Միացեալ Նահանգներ Միջին Արեւելք Կը Տեղափոխեն Մատուրոյի Ձերբակալման Մասնակցած Օդանաւակիրը

Միացեալ Նահանգներ Միջին Արեւելք կը տեղափոխեն Վենեզուելայի նախագահ Նիքոլաս Մատուրոյի ձերբակալման մասնակցած օդանաւակիրը: Այս մասին կը հաղորդէ «Նիւ Եորք Թայմզ» օրաթերթը:

«Ճերըլտ Ֆորտ» օդանաւակիրն ու անոր ընկերակցող նաւերը Արաբական ծոցին մէջ պիտի միանան «Ապրահամ Լինքըն» օդանաւակիրի հարուածային խումբին:

Ըստ ամերիկեան ազդեցիկ օրաթերթին, մարտանաւերը Միջին Արեւելք պիտի մնան առնուազն մինչեւ ապրիլի վերջ կամ մայիսի սկիզբ:

 

Leave a Comment