Սուրիոյ Նախագահ Ահմետ Շարեհ Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն Ունեցաւ Վարչապետ Սալամի Հետ

Անցեալ շաբաթ Լիբանանի եւ Սուրիոյ միջեւ սահմաններուն վրայ փախստականներու եւ օրինազանց տարրերու «զսպումի ճիգերը» որոշ մտահոգութիւններ ստեղծած էին լիբանանեան կարգ մը շրջանակներու մօտ` սուրիական ուժերու հաւանական թափանցումի եւ կարգ մը զինեալ խմբաւորումներու թիրախաւորման հաւանականութեան գծով:

Այս մթնոլորտի լոյսին տակ Սուրիոյ նախագահ Ահմետ Շարեհ անցեալ շաբաթավերջին հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցաւ Լիբանանի վարչապետ Նաուաֆ Սալամի հետ` անոր ներկայացնելով սուրիական ուժերու տեղակայումը լիբանանեան-սուրիական սահմանի երկայնքին եւ այդ քայլի իսկական դրդապատճառները:

Սուրիոյ նախագահը յստակացուց, թէ նման դասաւորում կատարուած է նաեւ Սուրիոյ եւ Իրաքի միջեւ սահմաններու երկայնքին, եւ այս ` պաշտպանելու համար երկիրը օրինազանց եւ փախստական տարրերու արկածախնդրական քայլերէն ու դէպի Սուրիա թափանցումէն:  Նախագահ Շարեհ իր զօրակցութիւնն ու համերաշխութիւնը յայտնեց Լիբանանին` անոր դիմագրաւած այս տագնապալի օրերուն: Ան շեշտեց Լիբանանի եւ Սուրիոյ միջեւ ճիգերու համակարգումի կարեւորութիւնը:

Իր կարգին, Լիբանանի վարչապետ Նաուաֆ Սալամ շնորհակալութիւն յայտնեց Սուրիոյ նախագահին, իր կարգին շեշտելով Սուրիոյ եւ Լիբանանի միջեւ համախոհութեան եւ խորհրդակցութեան կարեւորութիւնը:

Leave a Comment