2025 տարուան նոյեմբեր եւ դեկտեմբեր ամիսներուն, սփիւռքեան հայաշխարհի բազմաթիւ բնակավայրերուն մէջ, Համազգային Հայ կրթական եւ մշակութային միութեան աշխարհացրիւ մասնաճիւղերէն շատեր տօնեցին Համազգայինի հիմնադիր, մեծ հայ, մեծ մտաւորական Նիկոլ Աղբալեանի ծննդեան 150-ամեակը:
Տեղեկատուական բազմատեսակ միջոցներ նշեցին ու ներկայացուցին վերոյիշեալ տօնախմբութիւններուն մանրամասնութիւնները` նկարներով թէ տեսերիզներով:
Կեանքի անիւը զիս 1970-ին (մինչեւ 1975) տարաւ Լիբանան` ուսանելու Նիկոլ Աղբալեանի եւ Լեւոն Շանթի ձեռակերտ, Համազգայինի Նշան Փալանճեան Ճեմարանի մէջ` որպէս գիշերօթիկ-միջնակարգի ուսանող:
Մեր տան մէջ գտնուող նկարներու հաւաքածոյին մէջ կար մեծածաւալ նկար մը, որուն կեդրոնը նստած էր Նիկոլ Աղբալեան` շրջապատուած քեսապցի հայորդիներով, մէկ անկիւնը կանգնած էր նաեւ Կարապետ մեծ հայրս:
Կ՛ենթադրեմ, որ այդ նկարը առնուած էր 1930-ին կամ անկէ անմիջապէս ետք, երբ Աղբալեան Եգիպտոսէն մեկնելով` եկած էր Լիբանան, ապա` Սուրիա:
Լիբանանի մէջ կը հիմնադրեն Հայ Ճեմարանը (աւելի ուշ` Նշան Փալանճեան Ճեմարան), իսկ Հալէպի մէջ` Համազգայինի մասնաճիւղը:
Վերոյիշեալը նուազագոյն ճանաչումս էր այդ մեծ հայուն, որուն յուշանկարը ծնողներս մասունքի պէս կը պահէին:
Սակայն, երբ ճեմարան մուտք գործեցի, առաջին հերթին ուշադրութիւնս գրաւեց Ճեմարանի թիւ 1 շէնքին հանդիպակաց փոքր մարգագետնին մուտքին վեհօրէն բարձրացած Լեւոն Շանթի եւ Նիկոլ Աղբալեանի կիսանդրիները: Առաջին զբօսանքին վերահասու եղայ, որ այնտեղ բարձրացած էին Սիմոն Վրացեանի եւ Բարսեղ Կանաչեանի կիսանդրիները եւս:
Շուտով թաւալեցան ու անցան այն չորս տարիները ճեմարանին մէջ, երբ բռնկած քաղաքացիական պատերազմին պատճառով յուսահատած հեռացայ իմ սիրելի ճեմարանէն:
Այդ չորս տարիներուն ընթացքին բախտը ունեցայ աշակերտելու Շանթի ու Աղբալեանի աւագ աշակերտներէն Գառնիկ Բանեանին, Մուշեղ Իշխանին եւ Գրիգոր Շահինեանին: Ու ճեմարանի, անոր հիմնադիրներուն, անոնց աշակերտ-ուսուցիչներուն շունչը հետս տարի Սուրիա` Հալէպ Ազգ. Քարէն Եփփէ ճեմարան, ուսումս շարունակելու համար:
Սակայն ամէն անգամ որ բարեբախտութիւնը կ՛ունենայի Լիբանան, Պէյրութ ու ճեմարան երթալու, այցելելու, հոգեշարժ ու հոգեյոյզ ապրում մը կը վերազարթնէր ներաշխարհիս մէջ, եւ կը զգայի, որ հիմնադիրները, ուսուցիչներս ու դասընկերներս հոն զիս կը սպասեն: Կը զգայի, որ հիմնադիրներուն հոգին այնտեղ կը թեւածէ, նաեւ` Լիբանանի Մըզհերի մէջ տեղափոխուած Ճեմարանին (Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան ճեմարան) վրայ, ու աւելի հեռուն` Մարսէյի ու Սիտնիի ճեմարաններուն վրայ` այդ կեդրոններուն Համազգայինի շունչը պարգեւելով:
* * *
Նիկոլ Աղբալեանի մասին խորհրդածելով` նշեմ, որ անոր կեանքը փոթորկալից եղած է, որովհետեւ այն ժամանակը, զոր ան ապրած է, յատկանշուած է հայ կեանքի փոթորիկներով:
Ան իր մասին խօսելով` յայտնած է. «Յեղափոխական շարժումը դուրս հանեց ինձ իմ ակօսից», որովհետեւ ան փափաքած է ըլլալ գրագէտ, գրականագէտ, բանասէր, պատմագէտ… սակայն ստիպուած եղած է Հայոց Ազգային խորհուրդի, Ազգային բիւրոյի, մինչեւ իսկ հայ կամաւորական խումբերու կարգադրիչ մարմինի անդամ: Ու աւելցուցած է. «Սուրը չթողեց, որ երգիչ դառնամ, երգը չթողեց, որ մարտիկ դառնամ»:
Ու այս պատճառով ան չէ յաջողած իր ուժերը հունաւորել որոշ ուղղութեամբ:
Աւելի ուշ, Հայաստանի անկախացումով, ան մաս կազմած է Հայաստանի անդրանիկ խորհրդարանին ու շուտով նշանակուած է լուսաւորութեան նախարար:
Իր մտերիմներէն` Հայաստանի Հանրապետութեան չորրորդ ու վերջին վարչապետ Սիմոն Վրացեան (ճեմարանի երկրորդ տնօրէնը) կը վկայէ, որ անոր կը պարտինք Հայաստանի կրթական գործին կազմակերպումը, կառավարութեան թէ խորհրդարանին մէջ մշակուած կրթական մարզին վերաբերող օրէնքներուն ճնշիչ մասը կը կրեն Աղբալեանի դրոշմը:
Վերջապէս, Աղբալեանին կը պարտինք Հայաստանի առաջին համալսարանի հաստատումը Գիւմրիի մէջ (որովհետեւ որբերու ու գաղթականներու պատսպարան դարձած Երեւանի մէջ թափուր շէնք չէր մնացած):
Աղբալեան` իբրեւ դաշնակցական եւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախարար, Հայաստանի խորհրդայնացումէն ետք բանտարկուեցաւ համայնավարներու կողմէն, «վայելեց» բանտին «բարիքները» եւ Փետրուարեան ապստամբութեան շնորհիւ մազապուրծ ազատեցաւ պոլշեւիկեան բանտային սպանդանոցէն:
Աղբալեան հարկադրուած լքեց հայրենիքն ու ընտանիքը, անցաւ Պարսկաստան, ապա Եգիպտոս եւ վերջապէս` Լիբանան:
* * *
Նիկոլ Աղբալեան մտաւորականին մասին բազմաթիւ վկայութիւններ կան իր մտերիմներու, ծանօթներու, աշակերտներու կողմէն հրապարակուած ու ցրուած գիրքերուն ու գրութիւններուն մէջ:
Վերի տողերուն մէջ նշեցի, որ բախտը ունեցած եմ աշակերտելու իր աւագ աշակերտներուն:
Աղբալեանի մահէն ետք (1947) Համազգայինը յանձն կ՛առնէ լոյս ընծայել անոր գրական վաստակը, որ ցրուած էր բազմաթիւ թերթերու ու գիրքերու մէջ: Ու այս նպատակին համար կը կազմուի յատուկ յանձնախումբ մը, որուն մաս կը կազմեն` Սիմոն Վրացեան, Կարօ Սասունի, Գառնիկ Բանեան, Մուշեղ Իշխան, Գրիգոր Շահինեան եւ Լիւսի Տէր Մելքոնեան:
