որմէ միայն մէկը տակաւին արտօնութիւն ստացած է», լրագրողներուն ըսած է Ուրալօղլու:

«Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ» օրաթերթը կը գրէ. «Իրանի պատերազմը քանդեց այն պատկերացումը, որ բարձր երկնաքերները, ելեւմտական ազդեցութիւնը, շքեղութիւնն ու Արաբական ծոցին մէջ բազմազանութեան ընդունումը կրնան անթափանց վահաններ ըլլալ շրջանային վերիվայրումներու դէմ»:

«Պլումպըրկ» հաղորդեց, որ Պրենթ քարիւղի տակառին գինը բարձրանալով հասած է 102 տոլարի սահմանին:

«Ռոյթըրզ» հաղորդեց, որ երէկ Քերքուքէն դէպի թրքական Ճէյհան նաւահանգիստ իրաքեան քարիւղի հոսքը վերսկսած է:

 

 

Leave a Comment