Ռուսիոյ Երիտասարդներու Ըմբշամարտի Ախոյեանութիւն. 6 Հայ Մարզիկներ Բարձրացած Են Պատուոյ Հարթակ

Ռուսիոյ Թարքօ-Սալէ քաղաքին մէջ վերջերս տեղի ունեցաւ 20 տարեկանէն վար Ռուսիոյ յունահռոմէական ըմբշամարտի ախոյեանութիւնը:

Այս մրցաշարքը զտումի մրցումներու ձեւ ունէր, այս մրցումներէն ետք հարթակ բարձրացող մարզիկները պիտի ներկայացնեն Ռուսիոյ հաւաքականը` Եւրոպայի ախոյեանութեան մասնակցելու:

Մրցումներու արդիւնքներուն հիմամբ հայկական ծագում ունեցող վեց ըմբիշներ բարձրացան պատուոյ հարթակ, երկուքը շահելով ոսկի մետալներ, իսկ 4-ը այլ մետալներ` հետեւեալ ձեւով.

Ռուսիոյ ախոյեան դարձան Մանուէլ  Յարութիւնեան (87 քկ, Կրասնոտար), եւ Արթուր Մանուկեան (55 քկ, Պենզայի մարզ):

Արծաթէ մետալակիր դարձան Աշոտ Աղամիրեան (97 քկ, Մոսկուայի մարզ) եւ Ժորա Յովհաննիսեան (130 քկ, Բաշկորտոստանի ինքնավար հանրապետութիւն):

Պրոնզէ մետալակիր դարձան Պապիկ Ջաւադեան (60 քկ, Կրասնոտարի եւ Վլատիմիր Մուխսեան (130 քկ, Նովոսիպերսքի մարզ):

 

Leave a Comment