Անոնք կը յաջողին լոյս ընծայել Աղբալեանի գրական երկերը չորս հատորներով, որպէս` «Նիկոլ Աղբալեան, ամբողջական երկեր»:
Առաջին հատորը վերնագրուած է` «Գրաքննադատական երկեր», որուն յառաջաբան բաժինները գրած են Գառնիկ Բանեան` «Նիկոլ Աղբալեան, ուրուագծեր կեանքի եւ գործի մասին», ապա նաեւ Գրիգոր Շահինեան` «Աղբալեան` քննադատ»: Երկրորդ հատորը` «Սայաթ Նովայի հետ» յառաջաբանի հեղինակն է Մուշեղ Իշխան:
Մուշեղ Իշխան Աղբալեանին (եւ երկու ուրիշներու) նուիրած է ծաւալուն գրութիւն մը` «Երեք մեծ հայեր» գիրքին մէջ:
Իսկ Աղբալեանի երրորդ հատորին` «Մտածումներ», ապա չորրորդ հատորին` «Պատմութիւն հայոց գրականութեան», յառաջաբանները կը պատկանին Երուանդ Փամպուքեանի գրիչին:
Վերոյիշեալ եւ այլ գրութիւններէ քաղուածքներ կատարելով` կարելի է արձանագրել ստորեւ ներկայացուած ընդգծումները:
Նիկոլ Աղբալեան փորձած է` գրական քննադատութիւն, ունի բանասիրական եւ լեզուական ուսումնասիրութիւններ, պատմական հետազօտութիւններ, ապա նաեւ` քաղաքական եւ կուսակցական հետազօտութիւններ:
Այսինքն, այլ խօսքով, ան եղած է` բանասէր, պատմագէտ, մանկավարժ, գրագէտ, գրաքննադատ, դասախօս եւ դաստիարակ, հանրային, ազգային ու կուսակցական գործիչ:
Իր մտերիմները զինք կոչած են «մշակոյթի պահակ» ու երբեմն` «աշուղ», սակայն` միտքերու, գիտութեան երգիչն ու տարածողը:
Նոյն ժամանակ Աղբալեան դարձած է գրական արժէքներ յայտնաբերողը, նաեւ զանոնք տարածողը եւ ժողովրդականացնողը:
Իւրայատուկ է Աղբալեանի Սայաթ Նովային նուիրուած երկը, հատորը:
Ան Սայաթ Նովայի մասին խօսելով` կ՛ըսէ.
«Սայաթ Նովայի տաղերը չեն երգեր աշխարհի վայելքը, այլ` հոգւոյն պաղատանքը` մերձենալու Աստուծոյ լոյսին:
Սայաթ Նովան երգեց ոչ թէ յանուն երգին, այլ` յանուն հոգւոյն, որ տենչաց իր արմատը` զԱստուած գտնել:
Սայաթ Նովան կը խօսի խոնարհ բառերով, բայց իւրաքանչիւր բառին մէջ կայ տիեզերքի եւ Աստուծոյ լոյսը: Անոր երգերը կը սորվեցնեն սիրել` առանց շահի, ծառայել` առանց պարծանքի, լռել` առանց վախի»:
Ապա կ՛աւելցնէ. «Սայաթ Նովան երգեց ոչ աշխարհի գեղեցկութիւնը, այլ հոգիին փափաքը, տեսնելու այդ գեղեցկութիւնը, Աստուծոյ աչքերով»:
Ն. Աղբալեան իր դասախօսութիւններով, բանախօսութիւններով ու ճառերով եղած է «Հայ բեմի ոսկեբերանը»` համաձայն իր սիրելիներու բնորոշման: Ան բեմին վրայ միշտ եղած է կշռուած, լուրջ, իմաստալից ու ինքնատիպ: Ատակ եղած է ամէնէն բարձր մտքերն ու հարցերը պարզ ու յստակ ձեւով ներկայացնելու:
Կը նկատուի նաեւ, որ ան հանրութեան դիմաց կը ներկայանար փոքր թուղթերով, ուր արձանագրած կ՛ըլլար խղճամիտ հոգածութեամբ իր դասախօսութիւններուն նախագիծը կամ անոր ամփոփումը:
Ան ամբոխավար հռետոր չէ եղած, սակայն յաջողած է ամբոխները գրաւել` իր խօսքին ու շեշտին, սրտայոյզ անկեղծութեան շնորհիւ:
Իր երկերուն խմբագիրները իրենց ներկայացուցած յառաջաբաններուն մէջ նշած են, որ իր բազմաթիւ դասախօսութիւնները տեղ գտած են այդ հրատարակութիւններուն մէջ:
Ամբողջ կէս դար, Կովկասէն մինչեւ սփիւռքեան ոստաններ, Աղբալեան մնացած է տիրապետող դէմք հայոց մտաւոր ասպարէզին վրայ:
Գրականագէտ իր բարեկամները յաջողած են զինք գրական հարթակի մը վրայ տեղադրել, ուստի անոր յարմարագոյն կոչումը «մտաւորական» որակումը գտած են, մտաւորականի ամէնէն ազնուական ու խոր իմաստով, անոնց թուացած է, որ այդ կոչումը լաւագոյնը յարմարած կ՛ըլլայ իր խառնուածքին: Հզօր իմացականութեամբ օժտուած, համապարփակ հետաքրքրութիւններով, մտքերու ու զգացումներու հարստութեամբ` «մեծ մտաւորական»:
Անոնք ընդգծած են նաեւ, որ` «Աղբալեան ոչ միայն մտաւորական էր, այլեւ` ազգային ոգիի դաստիարակ, մանկավարժ, որ կը փորձէր կրթութեամբ եւ մշակոյթով ամրապնդել հայութեան ապագան»:
Ու աւելցուցած են. «Ան ոչ միայն հասարակական-քաղաքական գործիչ, գրականագէտ, մանկավարժ ու մտաւորական էր, այլեւ` գաղափարի մարտիկ»:
Աղբալեան ինք իր մասին կը յայտնէ. «Կոչումս ի՞նչ է – ես էլ չգիտեմ: Ոմանք ասում են քննադատ եմ: Ուրիշների կարծիքով մասնագէտ եմ: Ուրիշ բաներ էլ են ասում: Իմ գիտցածով ես էլ, շատերի պէս, ամէն բան եմ եւ ոչինչ եմ»:
Ու կ՛աւելցնէ. «Շատ բան իմացայ, բայց` ոչ հիմնովին: Գիտութիւնը ինձ սնունդ դարձրի. մինչդեռ պէտք էր նրա մի ածուն մշակէի: Ուրիշ վայելքներու զուգահեռ, գիտութիւնն ինձ համար վայելք եղաւ` փոխանակ պարտք դառնալու»:
Նիկոլ Աղբալեան եղած է հոգիի մարդ. ունակութիւնը ունեցած է իր հանրութեան հոգիի սնունդ տալու` վայելքով պարուրուած: Ինքն է խոստովանողը. «Գրելը պէտք է խոստովանութիւն լինի, իսկ խոստովանութիւնը պահանջում է գերագոյն անկեղծութիւն»:
Կը պատմեն, թէ պոլշեւիկեան բանտը իր հոգիին վրայ դրոշմած է մռայլութիւն` ի տես այնտեղ կիրարկուած ոճիրներուն:
Աղբալեան` կրթամշակութային առաքելութեան դրօշակակիրը, Ճեմարանի հիմնադիրներէն, ջերմեռանդ հաւատացողը կրթական գործին, կ՛ընդգծէ.
