Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
Բոլոր ոլորտներու մէջ խտրականութիւն միշտ եղած է եւ պիտի շարունակէ գոյութիւն ունենալ այս կամ այն չափով: Ճիշդ է, որ բազմաթիւ հարցեր օրէնքի ուժով լուծուած են, բայց օրէնքը անշուշտ բաւարար չէ եղած մարդոց միտքերուն եւ հոգիներուն մէջ արմատաւորուածը միանգամընդմիշտ չքացնելու: Ցեղային, գոյնի, սեռերու եւ այլ խտրականութիւնները կը շարունակուին, երբեմն կարգ մը վայրերու մէջ նոր երանգներ կը ստանան: Պայքարողները իրե՛նք կ՛իյնան նոյն ծուղակին մէջ:
Ամէն պարագայի, վերջերս նշուեցաւ Կիներու միջազգային օրը` պատշաճ ձեռնարկներով, խօսքերով, եւ այս առիթով յիշուեցաւ կին ղեկավարներու, առաջնորդներու մասին:
Ն.
Ո՞ր Երկիրներն Էին Առաջինը,
Որ Ընտրեցին Կին Առաջնորդներ
Աշխարհի 195 երկիրներէն միայն 70-ը ունեցած է կին առաջնորդ:
Սիրիմաւօ Պանտարանայքէն (Սրի Լանքա, Ա.) դարձաւ աշխարհի առաջին կին վարչապետը 1960 թուականին:
Աշխարհի հինգ ամէնէն խիտ բնակեցուած երկիրները, ինչպէս` Միացեալ Նահանգներ, երբեք կին առաջնորդ չեն ընտրած:
Կիները միշտ ալ ստիպուած եղած են պայքարիլ սեռային խտրականութեան այլ ձեւերու դէմ: Սուֆրականութեան հետեւորդներէն մինչեւ #MeToo շարժումը, անոնք, որոնք բաւարար չափով քաջաբար դիմակայած են ճնշումը, առաջնորդած են կիներու իրաւունքներու համար ուղին, բայց աշխարհը դեռ շատ բան պէտք է ընէ սեռային իրական հաւասարութիւն տեսնելու համար:
Վերջին տուեալները ցոյց կու տան, որ երկիրներու միայն շուրջ 35 առ հարիւրը կիները կը ղեկավարեն իրենց կառավարութիւնները, թէեւ անոնք կը կազմեն աշխարհի բնակչութեան գրեթէ 50 առ հարիւրը:
Ահաւասիկ` այն բացառիկ կիները, որոնք առաջին անգամ ընտրուած են իրենց երկիրներու ղեկավարներ: Նախագահներէն մինչեւ վարչապետներ` այս ուշագրաւ առաջնորդները կիներու համար ճամբայ հարթեցին ամէն տեղ:
Սրի Լանքա
– Սիրիմաւօ Պանտարանայքէ (1960 -1965, 1970-1977)
Ան դարձաւ աշխարհի առաջին կին վարչապետը 1960 թուականին:
Սիրիմաւօ ծնած էր 1912 թուականին ազնուական ընտանիքի մը մէջ: Յաճախած է անգլիական դպրոցներ, բայց մնացած է պուտտայական եւ խօսած է սինհալերէն, նաեւ` անգլերէն: Ամուսինը 1951 թուականին հիմնադրած է ընկերվարական SLFP կուսակցութիւնը եւ 1956 թուականին դարձած է վարչապետ: Սիրիմաւօ եղած է անպաշտօն խորհրդական եւ կեդրոնացած է Սրի Լանքայի գիւղական վայրերու մէջ կիներու եւ աղջիկներու կեանքի բարելաւման վրայ:
1959 թուականին ամուսինին սպանութենէն ետք, կուսակցութեան ղեկավարութիւնը համոզեց զայն միանալ գործուն քաղաքականութեան եւ կուսակցութեան նախագահի պաշտօնին փոխարինել իր հանգուցեալ ամուսինը:
Սիրիմաւօ Պանտարանայքէ սկսաւ իր քաղաքական ասպարէզը եւ ընտրուեցաւ Սէյլոնի (ժամանակակից Սրի Լանքա) պետութեան ղեկավար 1960-1965 թուականներուն, ապա` 1970-1977 թուականներուն: Անոր կառավարութիւնը աչքի ինկած էր իր ընկերային- տնտեսական յառաջընթացով, պետական համակարգի հաստատմամբ եւ առեւտուրի բազմաթիւ ընկերութիւններու ազգայնացումով: Անոր դուստրը` Չանտրիքա Կումարատունկան, շարունակեց մօր ժառանգութիւնը` որպէս վարչապետ, իսկ աւելի ուշ` որպէս Սրի Լանքայի առաջին կին նախագահ:
Սիրիմաւօ Պանտարանայքէ մահացաւ 2000 թուականին:
Հնդկաստան
– Ինտիրա Կանտի (1966-1977, 1980-1984)
Ինտիրա Ինտիրա Կանտի Բրիտանիոյ վարչապետ Մարկարեթ Թաչըրի հետ
Ծնած ըլլալով(1917) քաղաքական ընտանիքի մէջ` Ինտիրա Կանտին Հնդկաստանի առաջին ընտրուած վարչապետ Ճաւահարլալ Նեհրուի միակ զաւակն էր: Ան մայրն էր Ռաճիւ Կանտիի, որ անոր յաջորդեց վարչապետի պաշտօնին: Անոր 15 տարի եւ 350 օր ընդհանուր պաշտօնավարումը զայն կը դարձնէ Հնդկաստանի երկրորդ ամէնէն երկար ծառայած վարչապետը` հօրմէն ետք:
Ինտիրա ուսանած է զուիցերիական գիշերօթիկ դպրոցի մէջ, ապա աւելի ուշ յաճախած է Օքսֆորտ համալսարան` նախքան իր քաղաքական ասպարէզը սկսիլը: Ինտիրա արագ հռչակաւոր եղաւ` դառնալով Հնդկաստանի առաջին կին վարչապետը 1966 թուականին եւ պաշտօնավարելով երեք անընդմէջ ժամկէտով: Ան արեւելեան Փաքիստանի (ներկայիս Պանկլատէշ) անկախութեան աշխուժ կողմնակից էր եւ դարձաւ առաջին առաջնորդը, որ ճանչցաւ այդ` որպէս երկիր: Ան վերակենդանացուց երկրագործութիւնը, ազգայնացուց երկրի դրամատուները եւ Հնդկաստանը տարաւ կորիզային ժամանակաշրջան: Վերադառնալով որպէս վարչապետ` 1980 թուականին, իր երկու թիկնապահներուն կողմէ սպաննուեցաւ չորս տարի ետք:
Արժանթին
– Իզապէլ Փերոն (1974-1976)
Իզապէլ Մարթինես տը Փերոն աշխարհի առաջին կին նախագահն էր եւ Արժանթինի նախագահ` 1974-1976 թուականներուն: Ան Արժանթինի նախագահ Խուան Տոմինկօ Փերոնի երրորդ կինն էր:
Իզապէլ ծնած էր 1931 թուականին Լա Ռիոխի մէջ, եւ 1938 թուականին ընտանեօք տեղափոխուած են Պուէնոս Այրես, ուր ան կրթութիւն ստացած է Մշակոյթի հիմնարկին մէջ` դառնալով ֆրանսերէնի եւ երաժշտութեան ուսուցչուհի: Աւելի ուշ ան սկսած է ելոյթ ունենալ Սերվանթեսի անուան ազգային թատերախումբի եւ պալէի կազմին մէջ: 1955 թուականին ծանօթացած է զօրավար Խուան Փերոնի հետ եւ դարձած` անոր քարտուղարուհին: Այդ ժամանակ երկրէն արտաքսուած առաջնորդը կ՛ապրէր Փանամայի մէջ, ուր Իզապէլ պարուհի էր գիշերային զբօսավայրի մը մէջ: 1960-ին տեղափոխուեցան Սպանիա, ուր Եկեղեցւոյ ճնշումով Փերոն ստիպուած ամուսնացաւ անոր հետ 1961 թուականին, հակառակ անոր որ Իզապէլ ամուսինէն փոքր էր 35 տարի:
Երբ 1974 թուականին Փերոն մահացաւ, Իզապէլ` որպէս փոխնախագահ, ինքնաբերաբար դարձաւ պետութեան ղեկավարը:
Ի տարբերութիւն Փերոնի նախկին կնոջ` Էվա Փերոնի, Իզապէլ` բաւական թուլակամ էր եւ գործուն դեր չէ ունեցած քաղաքականութեան մէջ:
Արդէն անիշխանութեան եզրին գտնուող երկրի տնտեսական եւ քաղաքական իրավիճակը կը շարունակէր վատթարանալ: Զայն առեւանգեցին օդուժի անդամներ եւ հինգ տարի պահեցին տնային կալանքի տակ:
Կեդրոնական Ափրիկէի Հանրապետութիւն
– Էլիզապեթ Տոմիտիէն (1975-1976)
1925 թուականին ծնած Էլիզապեթ Տոմիտիէն կանուխ տարիքէն գործուն քաղաքականութիւն ծաւալած է: Ան այս պաշտօնին առաջին եւ մինչեւ այսօր միակ կինն էր եւ առաջին կինը, որը ստանձնած է Ափրիկէի որեւէ երկրի վարչապետի պաշտոնը:
1972 թուականին նախկին նախագահ Պոկասան զայն նշանակած է Կեդրոնական Ափրիկէի Հանրապետութեան վարչապետ: Սակայն տարի մը ետք ան պաշտօնազրկուած է անոր առաջարկած միապետութեան դէմ ըլլալուն պատճառով: 1979 թուականին ան յեղաշրջում կազմակերպած է Պոկասայի դէմ եւ` կարճ ժամանակով բանտարկուած:
Մահացած է 2005 թուականին:
Փորթուգալ
– Մարիա Տա Լուրտ Փինթասիլքօ (1979-1980)
1930-ին ծնած եւ 2004-ին մահացած Մարիա Փինթասիլքօ փորտուգալցի քիմիագէտ եւ քաղաքական գործիչ էր: Ան առաջին եւ ցարդ միակ կինն էր, որ ստանձնած է այդ երկրի վարչապետի պաշտօնը եւ երկրորդ կինն էր, որ եղած է վարչապետ արեւմտեան Եւրոպայի մէջ` Մարկարեթ Թաչըրէն ետք:
Ան պաշտօնավարեց միայն երեք ամիս: Այս կարճ ժամանակահատուածին մէջ ան կրցաւ բարեփոխումներ իրականացնել ընկերային ապահովագրութեան ոլորտին մէջ եւ բարելաւել առողջապահութեան ու կրթութեան համակարգերը:
Պոլիվիա
– Լիտիա Կէյլեր Թեժատա (1979-1980)
Լիտիա Կէյլեր Թեժատան Պոլիվիոյ առաջին կին նախագահն էր: Ան 1979 թուականին երդում տուած է որպէս ժամանակաւոր նախագահ եւ պաշտօնավարած է ութ ամիս: Պետական յեղաշրջումէն ետք ան շարունակած է աշխատիլ քաղաքականութեան մէջ` որպէս դեսպան Քոլոմպիոյ եւ Վենեզուելայի մէջ:
Տոմինիկեան Հանրապետութիւն
– Եւգենիա Չարլզ (1980-1995)
