Ազնի՛ւ ընթերցող,
Ազգովին կ՛ապրինք փոթորկաշատ ժամանակաշրջան մը, երբ նոյն ատեն աշխարհի վրայ տեղի կ՛ունենան աներեւակայելի վերիվայրումներ, անհաւատալի անցուդարձեր, ուր տրամաբանութիւն, խիղճ, զգացում, կարգ ու կանոն եզրերը դժբախտաբար վերացած են աշխարհի երեսէն, եւ կամայականութիւնը, բիրտ ուժը եւ դրամը գերակշիռ են փոխելու համար երկրագունդին, երկիրներուն, պետութիւններուն եւ ժողովուրդներուն ճակատագիրը եւ առօրեան` ըստ քմահաճոյքի:
Տիրող ահութոփին մէջ շահողը միշտ գերուժն է, իսկ տուժողները փոքր ազգերն ու երկիրներն են, խեղճացած ու խեղճացուած ժողովուրդները, որոնք չունենալով ամուր յենարաններ, ապահով վահաններ, ամբողջութեամբ դարձած են աժան կռուախնձոր` ենթարկուելով մեծերու որոշումներուն ու քմահաճոյքներուն, աւելի շատ` դառնալով անոնց քաղաքական ու տնտեսական շահերուն գլխահակ զոհերը:
Մեր հայրենիքը եւս, գտնուելով աշխարհագրական շատ կարեւոր բւ բարդ տարածաշրջանի մը մէջ, բաւական ժամանակէ ի վեր մեծ պետութեանց ընչաքաղց ախորժակներուն ու շահադիտական լուսարձակներուն կիզակէտն է, ուր իւրաքանչիւր մեծ ձուկ կը փորձէ կուլ տալ փոքրիկ Հայաստան ձկնիկը:
Արդարեւ, ի զուր տեղ չէր դարբնուած արցախեան 44-օրեայ պատերազմը, բոլորովին ալ անծանօթ չեն` զայն հրահրողները, հնարիչները, խրախուսողները, ծրագրաւորողներն ու սպասարկողները, երբ հայ ժողովուրդը կը տագնապէր ու կ՛արիւնէր, իսկ քաղաքակիրթ Արեւմուտքը մեծ հետաքրքրութեամբ կը դիտէր կատարուածը, կ՛ուրախանար թրքօ-ազերիական բեմադրուած յաղթանակով` առանց նկատի ունենալու հայ հազարաւոր նահատակներն ու հաշմանդամները, հայու հողային կորուստն ու վնասը, քանդուած շէներն ու պատմական յուշարձանները, քանզի այդ կը բխէր իրենց հետապնդած շահերէն…
Արեւմուտքը, իր ապահովելիք նիւթական շահէն ու ծրագիրներէն զատ, հզօրացնելով թրքօ-ազերիական մերձեցումը, բանալով ուղիղ ճանապարհ` դէպի Միջին Ասիա, կ՛իրագործէր հեռաւոր նպատակ` միաժամանակ տարածաշրջանէն հեռացնելու համար Ռուսաստանն ու Իրանը, ապագային իրագործելու համար ռազմական նորանոր մագլցումներ… հեռաւոր նպատակ դրած, Հայաստանը նմանցնելու համար Միջին Արեւելքի:
Արեւմուտքի փայփայուող երազին իրականացման ճանապարհին` Հայաստան այսօր ճարահատ կը դառնայ ոտնակոխ… թէեւ, այս միջոցին շլացնելու համար մեր աչքերը, կը խօսուի լայն գործակցութեան ու ներդրումներու մասին… որոնք ուրիշ բան չեն, եթէ ոչ` հետապնդուող քողարկուած առեւտրական շահ ու քաղաքական նպատակ, երբ միաժամանակ Արեւմուտքը կը յաջողի զարգացնել հակառուս տրամադրութիւններ Հայաստանի մէջ, ուր ժողովուրդը ամէն օր, քիչ-քիչ ու կամաց-կամաց կ՛ենթարկուի աւելի մեծ երկուութեան… կամ «սեւ ու ճերմակ» բեւեռացման` դառնալով «արեւմտասէր» եւ «արեւելասէր», նաեւ` «թրքասէր»:
Այլ խօսքով, կովկասեան ալեկոծ ծովու մէջ հետզհետէ կը խարխափէ Հայաստանի ազգային նաւը, կը խորանայ ներազգային ցաւը եւ կը շարունակուի քանդիչ դաւը…
Անդին, սակայն, հակառակ բարձրացող կոչերուն, հրապարակը ողողած կանչերուն, ցաւալիօրէն վերջ չի գտներ Հայաստանի իշխանութիւններուն կողմէ արհեստականօրէն ստեղծուած եւ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ դէմ սկսած անհիմն ու անիմաստ պայքարը, որուն շահարկուներն են թրքօ-ազերիական հայաջինջ գաղափարախօսութեան հիմնադիրները, որոնց սպանդը սկիզբ առաւ 1895-ին եւ կը շարունակուի մինչեւ օրս` ցարդ խլելով միլիոնաւոր զոհեր:
Այսօր հայ ժողովուրդի եւ մասնաւորաբար Հայաստանի Հանրապետութեան պատասխանատուներուն, իշխանութիւններուն, ընդդիմութեան, կուսակցական ու համայնքային ղեկավարներուն համար հարկաւոր է` աւելի շատ իմաստութիւն, շրջահայեացութիւն, հեռատեսութիւն, ազգասիրութիւն եւ հայրենասիրութիւն, փրկելու համար խորտակուող մեր միակ յոյսի եւ յաւերժութեան նաւը:
Ազնի՛ւ ընթերցող,
Երբ կը պատրաստուէի վերջակէտով մը աւարտել յօդուածս, յանկարծ Դիմատետրի մէջ կարդացի աննախադէպ բան մը` չհաւատալով կարդացածիս: Հայաստանի իշխանութիւնները յարուցած են «քրէական գործ` Ամենայն Հայոց կաթողիկոսի` Գարեգին Բ. վեհափառի դէմ եւ դրած` երկրէն բացակայելու արգելք»…
Բացատրութեան կարիք չկայ: Լեզուս կրնայ արտասանել մէկ բառ միայն` ԱՄՕԹ: Կը բաւէ խայտառակենք հայ ժողովուրդը եւ դարաւոր Հայ եկեղեցին: Ի վերջոյ մտածելու ենք` ո՞վ կը շահի այս աքլորամարտէն…
