ՀՅԴ Պատուիրակութիւնը Այցելեց Նախկին Վարչապետ Սաատ Հարիրիի

Երէկ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի պատուիրակութիւնը` բաղկացած Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Ալպեր Պալապանեանէ եւ Կեդրոնական կոմիտէի անդամներ` նախկին նախարար Աւետիս Կիտանեանէ ու Կարօ Յարութիւնեանէ, այցելեց նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի:

Հանդիպումին ներկայ էին նաեւ Մուսթաքպալ հոսանքի փոխնախագահ Պահիա Հարիրի եւ Սաատ Հարիրիի խորհրդատու Ղաթթաս Խուրի:

Քննարկուեցան երկրի ընդհանուր կացութիւնն ու վերջին իրադարձութիւնները:

Leave a Comment