Միացեալ Նահանգներու Պատերազմի Նախարար. «Իրանցիներուն Համար Հարցը Վերջ Գտաւ»

Քաթարի արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդեց, որ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչի հեռաձայնած է Քաթարի վարչապետ, արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Պըն Ապտելռահման Պըն Ժասեմին եւ յայտնած, որ իրանեան յարձակումները ամերիկեան շահերուն դէմ ուղղուած էին եւ Քաթարը չէին թիրախաւորեր, սակայն Պըն Ժասեմ կտրուկ կերպով մերժած է այդ պնդումը` նշելով, որ գետնի վրայ իրականութիւնները յստակ կերպով ցոյց կու տան Քաթարի մէջ քաղաքային ու բնակուած շրջաններու, ներառեալ միջազգային օդակայանին եւ կենսական ենթակառոյցներու, հեղուկ կազի արտադրման ճարտարարուեստական շրջաններու թիրախաւորումը, ինչ որ Քաթարի գերիշխանութեան բացայայտ եւ միջազգային օրէնքի սկզբունքներու խախտում է:

Ան շեշտեց, որ այսպիսի յարձակումները իրանեան կողմի իր դրացիներուն նկատմամբ բարի կամեցողութեան ցուցանիշ չեն` ընդգծելով, որ այսպիսի յարձակումներ չեն կրնար անպատասխան մնալ:

Միացեալ Նահանգներու պատերազմի նախարար Փիթ Հեկսեթ յայտարարեց, թէ աշխարհի վրայ մեծագոյն օդուժը ներխուժեց իրանեան օդային տարածք եւ զայն ամբողջութեամբ վերահսկողութեան տակ առաւ` նշելով. «Իրան ոչինչ կրնայ ընել անոր օդային տարածքին մեր վերահսկելուն նկատմամբ»:

«Իրանեան կարողութիւնները մեր յարձակումներուն շարունակումով կը կրճատուին», նշեց ան` յայտարարելով. «Իրանեան ծովուժն ու օդուժը դադրած են գոյութիւն ունենալէ»:

«Այս պատերազմին համար զինամթերքի բաւարար պահեստ ունինք», ըսաւ Հեկսեթ` յայտարարելով. «Յառաջիկայ փուլին Իրանի դէմ մեր յարձակումները պիտի աշխուժացնենք»:

Միացեալ Նահանգներու պատերազմի նախարարը յայտնեց, որ իրանցիներուն համար «հարցը վերջ գտաւ»:

Ամերիկեան բանակի սպայակոյտի պետ զօր. Տանիէլ Քէյն իր կարգին ըսաւ. «Պիտի ընդլայնենք մեր գործողութիւնները եւ Իրանի խորքը հարուածենք»:

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչի նշեց. «Երբ հիւլէական բանակցութիւններուն հետ կը վարուին այնպէս, որ անիկա կալուածային գործարք է, անկարելի կը դառնայ ոչ իրատեսական ակնկալութիւնները իրագործել»:

«Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ դիւանագիտութեան եւ զինք ընտրած ամերիկացի ժողովուրդին դաւաճանեց», ըսաւ ան:

«Այն, ինչ որ տեղի ունեցաւ, բանակցութիւններու սեղանի ատելութեամբ ականահարում է», յայտնեց Արաղչի:

Ամերիկեան ազդեցիկ «Նիւ Եորք Թայմզ» օրաթերթը կը գրէ. «Ամերիկացի պաշտօնատարներ կը կասկածին, թէ Իրանի հետ պատերազմին վերջ տալու դիւանագիտական հոլովոյթին համար բաւարար պատրաստութիւն գոյութիւն ունի»:

Իրանեան «Մեհր» լրատու գործակալութիւնը Մասնագէտներու խորհուրդի անդամի մը խօսքերը մէջբերելով հաղորդեց. «Իրան, հակառակ ապրած արտակարգ պայմաններուն, երկրին նոր գերագոյն հոգեւոր պետ ընտրելու եզրին է»:

Խորհուրդի անդամը աւելցուցած է, որ Մասնագէտներու խորհուրդը երկրի ղեկավարման համար պիտի ընտրէ գերագոյն հոգեւոր պետ այաթոլլա Ալի Խամենէիի իմաստուն եւ քաջարի յաջորդ մը:

Իրանի իշխանութիւնները յայտարարեցին, թէ ժրաջան աշխատանք կը տանին «կարելի եղածին չափ շուտ» Իսլամական Հանրապետութեան նոր գերագոյն հոգեւոր պետի նշանակման համար:

Հոգեւոր պետի ընտրութեան պատասխանատու Մասնագէտներու խորհուրդի անդամ Ահմետ Խաթեմի յայտնեց. «Մեր ջանքը կը թափենք»:

Ան Իրանի պետական պատկերասփիւռի կայանին հետ զրոյցի ընթացքին աւելցուց. «Աստուծոյ կամքով, ամէնէն մօտիկ ժամանակին գերագոյն հոգեւոր պետի նշանակում տեղի պիտի ունենայ: Ատոր մօտ ենք, սակայն պատերազմական կացութեան մէջ ենք»:

Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Իսրայէլ Քաց, սակայն, յայտարարեց. «Իրանեան վարչակազմին կողմէ նշանակուած որեւէ ղեկավար անմիջապէս ահաբեկման թիրախ պիտի դառնայ»:

Մինչ այդ, Իրանի պետական ԻՐՆԱ լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ 36 տարի Իրանին իշխած Խամենէիի յուղարկաւորութիւնը պիտի սկսի չորեքշաբթի գիշեր եւ երկարի երեք օրուան վրայ: Իրանի պետական պատկերասփիւռի կայանը սակայն յայտարարեց, որ յուղարկաւորութիւնը յետաձգուած է:

Լաւատեղեակ երկու աղբիւրներ «Ուաշինկթըն Փոսթին» յայտնած են, որ իրանեան անօդաչու թռչող սարքով յարձակում մը թիրախաւորած է Ռիատի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան մէջ «Սի.Այ.Էյ.»-ի կեդրոնը:

«Ամերիկացի եւ սէուտցի պաշտօնատարներ հաստատեցին, որ երկու անօդաչու թռչող սարքեր հարուածած են դեսպանատան համալիրը` առանց պաշտօնապէս բացայայտելու, թէ թիրախներու շարքին էր հետախուզութեան կեդրոնը: «Սի.Այ.Էյ.»-ը դէպքը չմեկնաբանեց», հաղորդեց օրաթերթը:

Իրանեան «Ֆարս» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Յեղափոխական պահակագունդի ծովուժը Հնդկաց ովկիանոսին մէջ 650 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ վառելանիւթով մատակարարուելուն ընթացքին «Քատեր 380» եւ «Թալահիա» հրթիռներով հարուածած է ամերիկեան խորտընկէց մը, եւ երկու նաւերուն վրայ ալ մեծ հրդեհ յառաջացած է:

Սրի Լանքայի արտաքին գործոց նախարար Վիժիթա Հիրաս իր կարգին հաղորդեց, որ իր երկիրը նաւեր եւ օդանաւեր ուղարկած է փրկելու համար իրանցի 30 նաւաստիներ, որոնք կը գտնուէին իրանեան «Այրիս Տինա» յածանաւին վրայ, որ կղզիին շրջանային ջուրերուն մօտ ընկղմած է:

Սրի Լանքայի ծովուժէն ու պաշտպանութեան նախարարութենէն աղբիւրներ «Ժազիրա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին յայտնեցին, թէ Սրի Լանքայի մօտ սուզանաւի մը կողմէ իրանեան նաւուն վրայ կատարուած յարձակումին պատճառով կան շուրջ 100 անհետ կորսուածներ եւ 78 վիրաւորներ:

Ամերիկացի պաշտօնատարներ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնեցին. «Ամերիկեան բանակը Սրի Լանքայի ծովեզերքին մօտ իրանեան մարտանաւ մը հարուածեց»:

Քաթարեան պետական լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ պետութեան անվտանգութեան ծառայութիւնը իրանեան Յեղափոխական պահակագունդին պատկանող երկու բջիջներ ձերբակալած է: Ձերբակալուած 10 անձերէն 7-ը պարտականութիւն ունեցած է կենսական եւ զինուորական ենթակառոյցներու շուրջ տեղեկութիւններ հաւաքել, իսկ մնացեալ 3-ը` խափանարարական արարքներ գործել: Անոնք մարզուած են անօդաչու թռչող սարքեր օգտագործելու:

Իսրայէլեան պատկերասփիւռի 12-րդ կայանը հաղորդեց. «Իրանի մէջ օդային հարուածները տակաւին առնուազն երկու շաբաթ պիտի տեւեն»:

Պատկերասփիւռի կայանը նաեւ հաղորդեց, որ Իսրայէլ յաջողած է ահաբեկել Իրանի Յեղափոխական պահակագունդի մասնայատուկ գործողութիւններու բաժանմունքի ղեկավար Ռահման Մոքատտամը:

Իսրայէլեան պատկերասփիւռի 12-րդ կայանը նշեց, որ Մոքատտամ կը կանգնէր 2024 թուականին Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի դէմ մահափորձի ետին:

Պուսահիտի. «Դիւանագիտական
Լուծումները Տակաւին Կարելի Են»

Օմանի արտաքին գործոց նախարար Պատր Պուսահիտի վերահաստատեց, որ Միջին Արեւելքի մէջ մագլցում արձանագրող հակամարտութեան վերջ տալու դիւանագիտական լուծումները տակաւին կարելի են:

Ան կոչ ուղղեց պատերազմը անմիջապէս դադրեցնելու եւ բանակցութիւններու սեղան վերադառնալու:

Պուսահիտի «Էքս»-ի վրայ գրեց. «Աշխարհի տարբեր կողմերէն բոլոր անոնց, որոնք մեզի հետ կապ հաստատեցին` Օմանը կը գնահատէ պատերազմը դադրեցնելու մեր ջանքերուն ձեր զօրակցութիւնը»:

«Շնորհիւ ձեր զօրակցութեան, Օման կը վերահաստատէ անմիջապէս զինադադար հաստատելու եւ շրջանային պատասխանատու դիւանագիտութեան վերադառնալու իր կոչը», աւելցուց օմանեան դիւանագիտութեան պետը:

«Տակաւին կարելի ելքեր գոյութիւն ունին: Թող որ զանոնք օգտագործենք», եզրափակեց Պուսահիտի:

Ապու Տապի. «Պատերազմին Չմասնակցեցանք»

Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու արտաքին գործոց նախարարութիւնը շեշտեց. «Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները իրանեան իրերայաջորդ յարձակումներուն նկատմամբ իր պաշտպանական դիրքորոշումը փոխելու վերաբերեալ որեւէ որոշում չտուաւ»:

«Պետութիւնը աւելի քան հազար յարձակումի ենթարկուեցաւ, եւ այս թիւը աւելի է, քան թիրախաւորուած բոլոր պետութիւններուն վրայ յարձակումներուն թիւը միասնաբար վերցուած: Մեր զինեալ ուժերը արհեստավարժ, ատակ եւ փայլուն կերպով այդ յարձակումներուն դէմ դրին», նշեց նախարարութիւնը:

Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ յայտարարեց, թէ երկիրը «պատերազմին չմասնակցեցաւ, եւ իր հողերուն, շրջանային ջուրերուն կամ օդային տարածքին Իրանի վրայ որեւէ յարձակումի համար օգտագործումը չարտօնեց` յանձնառու ըլլալով բարի դրացնութեան եւ մագլցումի մեղմացման իր առկայ քաղաքականութեան, ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան համաձայն»:

Նախարարութիւնը ընդգծեց, որ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները «իրենց կը վերապահեն ինքնապաշտպանութեան իրաւունքը, որ երաշխաւորուած է միջազգային օրէնքով եւ ՄԱԿ-ի կանոնադրութեամբ»:

Զախարովա. «Իրանի Դէմ
Գործողութենէն  Գլխաւոր Տուժողները
Եւրոպական Միութեան Երկիրներն Են»

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա յայտարարեց, թէ Եւրոպական Միութեան երկիրները դարձած են Իրանի վրայ յարձակումի հետեւանքներէն գլխաւոր տուժողները` ուժանիւթի համաշխարհային մատակարարումներու ծիրին մէջ: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի»-ն:

Անոր համաձայն, մարտական գործողութիւններու ձգձգման պարագային կացութիւնը առաւել եւս պիտի վատթարանայ:

«Ինչ կը վերաբերի Իրանի նկատմամբ շղթայազերծուած յարձակումի հետեւանքներուն, ապա անիկա արդէն իսկ յառաջացուցած է համաշխարհային ուժանիւթային շուկաներու լուրջ ապահաւասարակշռում:

«Այս փուլին ամէնէն շատ տուժած են նոյնինքն Եւրոպական Միութեան երկիրները: Անոնք իրենք արտօնած են հարուածել իրենց ուժանիւթային անվտանգութիւնը` Պրիւքսելի որոշումներով հրաժարելով ուժանիւթի այլընտրանքային, իսկ նախապէս` հիմնական աղբիւրներէն, նախ եւ առաջ ռուսականէն», մամլոյ ասուլիսի ժամանակ նշած է Զախարովա:

Հիւլէական Կայաններ

Հիւլէական ուժանիւթի միջազգային գործակալութիւնը յայտարարեց, թէ Սպահանի հիւլէական կայանին մօտ գտնուող երկու շէնքերու մէջ վնասներ նկատուած են:

Գործակալութիւնը, սակայն, նշեց, որ Իրանի մէջ հիւլէական նիւթ պարունակող կառոյցներուն վրայ որեւէ վնաս չէ նկատած:

Հիւլէական ուժանիւթի միջազգային գործակալութիւնը կոչ ուղղեց առաւելագոյն ինքնազսպուածութիւն ցուցաբերելու` խուսափելու համար շողարձակման արկած մը տեղի ունենալու վտանգէն:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, թէ Իրանի Պուշահր հիւլէական կայանը վտանգուած է, որովհետեւ պայթումները անկէ քանի մը քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ տեղի կ՛ունենան:

Նախքան այդ, ռուսական «Ռոսաթոմ» ընկերութիւնը յայտնեց, որ Պուշահր քաղաքին մէջ գտնուող հիւլէական կայանին մէջ իր աշխատանքները դադրած են:

Ընկերութեան ընդհանուր տնօրէն Ալեքսէյ Լիխաչեւ ռուսական «Ինթըրֆաքս» ընկերութեան յայտնեց, որ հիւլէական կայանին մէջ գործող աւելի քան 600 աշխատաւորներ կը հեռանան երկիրէն:

Տնտեսական Հետեւանքներ

Չինաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց. «Հորմուզի անվտանգութեան ու կայունութեան պահպանումը միջազգային ընտանիքի հասարակաց շահերէն կը բխի»:

Նախքան այդ, Իրանի Յեղափոխական պահակագունդը յայտարարած էր, թէ ամբողջական վերահսկողութեան տակ առած է Հորմուզի նեղուցը, որ քարիւղի համաշխարհային առեւտուրին մէջ կենսական կարեւորութիւն ունի:

Չինական բեռնափոխադրութեան ՔՈՍՔՕ ընկերութիւնը որոշեց առկախել Միջին Արեւելքէն եւ դէպի Միջին Արեւելք, ներառեալ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ, Սէուտական Արաբիա եւ Քաթար ապրանքներու փոխադրումը:

Ընկերութիւնը այդ որոշումէն բացառեց Ժետտայի, Ֆուժէյրայի եւ Խաուրֆաքան նաւահանգիստները:

«Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ» օրաթերթը հաղորդեց. «Ընկերութիւնները սկսան իրենց պաշտօնեաները հեռացնել Միջին Արեւելքէն»:

Միացեալ Նահանգներու ելեւմուտքի նախարար Սքաթ Պեսենթ «Սի.Էն.Պի.Սի»-ին յայտնեց, թէ աշխատանք կը տարուի քարիւղատարներու ապահովման` նշելով. «Այս հարցով մէկ ամիսէ ի վեր արտակարգ ծրագիր ունինք»:

«Շուկաներուն մէջ քարիւղի բաւարար քանակ կայ, եւ այդ առնչութեամբ մեր գործընկերներուն հետ կը հաղորդակցինք», յայտարարեց նախարարը:

 

 

 

 

 

Leave a Comment