Ռուբէն Վարդանեան Ընտանիքին Փոխանցած Է Պաքուի Դատարանին Մէջ Իր Վերջին Խօսքի Բովանդակութիւնը

Արցախի նախկին պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեան Պաքուի բանտէն հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած է ընտանիքի անդամներուն հետ` անոնց փոխանցելով 10 փետրուարի նիստին իր վերջին խօսքի բովանդակութիւնը, կը յայտնէ Վարդանեանի Դիմատետրի պաշտօնական էջը:

«10 փետրուարին հանդէս եկայ եզրափակիչ խօսքով` փաստաբանին արգիլելով ներկայացնել պաշտպանական փաստարկներ, որովհետեւ տեղի ունեցողը կը նկատեմ ոչ թէ դատ, այլ դատական խեղկատակութիւն, քանի որ դատական բնական գործընթացի որեւէ կարելիութիւն չէ եղած: Ուստի, հակառակ դատաւորներու դիմադրութեան, փաստաբանը չներկայացուց որեւէ փաստարկ կամ հիմնաւորում: Իսկ ես խօսեցայ շատ կարճ: Չեմ ուզեր կրկնել, հիմնական միտքերուն մասին արդէն խօսած եմ դեկտեմբերին», ըսած է Վարդանեան:

Ռուբէն Վարդանեանի գործով աւելի քան մէկ տարի տեւած դատավարութիւնը կ՛աւարտի: Դատարանը երէկ գացած է խորհրդակցական սենեակ` Վարդանեանի վերաբերեալ դատավճիռ կայացնելու: Ըստ ազրպէյճանական լրատուամիջոցներու, Ռուբէն Վարդանեան 10 փետրուարի նիստին հանդէս եկած է վերջին խօսքով: Ան, ըստ պետական «Ազերթաճ» լրատու գործակալութեան, խօսած է ոչ թէ բուն քրէական գործին մասին, այլ ընդհանրական խօսքով հանդէս եկած է: Յայտնած է, որ ծանօթացած է Ազրպէյճանի քրէական օրէնսգիրքին ու կալանքի տակ գտնուելու աւելի քան երկամեայ ժամանակահատուածին բացայայտած է ազրպէյճանական բանաստեղծութիւնը: Վարդանեանի դատերը լուսաբանող միակ` պետական լրատուական «Ազերթաճ» գործակալութեան համաձայն, «Վարդանեան ռուսերէնով կարդացած է ազրպէյճանցի բանաստեղծներ Մոհամեդ Ֆիզուլիի եւ Հիւսեյն Ճաւիտի բանաստեղծութիւններէն հատուած մը: Անկէ ետք ան աւարտած է իր ելոյթը»:

Ընտանիքին հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին Վարդանեան մէջբերած է դատարանին մէջ ընթերցած բանաստեղծութենէն հատուած մը.

«Կտոր մը անցողիկ հացի համար ծառայ մի՛ ըլլար»: Եւ նոյնիսկ պենզինի գնացքներու համար: Ըսած եմ եւ կը կրկնեմ. պէտք է հասկնանք, որ մեզ խաղաղութեան երկար ճամբայ կը սպասէ, ինչ որ դիւրին չէ: Մենք տակաւին պէտք է անցնինք ներքին մեծ վերածնունդի մէջէն, առաջին հերթին վերականգնենք մենք զմեզ, որովհետեւ, կը կրկնեմ, խաղաղութիւն կրնայ ըլլալ միայն այն ժամանակ, երբ կ՛ըլլան երկու հաւասար դրացիներ: Եթէ մէկը պիտի ստորանայ միւսին առջեւ, ոչինչ պիտի ըլլայ, ոչ մէ խաղաղութիւն պիտի ըլլայ: Յոյս ունիմ, որ մենք սա կը գիտակցինք եւ կը հասկնանք, որ ամէն ինչ կախուած է միմիայն մեզմէ, ինքնավերականգնուելու, մենք զմեզ յարգելու մեր կարողութենէն` չկորսնցնելով այն գիտակցութիւնը, որ մենք իսկապէս պէտք է ապրինք խաղաղութեան մէջ մեր շրջանին մէջ»:

Ազրպէյճանի մէջ ցմահ ազատազրկման սպառնալիքի տակ գտնուող Վարդանեան յայտնած է, որ նախանցեալ օրուան նիստին անդրադարձած է նաեւ Արցախին:

«Երեք անգամ կրկնած եմ այն, զոր ըսելու ժամանակ իմ խօսքս կը փորձէին ընդհատել. Արցախը եղած է, Արցախը կայ եւ  Արցախը պիտի ըլլայ գոյաբանական առումով: Այն, որ Արցախը եղած է, կայ եւ պիտի ըլլայ: Սա իրաւական բնոյթի հարց չէ, այլ այն մասին է, որ պարզապէս կարելի չէ վերցնել եւ ջնջել ոչ ոք: Եւ ես խորապէս համոզուած եմ անով: Ըսած եմ, որ ամէն ինչ պիտի ընեմ, որպէսզի դեռ մեր, դեռ իմ, յոյսով եմ, կեանքի ընթացքին հակամարտութեան երեք կողմերու ղեկավարները միասին ծաղիկներ խոնարհեն ամէն մէկ ազգի ու կրօնի ներկայացուցիչներու շիրիմներուն եւ ներում հայցեն բոլոր մայրերէն իրենց զոհուած զաւակներուն համար: Յոյս ունիմ, որ ատիկա օր մը տեղի կ՛ունենայ, եւ որ տեղի կ՛ունենայ նոյնինքն յարգանքով` բոլորին ու մէկզմէկու նկատմամբ», ըսած է Վարդանեան:

Երբեւէ զինուորական պաշտօն չվարած Ռուբէն Վարդանեանին Պաքուն կը մեղադրէ շարք մը յանցանքներու, որոնց շարքին Ազրպէյճանի դէմ պատերազմ ծրագրելու, նախապատրաստելու եւ իրագործելու, ահաբեկչութեան ֆինանսաւորման եւ մարդիկ տեղահանելու յանցանքներով:

 

Leave a Comment