Պայրագտարեան «Լիբանանի Մէջ Իրաւարարութեան Ամրապնդման» Ծրագիրի Մեկնարկի Հանդիսութեան Խօսք Արտասանեց

Վարչական բարգաւաճման հարցերու պետական նախարար Ֆատի Մաքքի մեկնարկը յայտարարեց «Լիբանանի մէջ իրաւարարութեան ամրապնդման» ծրագիրին, որ կը գործադրուի իտալական կառավարութեան կողմէ ֆինանսաւորուող` Տնտեսական գործակցութեան ու բարգաւաճման կազմակերպութեան Միջին Արեւելքի եւ Հիւսիսային Ափրիկէի շրջանի իրաւարարութեան ծրագիրին միջոցով:

Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար դոկտ. Նորա Պայրագտարեան հանդիսութեան ընթացքին խօսք մը արտասանելով յայտնեց. «Իրաւարարութեան բարեկարգումը նախապայման է տնտեսական դիմադրողականութեան ամրապնդման, ընկերային համախմբուածութեան եւ ժողովրդավարական հաւաստիութեան ամրապնդման համար»` աւելցնելով. «Ներառական կառավարումը հիմնուած է որոշումներու կայացման թափանցիկութեան, քաղաքացիներու կարիքներուն արձագանգելու եւ քաղաքականութեան մշակման լայն մասնակցութեան վրայ»:

«Նախարարութեան մօտեցումը հիմնուած է երիտասարդները իբրեւ քաղաքականութեան մշակման գործընկեր դիտարկելու վրայ, եւ ոչ թէ պարզապէս անոնց շահառուներ` որդեգրմանը միջոցով կազմակերպուած մասնակցային մեքանիզմներու, որոնք կը ներառեն համալսարանական ուսանողներու եւ տարբեր շրջաններու երիտասարդներու համար խորհրդակցութիւններ` ապահովելու համար, որ երիտասարդութեան ազգային ռազմավարութիւնը արտացոլէ անոնց իրական առաջնահերթութիւնները, մարտահրաւէրներն ու ձգտումները», նշեց նախարար Պայրագտարեան:

«Այս հոլովոյթը կ՛ամրապնդէ վստահութիւնը եւ կը հաստատէ մասնակցային քաղաքականութեան մշակման մշակոյթ, ինչպէս նաեւ հիմք կը դնէ երիտասարդներու ապրած իրականութենէն բխող ազգային շրջանակի համար», նշեց Պայրագտարեան` ընդգծելով. «Համալիր կառավարումը կը պահանջէ միջոլորտային համագործակցութիւն կրթութեան, աշխատանքի, թուային վերափոխման, ընկերային պաշտպանութեան եւ նորարարութեան հարցերով զբաղող նախարարութիւններուն միջեւ` Նաուաֆ Սալամի գլխաւորած կառավարութեան հորիզոնական կառավարման ծիրին մէջ»` հաստատելով «նախարարութեան յանձնառութիւնը հանրային քաղաքականութեան հիմքին մէջ դնելու թափանցիկութեան, մասնակցութեան եւ ներառականութեան սկզբունքները»:

 

 

Leave a Comment