Քոս. «Եւրոպական Միութիւնը Հայաստանի, Ազրպէյճանի Եւ Թուրքիոյ Հետ Համագործակցութեան Առաջնային Ուղղութիւնները Որոշելու Որոշակի Նախագիծերու Ցանկ Կը Ձեւաւորէ»

Եւրոպական Միութիւնը որոշակի նախագիծերու ցանկ կը ձեւաւորէ Հայաստանի, Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ հետ համագործակցութեան առաջնային ուղղութիւնները որոշելու համար: Այս մասին յայտարարեց Եւրոպական Միութեան ընդլայնման հարցերով յանձնակատար Մարթա Քոս:

Քոսի համաձայն, Պաքուի հետ կը քննարկուի դէպի Նախիջեւան երկաթուղիի կառուցման թեքնիք-տնտեսական հիմնաւորման գործարկումը` միջազգային ֆինանսական հաստատութիւններու հետ միասին ԹՐԻՓՓ նախագիծի ծիրին մէջ:

 

Leave a Comment