«Չեմփիընզ լիկ»-ի 1/8-րդ հանգրուանի երկրորդ օրուան մրցումներուն, Ռէալ Մատրիտ 3-0 արդիւնքով ծանր պարտութեան մատնեց Անգլիոյ վերջին տարիներու լաւագոյն խումբերէն Մանչեսթըր Սիթին:
Հակառակ անոր որ Քիլիան Էմպափէ, Ճուտ Պելինկհամ եւ Ռոտրիկօ վիրաւոր եւ բացակայ էին, խմբապետ Ֆետերիքօ Վալվերտէ եւ ընկերներ կրցան իրենց վրայ դրուած յոյսերը իրականացնել եւ յաղթել: Վալվերտէ 3 կոլ նշանակեց, իսկ Վինիսիու չորրորդ կոլ մըն ալ կրնար նշանակել Բ. կիսախաղին, բայց անոր փենալթին զսպեց Սիթիի բերդապահ Տոնարուման:
Թէ այս փենալթին կրնա՞յ սուղի նստիլ դարձի մրցումին արդիւնքին վրայ, յառաջիկայ շաբաթ յայտնի կ՛ըլլայ:
Սիթիի մարզիչ Փեփ Կուարիտոլա յայտնեց, որ «մեր խաղարկութիւնը այդքան վատ չէր արդիւնքին նման, բայց ես այդ անձը չեմ, որ կ՛ըսեմ, թէ կրնանք յեղաշրջել արդիւնքը դարձին, բայց պիտի փորձենք»:
Վերջին երկու տարեշրջաններուն Ռէալ Մատրիտ կրցած էր դուրս ձգել Սիթին: Անցեալ տարուան ախոյեան Փարիզ Սեն Ժերմեն մրցումի վերջին 16 վայրկեաններուն կրցաւ յաղթել Չելսիին:
Պարքոլա եւ Տեմպելէ նշանակած էին առաջին կիսախաղին, բայց Կուսթօ եւ Էնզօ Ֆերնանտես կրցած էին հաւասարեցնել արդիւնքը ամէն անգամ, որ ֆրանսական ակումբը կոլ նշանակէր: 74-րդ վայրկեանին Վեթինիա գեղեցիկ լոպով եւ վրացի Քվիչա Քվարացխելիա (86-94) կրցան Փարիզ Սեն Ժերմենին նուիրել յաղթանակը 5-2 արդիւնքով:
Նորվեկիոյ անակնկալ ակումբը` Պոտօ Կլիմթ, որ ամէնէն վար դասուած խումբն է, 3-0 արդիւնքով ծանր պարտութեան մատնեց Սփորթինկ Լիզպոնը եւ գրեթէ ապահովեց քառորդ աւարտականի իր տոմսը` դառնալով առաջին նորվեկիական խումբը, որ արդէն իսկ կը հասնի այս հանգրուան:
Արսենալ 89-րդ վայրկեանին կրցաւ հաւասարիլ Պայեր Լեւերքուզընի դաշտին վրայ (1-1), երբ Լեւերքուզընի նախկին խմբապետ Քայ Հավերց նշանակեց Արսենալի կոլը: Ռոպերթ Անտրիշ նշանակած էր Լեւերքուզընի կոլը 46-րդ վայրկեանին: