Եպիսկոպոսաց Հաւաք. «Կոչ Կ՛ուղղենք Հայաստանի Հանրապետութեան Իշխանութիւններուն Դադրեցնելու Եկեղեցւոյ Հանդէպ Հալածանքները»

Աւստրիոյ հնագոյն Սանքթ Փէօլթըն քաղաքին մէջ հրաւիրուած Եպիսկոպոսաց հաւաքը աւարտած է իր աշխատանքները: Հաւաքին մասնակցած են Հայ առաքելական եկեղեցւոյ 25 եպիսկոպոսներ: Հայաստանեայց առաքելական սուրբ եկեղեցւոյ Ամենայն հայոց կաթողիկոսութեան Եպիսկոպոսաց հաւաքը հանդէս եկած է յայտարարութեամբ:

Եպիսկոպոսաց դասը խոր մտահոգութիւն յայտնած է եկեղեցի-պետութիւն յարաբերութիւններու ներկայ իրավիճակին առնչութեամբ, կոչ ուղղած է Հայաստանի իշխանութիւններուն` «դադրեցնելու եկեղեցւոյ հանդէպ հալածանքները եւ յարգելու եկեղեցւոյ դարերով ամրագրուած ինքնիշխանութիւնն ու ինքնավարութիւնը, վերջ դնելու շինծու մեղադրանքներով ու զրպարտութիւններով եկեղեցականներու ու ազգընտիր Ամենայն հայոց հայրապետի նկատմամբ բռնաճնշումներուն», ազատ արձակելու կալանաւորուած եկեղեցականները:

Հաւաքէն ետք հրապարակուած յայտարարութեան մէջ նաեւ կ՛ըսուի. «Եպիսկոպոսաց հաւաքին մասնակիցներս կը յորդորենք խոտորեալ ութ սրբազաններուն` գործելու Սուրբ Էջմիածինի եւ Ամենայն հայոց կաթողիկոսին հանդէպ հաւատարմութեան ուխտի եւ ծառայական կոչման գիտակցութեամբ, ներեկեղեցական կեանքին առնչուող խնդիրները արծարծելու եւ լուծելու բացառապէս եկեղեցւոյ լիազօր ատեաններուն մէջ, ձեռնպահ մնալու հակականոնական գործողութիւններէ»:

Սանքթ Փէօլթընի մէջ էր նաեւ վարչապետ Փաշինեանի արշաւին միացած ու կաթողիկոսի հրաժարականը պահանջող Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեան, որուն անունը եւս կայ Եպիսկոպոսաց հաւաքի յայտարարութեան մէջ:

Աւստրիոյ Սանքթ Փէօլթըն քաղաքի կաթողիկէ եկեղեցւոյ պատկանող տարածքին մէջ հրաւիրուած եպիսկոպոսական ժողովը վերածուեցաւ եպիսկոպոսական հաւաքի. ժողով չէր կրնար ըլլալ, որովհետեւ եկեղեցւոյ կանոնական դաւանաբանական որոշումները ընդունող այս մարմինը կը գլխաւորէ Ամենայն հայոց կաթողիկոսը, իսկ ան անցեալ շաբաթ օր մեղադրեալ դարձաւ` երկրէն բացակայելու արգելքով:

 

 

Leave a Comment