Շամխանի. «Հիւլէական Զէնք Չունենալը Մեր Վարդապետութեան Ու Գերագոյն Հոգեւոր Պետի Կրօնական Հրամանագիրին Համահունչ Է»

Իրանի Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Ալի Շամխանի նշեց. «Եթէ բանակցութիւններուն միտք բանին մեր հիւլէական զէնք չունենալն է, ապա ատիկա մեր վարչապետութեան ու գերագոյն հոգեւոր պետ սէյիտ Ալի Խամենէիի կրօնական հրամանագիրին համահունչ է»:

«Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչի այս համաձայնութիւնը կնքելու բաւարար աջակցութիւնն ու իշխանութիւնը ունի», շեշտեց Շամխանի:

Նախքան այդ, Իրանի նախագահ Մասուտ Փեզեշքիան յայտնեց. «Հիւլէական զէնքի ձեռքբերման չենք ձգտիր, եւ յանձնառու ենք այդ առնչութեամբ գերագոյն հոգեւոր պետ սէյիտ Ալի Խամենէիի կրօնական հրամանագիրին»:

Նշենք, որ ան չորեքշաբթի օր Միացեալ Նահանգներու հետ անուղղակի բանակցութիւններուն նկատմամբ լաւատեսութիւն յայտնած էր եւ խօսած «խոստմնալից հորիզոններու» մասին: Ան յոյս յայտնած էր, որ կարելի կ՛ըլլայ «շրջանցել ոչ պատերազմ, ոչ խաղաղութիւն իրավիճակ»-ը:

Leave a Comment