Նշմար. Լաւ Ըլլալը Երբեմն Բաւարար Չ՛ըլլար

ԿԱՐՕ Կ.

Անցեալ շաբաթավերջը այդքան ալ լաւ չէր ՀՄԸՄ-ի ընտանիքին համար: Պասքեթպոլի աղջկանց ախոյեանութեան մասնակցող ՀՄԸՄ Անթիլիաս 3 կէտերու տարբերութեամբ պարտութիւն մը կրած էր Ռիատիէն, օր մը ետք տղոց ֆութպոլի խումբը` ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ 3-0 արդիւնքով պարտութիւն կրած էր Թրիփոլիի մէջ, իսկ երկուշաբթի օր տղոց պասքեթպոլի խումբը տարեշրջանի իր 9-րդ պարտութիւնը կրած էր Սանթրալէն:

Անթիլիասի աղջկանց խումբը այդքան ալ վատ մրցում մը չէր կատարած, բայց Ռիատի աւելի լաւ եւ վճռական էր: Ֆութպոլի պարագային, մրցակից Իժթիմահի բարձր մակարդակի ֆութպոլ ցուցաբերած էր եւ դժուար էր մրցակցիլ անոր դէմ:

Տղոց պասքեթպոլի խումբն ալ առաջին 3 մասերուն գրեթէ տիրապետած էր մրցակիցին վրայ, բայց վերջին մասին չկրցաւ դիմանալ… Պատահական բաներ են այս բոլորը: Երբեմն լաւ վիճակի մէջ կրնաս ըլլալ, բայց ատիկա բաւարար չ՛ըլլար: Մրցակիցը կա՛մ աւելի լաւ կրնայ ըլլալ (բան մը պէտք է ընդունինք), կա՛մ ալ աւելի արդիւնաւէտ:

Երբեմն կ՛ունենաս վիրաւոր մարզիկներ, որոնք այդքան ալ չեն ազդեր կարգ մը մրցակիցներու վրայ, բայց շատ անգամ անոնց կարիքը կը զգաս աւելի զօրաւոր մրցակիցներու դէմ:

Պասքեթպոլի աղջկանց խումբին պարագային ցաւալի էր ազգային խումբի անդամ Տանիելլա Ֆայյատի ծունկի ետեւի կապերու վիրաբուժութիւնը («Էյ. Սի. Էլ.»), մինչ տղոց խումբէն տարուան առաջին շրջանին իսկ ամերիկացի Թայլըր Պէյ վիրաւորուած էր, եւ այդ ժամանակաշրջանին ՀՄԸՄ 6 յաղթանակներէ ետք 4 պարտութիւն կրած էր:

Աւելի ուշ, Ահմետ Իպրահիմ ձեռքը կոտրած էր եւ վիրաբուժութեան ենթարկուած, մինչ Կապի Աճէմեան անձնական հարցերով լքած էր խումբը եւ մեկնած Հայաստան: Հակառակ այս բոլորին, տղաքը բաւական պայքարեցան եւ միայն վերջին 5 վայրկեաններուն ետ մնացին եւ կորսնցուցին մրցումը, մանաւանդ երբ Թայլըր Պէյ (5 ֆաուլեր) եւ Զաք Լոֆթըն (վիրաւոր) ներկայ չէին մրցումի վերջին վայրկեաններուն:

Ֆութպոլի պարագային, Պուրճ Համուտ բաւական լաւ ֆութպոլ կը ցուցաբերէ, ուր յստակ է աւստրալիացի  մարզիչին խաղաոճի փոփոխութիւնը: Հակառակ անոր որ վերջին մրցումին մրցակից Իժթիմահին աւելի լաւ էր, բայց պէտք է ըսել, թէ մարզիկներուն ցուցաբերած պայքարի ոգին եւ ներդաշնակ ֆութպոլը վստահ իր արդիւնքը պիտի տայ յաջորդ մրցումներուն:

Տակաւին տարեշրջանը երկար է թէ՛ պասքեթպոլի խումբերուն, թէ՛ ալ ֆութպոլի խումբին համար, եւ համակիրները ներկայ ըլլալով մրցումներուն, աւելի եւս կրնան մարզիկները առաջ մղել իրենց կարողութենէն աւելի արդիւնք տալու: Բարձրացի՛ր, բարձրացո՛ւր:

 

 

Leave a Comment