Քաթարը, Սէուտական Արաբիան, Պահրէյնը, Յորդանանը, Քուէյթը, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններն Ու Միացեալ Նահանգները Իրենց Ինքնապաշտպանութեան Իրաւունքը Կ՛ընդգծեն

Քաթարը, Սէուտական Արաբիան, Պահրէյնը, Յորդանանը, Քուէյթը, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններն ու Միացեալ Նահանգները միացեալ հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով դատապարտեցին «Իրանի անկանոն յարձակումները»:

«Այս անարդարանալի յարձակումները թիրախաւորեցին գերիշխան տարածքներ, քաղաքայիններու կեանքերը վտանգեցին եւ քաղաքային ենթակառոյցներու վնասներ պատճառեցին, ինչ որ վտանգաւոր մագլցում ու շրջանին անվտանգութեան ու կայունութեան սպառնալիք է», յայտնեցին անոնք:

«Իրանեան անկանոն ու անպատասխանատու հարուածները ներառեցին Պահրէյնն ու Իրաքը, ներառեալ Իրաքի Քրտական ինքնավար մարզը, Յորդանանը, Քուէյթը, Օմանը, Քաթարը, Սէուտական Արաբիան ու Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները», նշեց հաղորդագրութիւնը:

Քաթարը, Սէուտական Արաբիան, Պահրէյնը, Յորդանանը, Քուէյթը, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններն ու Միացեալ Նահանգները նաեւ ընդգծեցին, որ կողք-կողքի կը կանգնին առ ի պաշտպանութիւն իրենց քաղաքացիներուն, գերիշխանութեան եւ հողերուն, ինչպէս նաեւ անգամ մը եւս ընդգծեցին «ինքնապաշտպանութեան մեր իրաւունքը»` շեշտելով շրջանային անվտանգութեան նկատմամբ իրենց յանձնառութիւնը:

Անոնք բարձր գնահատեցին օդային պաշտպանութեան ոլորտին մէջ ազդու գործակցութիւնը, որ արգելք հանդիսացաւ կեանքերու աւելի մեծ կորուստներու եւ քանդումի արձանագրման:

Leave a Comment