«Եթէ դպրոցը չարթնցնէ ազգը, զէնքը պիտի չկրնայ փրկել զինք: Ազգը կը մեռնի` ոչ թէ երբ կորսնցնէ իր զէնքը, այլ, երբ կը մոռնայ իր լեզուն»:
Առիթով մը Նշան Փալանճեան Ճեմարանի շրջանաւարտ հունձքի մը իր խօսքը ուղղելով` կը յայտնէ. «Մեր նպատակը եղաւ պատրաստել եւ հանրութեան տալ գիտակից հայեր. մենք մեր աշակերտներուն տուած ենք ազգային ոգի. շրջանաւարտներուն կը մնայ այդ ոգին վառ պահել կեանքին մէջ ալ. մեր գերագոյն ցանկութիւնն է, որ մեր շրջանաւարտները առաջին հերթին գնահատեն ազգը, ապա միայն` ընտանիքը»:
Նիկոլ Աղբալեան հեռանալով հայրենիքէն ու իր ընտանիքէն` խուսափած է անոնց միանալէ, պոլշեւիկեան բանտին անոր տուած հոգեկան բեկումին պատճառով:
Սակայն ան հակառակ իր հոգիի մռայլ ու գորշ սպիներուն` սիրած է կեանքը, բնութիւնը, երգը, գինին, հերոսներուն խոյանքները ու հին ձեռագիրները:
Հակառակ իր մագաղաթեայ մռայլ դէմքին` ան միշտ եղած է կենսուրախ եւ զուարթախօս ու գիրքերով լուսաւորած եւ պայծառացուցած է կեանքը:
Իր մասին պատմած են, որ մտաւորականներու ու ղեկավարներու ժողովի մը ընթացքին, երբ վիճաբանութիւններ կը թէժանան ու կը բորբոքին, Աղբալեան իր քաղցր ձայնով կը սկսի երգել Սայաթ Նովայի «Դու էն գլխէն, իմաստուն իս…», ու խաղաղութիւն կը պարտադրէ ժողովին ու ժողովականներուն:
Յաճախ հայ երգի կտոր մը կամ գիրք մը անոր մոռցնել տուած է մռայլ առօրեան:
Լեւոն Շանթի ու Նիկոլ Աղբալեանի միատեղ երազը` Համազգայինը եւ Հայ ճեմարանը, իրականութիւն դարձան իրենց վտարանդի կեանքի առաջին տասնամեակին: Սակայն Աղբալեան իր կեանքի վերջալոյսին փայփայած է սիրական այլ երազ մը` «հիմնել մտաւորականներու աշխարհական միաբանութիւն մը»: Անոնք յանձն պիտի առնէին ամբողջական նուիրումով ու ճիգերով ծաղկեցնել հայ մշակոյթը:
Ան կրթական ասպարէզին իր նուիրումին օրինակը կու տայ, երբ իր պաշտօնակիցներուն հետ միատեղ իրենց համեստ ամսավճարներէն մաս մը մէկդի դնելով` կրթական գործին կը հրաւիրեն օտար լեզուներու օտարազգի դասատուներ:
Իր սերնդակիցները կը վկայեն, որ ան միշտ հիւրընկալած է իր բարեկամները Շթորայի իր միասենեակ տան մէջ ու նկատելով, որ տունը շատ փոքր է, իր աշխատանքով, աղիւս առ աղիւս կը յաջողի անոր կցել եւս երկու սենեակ:
Վերջերս բանախօս մը կատարեց բացայայտում մը իր բանտային կեանքին մասին: Պոլշեւիկեան բանտային իջեւանին մէջ, իր բանտախուցի ընկերներուն հոգեվիճակը բարելաւելու համար, ան ձեռնամուխ կ՛ըլլայ ս. պատարագի մատուցման:
Աղբալեան անկեղծ ու մեծ յարգանք ունեցած է Հայ եկեղեցւոյ հանդէպ: Անոր կրօնը հայ ազգը եղած է, հայութիւնը, հայոց լեզուն, Հայ եկեղեցին, հայ գիրն ու մշակոյթը, հայ երգը եւ այն ամէն ինչը, որ հայութիւն էր:
Աղբալեան չէ հաւատացած մահուան, սակայն մահը անոր գաղտագողի մօտեցած է:
Ան թէեւ մահացաւ 1947-ին, սակայն մահը չկրցաւ գերեզման իջեցնել անոր անկորնչելի յիշատակը եւ իր գործի լուսեղէն փառքը:
Այո՛, տակաւին այսօր կը հաւատամ, որ Նիկոլ Աղբալեանի եւ Լեւոն Շանթի ու անոնց յաջորդներուն, Համազգայինի ու Ճեմարանի նուիրեալներուն անմահ հոգիները կը թեւածեն ամէնուրեք, այնտեղ, ուր անոնց գաղափարական արժէքներու ժառանգին հաւատացողներն ու այդ գաղափարները գործադրողները կան:
«Մահը մերն է, մենք մահինը,
Մարդու գործն է միշտ անմահ» (Յ. Թ.):
