Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտարարեց. «Երկրին դիմագրաւած բոլոր սպառնալիքներուն դէմ անհրաժեշտ բոլոր քայլերը պիտի որդեգրուին»:
Նախարարութիւնը նաեւ յայտարարեց, թէ Այնթէպի մէջ հրթիռի կարգ մը բեկորներ ինկած են, սակայն մարդկային վնասներ չեն պատճառած:
Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը նշեց. «ՕԹԱՆ-ի հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերը Միջերկրական ծովու արեւելքին մէջ վնասազերծեցին Իրանէն արձակուած թեւաւոր հրթիռ մը»:
Մինչ այդ, Անգարայի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունը իր քաղաքացիները յորդորեց զգուշացման մակարդակը չորրորդ աստիճանի բարձրացուելէն ետք Թուրքիոյ հարաւ արեւելք չայցելելու:
Դեսպանատան կայքը նաեւ հաղորդեց, որ Միացեալ Նահանգներ կը հեռացնեն Ատանայի հիւպատոսութեան անձնակազմի մէկ մասը` Իրանի շուրջ ստեղծուած կացութեան պատճառով:
Ըստ հաղորդագրութեան, 28 փետրուարին Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի միջեւ զինուորական գործողութիւններու սկիզբէն ետք կտրուկ մեծցած է իրանեան հրթիռային յարձակումի վտանգը:
Մասնաւորապէս կը նշուի, որ 4 մարտին ՕԹԱՆ-ի հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերը արդէն իսկ ոչնչացուցած են իրանեան թեւաւոր հրթիռ մը, որ մուտք գործած էր Թուրքիոյ օդային տարածք:
Ատանայի հիւպատոսարանը դադրեցուցած է բոլոր տեսակի ծառայութիւնները, իսկ Թուրքիոյ հարաւարեւելեան 22 նահանգներ, ներառեալ Ատանան, Վանը, Մուշը եւ Այնթէպը, դասուած են վտանգաւորութեան բարձրագոյն` 4-րդ մակարդակի գօտիներու շարքին:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը նաեւ կը նախազգուշացնէ Թուրքիոյ մէջ աճող հակաամերիկեան եւ հակաիսրայէլեան տրամադրութիւններու, ինչպէս նաեւ ահաբեկչական հաւանական յարձակումներու եւ կամայական ձերբակալութիւններու ռիսքէն:
Քաղաքացիներուն խորհուրդ կը տրուի խուսափիլ մարդաշատ վայրերէն եւ ցուցաբերել առաւելագոյն զգուշութիւն:
Թուրքիոյ նախագահական պալատի հաղորդակցութեան բաժանմունքի տնօրէնը յայտնեց. «Անգարան կը կրկնէ բոլոր կողմերուն, մասնաւորաբար Իրանին ուղղուած իր խիստ զգուշացումը` խուսափելու շրջանային անվտանգութեան եւ քաղաքայիններուն սպառնացող որեւէ քայլէ»: