Այցելելով Հարաւային Լիբանան. Սալամ. «Պետութեան Գերիշխանութիւնը Նաեւ Պատասխանատուութիւն Է Ժողովուրդին Ու Անոր Խնդիրներուն Նկատմամբ»

Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ երէկ հարաւային Լիբանան իր շրջագայութեան երկրորդ օրը սկսաւ սահմանամերձ Քֆարքիլա գիւղէն, ուր նշեց. «Այցելութիւնս հաստատելու համար է, որ պետութիւնը իր բոլոր ծառայութիւններով կը կանգնի աղէտեալ գիւղերու կողքին»:

«Կ՛ուզեմ ծրագիրներ, որոնք կիրարկելի են, եւ աշխատանք պիտի տանիմ վերականգնելու այն ճամբաները, որոնց վերականգնման կարիքը կայ, վերականգնելու հաղորդակցութիւններու, ելեկտրականութեան ու ջուրի ցանցերը: Վերաշինութիւնը կը սկսի ենթակառոյցներէն», աւելցուց ան:

«Կարճ ժամանակ ետք այստեղ պիտի վերադառնամ վստահ ըլլալու համար, որ այս ծրագիրները պէտք եղածին պէս կը գործադրուին», նշեց Սալամ:

Վարչապետը ապա այցելեց Մարժաայունի սերայ, ուր նշեց, որ պետութիւնը իր բոլոր կարելիութիւններով եւ ներուժով պիտի վերադառնայ հարաւ` աւելցնելով, որ վերաշինութիւնը կը սկսի ենթակառոյցներու վերականգնումով:

Ան գնահատեց լիբանանեան բանակը հարաւային Լիբանանի մէջ պետութեան իշխանութիւնը տարածելու դերակատարութեան համար` նշելով, որ Հարաւային Լիբանանի խորհուրդը պետութեան մէկ հիմնական մասն է, եւ յիշեցուց, թէ պետութիւնը երկար ատեն բացակայած է հարաւային Լիբանանէն:

Սալամ նշեց, թէ աշխատանքը պիտի ներառէ ճամբաներու վերականգնումը եւ ելեկտրականութեան ու ջուրի ցանցերու շարք մը ցանցերու ապահովումը` ընդգծելով, որ այդ աշխատանքները ամիսներ պիտի չտեւեն:

Վարչապետը ապա հասաւ Քֆարշուպա, ուր Արքուպի շրջանի մեծաթիւ բնակիչներու կողմէ ընդունելութեան արժանացաւ:

«Քֆարշուպան տոկունութեան հասցէն է, եւ շատ լաւ գիտենք Արքուպի բնակիչներուն երկար տարիներու վրայ յարձակումէն, զրկումէն ու անտեսումէն կրած տառապանքը, անոնք լիբանանեան պետութեան մօտ հաստատ իրաւունքներ ունին: Նաեւ կը գիտակցինք այն մեծ քանդումին, որ շրջանը կրեց, ուստի անոր բնակչութեան տոկալուն աջակցիլը մեր աշխատանքին մէջ հիմնական առաջնահերթութիւն է: Գոյութիւն ունին ուսումնասիրուած ծրագիրներ, որոնք կը հետապնդուին: Անոնց գլխաւորն է Սուք Խան-Շըպաա  ճամբան` նկատի ունենալով շրջանի զաւակներուն համար ունեցած անոր կենսական կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ կոյուղիներու թղթածրարը եւ պետական դպրոցներու վերականգնումն ու վերանորոգութիւնը, ինչ որ մեր զաւակներուն կրթութեան արժանավայել միջավայր կը ստեղծէ», ըսաւ Սալամ:

Վարչապետը նաեւ այցելեց Նապաթիէի քաղաքապետարան, ուր յայտարարեց. «Միջազգային կողմերուն հետ աշխատանք կը տանինք իսրայէլեան թշնամական արարքներու դադրեցման եւ գերիներու վերադարձին համար»:

Վարչապետը հարաւային Լիբանանի մէջ իր շրջագայութեան առաջին օրուան ընթացքին Եարին եւ Թէյր Հարֆա գիւղեր այցելելով շարք մը ծրագիրները յայտարարեց եւ շեշտեց. «Պետութիւնը ներկայ է, որպէսզի մնայ, ոչ թէ` այցելէ ու մեկնի»:

Նշենք, որ վարչապետ Սալամ հարաւային Լիբանան իր շրջագայութեան առաջին փուլին Սուր հասնելէ ետք «Էքս»-ի վրայ գրեց. «Այսօր հարաւային Լիբանան կու գամ յանուն Լիբանանի կառավարութեան` մէկ յստակ բան ըսելու. հարաւային Լիբանանի ժողովուրդի անվտանգութեան, անոնց տուներու, հողերու եւ արժանապատիւ կեանքի իրաւունքը անմասնատելի ազգային իրաւունք է: Իսրայէլի յարձակումները մեր գերիշխանութեան, քաղաքայիններու կեանքի եւ ժողովուրդի անվտանգ ապրելու իրաւունքին վրայ յարձակումներ են: Սակայն այսօր պետութեան այստեղ ներկայութիւնը ուղերձ է այս իրականութեան առջեւ, այս ուղերձը այն է, որ պետութեան իշխանութեան ընդլայնումը ամբողջական չէ միայն բանակի տեղակայումով եւ հողի վերահսկողութեամբ, այլ որ պետութեան գերիշխանութիւնը նաեւ պատասխանատուութիւն է ժողովուրդի եւ անոր խնդիրներուն նկատմամբ: Ատիկա բաց դպրոց է, գործող առողջապահական կեդրոն, ջուր, ելեկտրականութիւն, հաղորդակցութիւն, անցանելի ճամբաներ եւ արժանապատիւ կեանք»:

«Կ՛աշխատինք երեք առանցքներու վրայ. այսօր մեր ուշադրութեան հիմնական  կեդրոնն է տեղահանուածներու արժանապատուութեան պահպանումը, վերադարձողներուն աջակցիլը եւ բոլորին համար աւելի լաւ կեանքի ապահովումը: Մենք նաեւ կ՛աշխատինք երեք համարկուած ուղղութիւններով` շարունակական օգնութիւն, վերակառուցում եւ վերականգնում,  տնտեսական ու ընկերային զարգացման համար պայմաններու ստեղծում:

«Այսօր ես այստեղ եմ` յայտարարելու շարք մը վերակառուցման նախագիծեր, որոնք կարելի դարձած են ֆինանսաւորման հասանելիութեան շնորհիւ` թէ՛ ընդհանուր պիւտճէէն, թէ՛ Համաշխարհային դրամատունէն 250 միլիոն տոլարի արտօնեալ վարկերու, ինչպէս նաեւ Ֆրանսական զարգացման գործակալութենէն 75 միլիոն եւրոյի տրամադրման միջոցով: Աւելի՛ն. Եւրոպական միութենէն, Ֆրանսայէն եւ Դանիայէն ապահովուած է 35 միլիոն եւրոյի դրամաշնորհ` տնտեսական վերականգնման աջակցելու համար, յատուկ ուշադրութիւն դարձնելով գիւղատնտեսութեան եւ գիւղատնտեսական համագործակցութեան ընկերութիւններուն», աւելցուց ան:

«Մօտ օրէն երկրորդ այցելութեամբ մը պիտի վերադառնամ հարաւային Լիբանան` հետեւելու համար այս ծրագիրներու գործադրութեան», եզրափակեց վարչապետ Սալամ:

 

Leave a Comment