Ստրուկներու թոռնուհի Եւկենիա Չարլզ (1919-2005) ոչ միայն Տոմինիկեան Հանրապետութեան առաջին կին վարչապետն էր, այլեւ` երկրի առաջին կին իրաւաբանը եւ ամբողջ Քարայիպեան աւազանին մէջ պետութեան ղեկավար ընտրուած առաջին կինը: Յայտնի` որպէս «Քարայիպեան աւազանի երկաթեայ տիկին», Չարլզ անխոնջ պայքարած է կառավարութեան փտածութեան դէմ: 1991 թուականին ան ստացած է Բրիտանական կայսրութեան տիկին-քոմանտորի կոչումը:
Բրիտանիա
– Մարկարեթ Թաչըր (1979 – 1990)
Մարկարեթ Թաչըր եկած էր համեստ ընտանիքէ մը եւ աշխատած էր որպես քիմիագէտ` նախքան քաղաքականութիւն մտնելը: Ան միացած է Պահպանողական կուսակցութեան եւ դարձած` անոր առաջնորդը 1975 թուականին: 1979 թուականին ան Բրիտանիոյ առաջին կին վարչապետն էր: Թաչըր նաեւ առաջին կինն էր, որ ընտրուած էր` գլխաւորելու արեւմտեան մեծ երկիր մը: Համայնավարութեան դէմ իր կոշտ դիրքորոշման համար ան կոչուած է «Երկաթեայ տիկին»: Պաշտօնավարած է 11 տարի` դառնալով 20-րդ դարու ամէնէն երկար ծառայած բրիտանացի վարչապետը: Պաշտօնավարութեան ընթացքին Թաչըր խթանած է ազատ շուկայի քաղաքականութիւնը` սեփականաշնորհելով պետական ընկերութիւնները, եւ օգնած է Բրիտանիան տանելու տնտեսական աւելի լաւ ապագայ:
Իսլանտա
– Վիկտիս Ֆինպոկատոտիր (1980-1996)
Վիկտիս դարձաւ Եւրոպայի առաջին կին նախագահը 1980 թուականին: Թէեւ` ամուսնալուծուած, առանձին մայր, ան դարձաւ պաշտամունքային քաղաքական դէմք եւ` առաջին կինը, որ ընտրուեցաւ պետութեան ղեկավար: Իսլանտայի մշակութային ժառանգութեան կրքոտ պաշտպան` ան շատ ժողովրդական էր եւ վերընտրուեցաւ երեք անգամ` մինչեւ վերջնականապէս հանգստեան կոչուիլը 1996 թուականին, զարմանալի 16-ամեայ պաշտօնավարութենէ մը ետք:
——-
Ինտիրա Կանտի – Հնդկաստանի վարչապետ
«Մարդիկ հակուած են մոռնալու իրենց պարտականութիւնները, բայց կը յիշեն իրենց իրաւունքները»:
Մարկարեթ Թաչըր – Բրիտանիոյ վարչապետ
«Եթէ կ՛ուզես, որ բան մը ըսուի, դիմէ՛ տղամարդու մը: Եթէ կ՛ուզես, որ բան մը կատարուի, դիմէ՛ կնոջ մը»:
Էլլըն Ճոնսըն Սըրլիֆ – Լիպերիոյ նախագահ
«Քու երազներուդ չափը միշտ պէտք է գերազանցէ քու ներկայ կարողութիւնդ` զանոնք իրագործելու»:
Ճասինտա Արտըրն – Նոր Զելանտայի վարչապետ
«Տարիներու ընթացքին ինծի ուղղուած քննադատութիւններէն մէկը այն է, որ ես բաւարար չափով կտրուկ կամ վճռական չեմ: Ես ամբողջովին կը մերժեմ այդ տեսակէտը»:
Սիրմաւօ Պանտարանայքէ – Սրի Լանքայի նախագահ
«Կինը կրնայ առաջնորդել երկիր մը` նոյն վճռակամութեամբ եւ նուիրումով, ինչպէս որ կը կառավարէ ընտանիքը»:
Վիկտիս Ֆինպոկատոտիր – Իսլանտայի նախագահ
«Կիներ, երբ առաջնորդութեան մէջ են, յաճախ կը բերեն տարբեր փորձառութիւն եւ նոր տեսանկիւն»: