Սալամ Ընդունեց Արտաքին Յարաբերութիւններու Խորհրդարանական Յանձնախումբը

Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ ընդունեց խորհրդարանի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի նախագահ Ֆատի Ալամէն եւ յանձնախումբի քարտուղար, Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունին, ինչպէս նաեւ անդամներ Ուաէլ Ապու Ֆաաուրը, Ալի Օսէյրանը, Ինայա Իզէտտինը, Էլիաս Խուրին եւ Հայտար Նասերը` ներկայութեամբ լիբանանեան-պաղեստինեան երկխօսութեան յանձնախումբի նախագահ դեսպան Ռամեզ Տիմաշքիէի:

Երեսփոխան Ալամէ հանդիպումէն ետք յայտնեց, որ այցելութեան նպատակը վարչապետ Սալամը իրազեկելն է մասնագիտական յանձնախումբին առնչուած թղթածրարին, մասնաւորաբար ՄԱԿ-ի Պաղեստինցի տեղահանուածներու օգնութեան եւ աշխատանքներու գործակալութեան (ՈՒՆԵՐՈՒԱ) թղթածրարին մասին:

Ան նշեց, որ Լիբանանը ՈՒՆԵՐՈՒԱ-ի եւ ՄԱԿ-ի բոլոր գործակալութիւններու ֆինանսաւորման կրճատումէն ամէնէն շատ ազդուող երկիրներէն մէկն է, որովհետեւ կան մարդասիրական ներկայութեան վերաբերող թղթածրարներ, որոնք կը ներառեն նաեւ ՄԱԿ-ի Գաղթականներու հարցերով գերագոյն յանձնակատարի գրասենեակին եւ սուրիացի գաղթականներուն, ինչպէս նաեւ Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ժամանակաւոր ուժերուն` ՖԻՆԻՒԼ-ին վերաբերող գործողութիւնները:

«Մենք վարչապետին տեղեկացուցինք խորհրդարանի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբին մէջ վերջերս տեղի ունեցած քննարկումներուն մասին` Լիբանանի մէջ ՈՒՆԵՐՈՒԱ-ի գործերու տնօրէնի, Պաղեստինի դեսպանի եւ դեսպան Տիմաշքիէի ներկայութեամբ: Քննարկումները կեդրոնացած էին գաղթականներու տառապանքները մեղմացնելու համար նախաձեռնողական քայլերու ձեռնարկման ուղիներու վրայ` միեւնոյն ժամանակ ընդգծելով, որ Լիբանանը չի կրնար իր կարողութիւններէն վեր լրացուցիչ բեռ կրել», յայտնեց երեսփոխանը:

 

 

Leave a Comment