Հայեացքը Արեւելեան Լեռնաշղթային Ուղղելով` Իսրայէլ Կը Սաստկացնէ Իր Հարուածները` Թիրախաւորելով Յատկապէս Ենթակառոյցները

Այն միջոցին, երբ Հըզպալլա շեշտակիօրէն ընդարձակեց Իսրայէլի դէմ իր յարձակումները` հասնելով մինչեւ Թել Աւիւի յատկապէս արհեստագիտական եւ ելեկտրոնային կառոյցները, Իսրայէլ փոխադարձաբար թիրախաւորեց հարաւային Լիբանանի եւ Պէյրութի Հարաւային արուարձաններու զանազան շրջանները` շարունակելով իր ազդարարութիւնները շրջանի բնակիչներուն հեռանալու իրենց բնակած վայրերէն: Հարաւային Լիբանանի մէջ իսրայէլեան հայեացքները հիմնականին մէջ ուղղուած են լիբանանեան արեւելեան լեռնաշղթային ուղղութեամբ: Աւելի՛ն, անոր հարուածները սկսան կեդրոնանալ յատկապէս Հըզպալլայի կառոյցներու ենթակառուցային սարքերուն վրայ: Այս ծիրին մէջ երէկ աւելի քան տասը յարձակումներով թիրախաւորուեցան Հըզպալլայի հովանաւորած «Քարտ Հասան» հաստատութեան տարբեր մասնաճիւղերու կեդրոնները Պէյրութի Հարաւային արուարձաններուն մէջ:

Հայր Փիեռ Ռահի Զոհուեցաւ Քլէյհայի Մէջ

Միւս կողմէ, Իսրայէլ վտանգաւոր հետեւանքներ առթող քայլով մը երէկ ազդարարեց հարաւային Քլէյհա աւանը եւ աւելի ուշ հարուածեց զայն` պատրուակելով, թէ Հըզպալլայի զինեալներ նկատուած են շրջանին մէջ: Դէպքի ընթացքին վիրաւորուեցաւ աւանի հոգեւոր հովիւը` հայր Փիեռ Ռահի, որ աւելի ուշ մահացաւ ստացած վէրքերուն հետեւանքով: Նշենք, որ Քլէյհա մեծամասնութեամբ քրիստոնեայ բնակչութեամբ աւանը եւ մերձակայ շրջաններ վերջերս յայտարարած էին, թէ կը մերժեն ենթարկուիլ Իսրայէլի տարհանման հրահանգներուն եւ թէ կառչած կը մնան իրենց հողերուն: Հոգեւոր հօր նահատակութեան լուրը ստանալով շրջանի բնակիչները փողոց իջան դատապարտելով եւ պետութենէն պաշտպանութիւն պահանջելով:

Նոյն ծիրին մէջ հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի մէկ ջոկատի պատասխանատուն յայտնեց, որ պիտի զօրակցի ու հովանաւորէ Ալմա Շաապի բնակչութեան, ապահով ձեւով հեռանալու համար շրջանէն` իսրայէլեան յաճախակիօրէն կրկնուող ազդարարութեանց լոյսին տակ:

Ուշագրաւ է, որ իսրայէլեան ազդարարութիւնները կ՛ընթանան ռազմավարական կարեւորութիւն ներկայացնող շրջաններու ուղղութեամբ: Նորագոյն ազդարարութիւնը հարաւային սահմանի Նաքուրա շրջանի մերձակայքին ուղղուած էր:

Իսրայէլ երէկ երեկոյեան հարաւային Լիբանանի մէջ շարունակելով իր յարձակումները ազդարարեց նաեւ Սայտայի Անսարիէ շրջանի բնակիչները` անյապաղ հեռանալու Անսարիէէն եւ մերձակայքի շրջաններէն:

Ըստ «Հիումըն Ռայց Ուոչ»-ի
Իսրայէլ Ֆոսֆորային Հրթիռ Կը Գործածէ

Միւս կողմէ, իմացուեցաւ, թէ իսրայէլեան ուժեր իրենց յարձակումներուն ընթացքին  արգիլուած սպիտակ ֆոսֆորի հրթիռներ կ՛օգտագործեն: Այս մասին Մարդկային իրաւանց «Հիումըն Ռայց Ուոչ» կազմակերպութիւնը յիշեցուց, թէ Իսրայէլ 3 մարտ 2026-ին իր գործած յարձակումներու ընթացքին հարաւային Եոհմոր շրջանին մէջ սպիտակ ֆոսֆորի հրթիռներ գործածած է` նշելով, որ բնակելի շրջաններու ուղղութեամբ նման հրթիռներու գործածութիւնը արգիլուած է միջազգային համապատասխան օրէնքներով:

 

 

Leave a Comment