Իտալիոյ «Սերի Ա.»-ի դասաւորման պարագլուխի դիրքը գրաւող Ինթեր Միլան, 27-րդ հանգրուանի իր մրցումին 2-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Ճենովան:
Ինթերի ընկերային ցանցերու պաշտօնական էջերը հրապարակում մը կատարած են` նուիրուած ակումբի փորձառու միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեանին:
Հայաստանի ազգային խումբի բոլոր ժամանակներու լաւագոյն ռմբարկուն շատ գեղեցիկ էսիսթ մը կատարած էր իր խմբակից Ֆետերիքօ Տիմարքոյի, որ վոլէով նշանակած էր անմոռանալի կոլ մը:
«Ներաձուրի»-ի մամլոյ ծառայութիւնը հրապարակած է այդ կոլին պատրաստութեան լուսանկարը, ուր Մխիթարեան կը կատարէր էսիսթը:
«Ան կը գտնէ ձեզ, ուր որ ալ ըլլաք», գրուած է լուսանկարին կից:
Նշենք, որ անցեալ շաբաթ «Չեմփիընզ լիկ»-էն դուրս մնալէ ետք շատ լուրեր տարածուեցան, թէ մեծ թիւով մարզիկներ կրնան լքել կազմը, ներառեալ Մխիթարեանը: