«Ռոյթըրզ» հաղորդեց, որ իրանեան քրտական զինեալ խմբաւորումներ անցնող օրերուն Միացեալ Նահանգներու հետ Իրանի արեւմտեան հատուածին մէջ իրանեան ապահովական ուժերու վրայ յարձակումի մը կարելիութեան եւ ձեւին շուրջ խորհրդակցութիւններ կատարած են:
Աղբիւրներ լրատու գործակալութեան յայտնած են, որ նպատակը հիմա` Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ այաթոլլա Ալի Խամենէիի եւ բազմաթիւ բարձրաստիճան պաշտօնատարներու սպանութենէն ետք, իրանցի ընդդիմադիրներու ըմբոստութեան ճամբան հարթելն է:
Աղբիւրները նշած են, որ տակաւին գործողութեան ու հաւանական ժամկէտի շուրջ վերջնական որոշում չէ տրուած` աւելցնելով, որ քրտական զինեալ խմբաւորումները Միացեալ Նահանգներէն զինուորական աջակցութիւն խնդրած են, իսկ Էրպիլի եւ Պաղտատի մէջ իրաքցի ղեկավարներ անցնող օրերուն ընթացքին Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ կապի մէջ եղած են:
Երկու աղբիւրներ «Ռոյթըրզ»-ին նշած են, թէ զինեալ խմբաւորումները «Սի.Այ.Էյ.»-էն աջակցութիւն ստանալու շուրջ բանակցութիւններ կը վարեն:
«Սի.Էն.Էն.», որ չորեքշաբթի օր զրուցած է իրանեան Քիւրտիստանի ժողովրդավարական կուսակցութեան նախագահ Մուսթաֆա Հիժրիի հետ, կը հաղորդէ, որ Թրամփի վարչակազմը աշխուժ բանակցութիւններ կը վարէ Իրանի ընդդիմադիր խմբակներու եւ Իրաքի մէջ քիւրտ ղեկավարներու հետ` անոնց զինուորական աջակցութեան տրամադրման շուրջ:
«Սփութնիք Արմենիա» կը նշէ, թէ գոյութիւն ունին տեղեկութիւններ, թէ Իրանի քիւրտերու ընդդիմադիր ուժերը յառաջիկայ օրերուն պիտի մասնակցին Իրանի արեւմուտքին մէջ ցամաքային գործողութեան:
Նշենք, որ ընդդիմադիր քրտական խմբաւորումներու հիւսիսային Իրաքի մէջ գտնուող ճամբարները վերջին օրերու ընթացքին իրանեան անօդաչու թռչող սարքերու կողմէ յարձակումներու ենթարկուեցան:
Իրաքի քրտական ինքնավար մարզի կառավարութիւնը յայտարարեց. «Շրջանի մէջ ընթացող հակամարտութիւններուն մասնակից չենք»: