Ըստ «Պի.Պի.Սի.»-ի. Միացեալ Նահանգներ Իրենց Զօրքերուն Մեծ Մասը Կը Հեռացնէ Սուրիայէն

Միացեալ Նահանգներ կը պատրաստուին յառաջիկայ քանի մը ամիսներուն ընթացքին իրենց զօրքերուն մեծ մասը Սուրիայէն հեռացնելու: Այս մասին «Պի.Պի.Սի.»-ին յայտնած է Սպիտակ տունէն բարձրաստիճան ներկայացուցիչ մը:

Ան նշած է, թէ որովհետեւ Սուրիոյ կառավարութիւնը համաձայնած է գլխաւորելու ահաբեկչութեան դէմ պայքարը, այլեւս Միացեալ Նահանգներու «լայնածաւալ» զինուորական ներկայութեան կարիքը չկայ:

Ամերիկեան զօրքերը 2015 թուականէն ի վեր կը գտնուին Սուրիա` ՏԱՀԵՇ ահաբեկչական խմբաւորման դէմ պայքարելու համար:

Այս որոշումը կը տրուի այն պահուն, երբ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփը կը մեծցնէ Միջին Արեւելքի մէջ զինուորական ներկայութիւնը` Իրանի հետ յարաբերութիւններուն մէջ լարուածութեան աճի լոյսին տակ:

Պաշտօնատարը «Պի.Պի.Սի.»-ին նշած է, որ Սուրիայէն շուրջ 1000 զինուորներ դուրս բերելու որոշումը որոշակի պայմաններու վրայ հիմնուած անցումային շրջանի մէկ մասն է, եւ որ Միացեալ Նահանգները նախկինին նման պատրաստ են արձագանգելու շրջանին մէջ որեւէ սպառնալիքի:

Ամերիկացի երեք պաշտօնատարներ «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ»-ին յայտնեցին. «Միացեալ Նահանգներ շուրջ հազար զինուորի հասնող իրենց բոլոր ուժերը կը հեռացնեն Սուրիայէն»:

Օրաթերթը նշեց. «Ամերիկեան ուժերը Սուրիոյ մէջ մնացեալ ամերիկեան դիրքերէն պիտի հեռանան յառաջիկայ երկու ամսուան ընթացքին»:

Սուրիա գտնուող ամերիկեան զօրքերը այս տարի արդէն լքած են երկու ռազմակայաններ, որոնցմէ մէկը Սուրիա-Իրաք-Յորդանան սահմանի եռանկիւնին վրայ գտնուող Թանաֆի ռազմակայանն է:

Leave a Comment