Մըրքոս Այցելեց Հանրապետութեան Նախագահին – Aztag Daily – Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն երէկ կէսօրէ առաջ Պաապտայի պալատին մէջ ընդունեց տեղեկատուութեան նախարար Փոլ Մըրքոսը:

Նախարարը հանրապետութեան նախագահին ներկայացուց շարք մը արաբական երկիրներ իր կատարած այցելութիւններուն արդիւնքները:

Մըրքոս նաեւ նախագահ Աունին ներկայացուց կառավարութեան պաշտօնավարման առաջին տարուան ընթացքին Լիբանանի պետական պատկերասփիւռի կայանին եւ նախարարութեան տնօրէնութիւններու, մասնաւորաբար պետական լրատու գործակալութեան, Լիբանանի պետական ձայնասփիւռի եւ Ուսումնասիրութիւններու եւ հրատարակութիւններու վարչութեան զարգացման գործին մէջ արձանագրուած գործընթացը, ինչպէս նաեւ խորհրդարանական յանձնախումբերուն մէջ լրատուամիջոցներու մասին օրէնքի նախագիծի ընթացքը, Լիբանանի մէջ տեղի ունեցած տեղեկատուական խորհրդաժողովները եւ շարք մը նախարարութիւններու մէջ քաղաքացիներու իրաւունքներու ուղեցոյցը:

 

Leave a Comment