Թրամփ. «Իրանի Վարչակարգի Փոփոխութիւնը Կրնայ Լաւագոյն Բանը Ըլլալ»

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարեց. «Իրանի մէջ վարչակարգի փոփոխութիւնը կրնայ լաւագոյն բանը ըլլալ»:

«Իրանի վրայ որեւէ յարձակում պիտի չշղթայազերծենք, եթէ մեզի հետ ճիշդ համաձայնութիւն կնքէ», շեշտեց Սպիտակ տան ղեկավարը:

Միացեալ Նահանգներու նախագահը նախքան այդ յայտնեց, որ ամերիկեան երկրորդ օդանաւակիր մը` «Ճերըլտ Ֆորտ»-ը «մօտ օրէն» Միջին Արեւելք կը մեկնի` «առ ի պատրաստութիւն որեւէ արտակարգ իրավիճակի»:

«Կը կարծեմ, թէ Իրանի հետ բանակցութիւնները պիտի յաջողին, եւ եթէ ատիկա չիրականանայ, անոնց համար վատ օր մը պիտի ըլլայ», ըսաւ ան:

«Իրանի հետ համաձայնութեան չգոյացման պարագային երկրորդ օդանաւակիրի մը պէտք պիտի ունենանք», յայտնեց Թրամփ:

Leave a Comment