Ռէալ Մատրիտ Առանց Էմպափէի Կը Պարտուի

Սպանիոյ եւ Եւրոպայի «հսկայ» ակումբներէն Ռէալ Մատրիտ երկուշաբթի գիշեր մեծ թիւով առիթներ կորսնցնելէ ետք անակնկալ պարտութիւն մը կրեց Խեթաֆէէն (0-1) եւ այժմ 4 կէտերով ետ կը մնայ Պարսելոնայէն` 26 մրցումներէ ետք:

Մրցումին միակ կոլը նշանակեց Խեթաֆէի ուրուկուէյցի յառաջապահ Մարթին Սաթրիանօ 39-րդ վայրկեանին: Բ. կիսախաղին վերջին մասին Ռոտրիկօ առիթ ունէր նշանակելու առնուազն հաւասարութեան կոլը, բայց անոր հարուածը բարձր անցաւ: Աւելի՛ն, Արժանթինցի Ֆրանքօ Մասթանթունօ, որ 69-րդ վայրկեանին դաշտ ներկայացած էր, առիթ ունեցաւ 90-րդ վայրկեանին, որմէ 5 վայրկեան ետք ֆաուլէ մը ետք վտարուեցաւ դաշտէն:

Ռէալ Մատրիտի վիճակը այդքան ալ լաւ չէ վճռական ամիսի մը, որուն ընթացքին կրնայ կորսնցնել Պարսելոնային հասնելու իր առիթը եւ նոյնիսկ այս մակարդակով յառաջիկայ շաբթուան «Չեմփիընզ լիկ»-ի մրցումը` Մանչեսթըր Սիթիի դէմ:

 

Leave a Comment