«Էն.Պի.Էյ.»-ի փոխանցումները նոր ընթացք առին երէկ, երբ վեթերան Ճէյմս Հարտըն Լոս Անճելըս Քլիփըրզէն միացաւ Քլիվլենտ Քեվելիրզին:
Քեվելիրզի մարզիկ Տարիըս Կարլենտ միացաւ Լոս Անճելըս Քլիփըրզին, «Օլ-Սթար»-ի մարզիկներու փոխարինումներու աղմուկ հանող համաձայնութեամբ:
Հարտըն իր լաւագոյն տարեշրջանը կը բոլորէր այս եղանակին 25,5 կէտ նշանակելով միջին հաշուով առաջին անգամ ըլլալով 2019-2020 տարեշրջանէն ետք, երբ 34,3 կէտ կը նշանակէր:
26 տարեկան Կարլենտ, որ երկրորդ անգամ ըլլալով պիտի մասնակցի «Օլ-Սթար» մրցումին, 23 կէտ կը նշանակէ 6 ռիպաունտի եւ 9 էսիսթի կողքին:
36 տարեկան Հարտընի 6-րդ խումբը պիտի ըլլայ Քլիվլենտը: Ան սկսած էր Օքլահոմայի հետ, ապա անցած էր Հիուսթըն, Պրուքլին, Ֆիլատելֆիա, եւ 2025-էն Քլիփըրզ:
Պոսթըն Սելթիքս ձեռք ձգեց Շիքակօ Պուլզի Նիքոլա Վուչեվիչը Էնֆըրնի Սիմոնզի փոխարէն: 35 տարեկան Վուչեվիչ իր 4-րդ խումբը պիտի ունենայ Պոսթընի հետ, նախապէս ելոյթներ ունենալէ ետք Ֆիլատելֆիայի, Օրլանտոյի եւ Պուլզի հետ:
Մեմֆիս Կրիզլիզի մարզիկ Ճերըն Ճեքսըն լքեց իր խումբը` միանալու համար Եութա Ճեզի: Տարակարծութիւններ կային, որ Ճա Մըրենթ կրնայ խումբը փոխել, բայց ըստ երեւոյթին լուրջ թեկնածուներ չկան առ այժմ զինք փոխարինող, եւ ան կը մնայ Կրիզլիզի հետ: